Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանն ու Պաքուն Զիրար Կը Մեղադրեն Լոնտոնի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Տապալելու Համար

July 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանն ու Պաքուն զիրար կը մեղադրեն բարձրագոյն մակարդակով հայ-ազրպէյճանական հանդիպումը տապալելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Նախ ազրպէյճանական կողմը պնդեց, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպում ունենալու Լոնտոնի առաջարկը:

«Հանդիպումին սկիզբը պէտք էր մասնակցէր Բրիտանիոյ վարչապետը, իսկ յետոյ կը նախատեսուէր շարունակել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպումը: Հայաստանի մերժումը կը նկատենք երկխօսութենէն եւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման մտադրութենէն հեռանալու դրսեւորում», ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:

Շուրջ մէկ ժամ ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց. «Հայկական կողմը առաջարկած է Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի նախագահի երկկողմանի հանդիպում ունենալ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ, սակայն ազրպէյճանական կողմը մերժած է առաջարկը: Հայկական կողմի առաջարկը ուժի մէջ է: Հայկական կողմը նաեւ կը վերահաստատէ իր առաջարկը` աշխուժացնելու բարձր ու բարձրագոյն մակարդակով բանակցութիւնները եւ մէկ ամսուան ընթացքին հասնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման»:

Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը երէկ կը մասնակցէին Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ վեհաժողովին:

Լրագրողներու այն հարցումին, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները ինչպէ՞ս կ՛ընթանան, Փաշինեան չէ պատասխանած, իսկ Ալիեւ բթամատը ցոյց տուած է:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդը Հաստատեց Հայաստանի Հետ Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Շուրջ Բանակցութիւններու Սկսելու Առաջարկը

Յաջորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիոյ Օրակարգին Վրայ «Զանգեզուրի Միջանցք» Չկայ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.