Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Նախագահական Ընտրութիւն.  Ուրբաթ Օր Ընտրութեան Երկրորդ Փուլը` Փեզեշքեանի Եւ Ժալիլիի Միջեւ

Իրանի Նախագահական Ընտրութիւն. Ուրբաթ Օր Ընտրութեան Երկրորդ Փուլը` Փեզեշքեանի Եւ Ժալիլիի Միջեւ

Իրանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Մուհսեմ Սալամի յայտնեց, որ նախագահութեան թեկնածուներ Մասուտ Փեզեշքեանն ու Սայիտ Ժալիլին անցած են ընտրութեան երկրորդ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր` նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք քուէներուն 50+1-ը ապահոված է: Անցեալ շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ընտրութեան մասնակցած է շուրջ 24 միլիոն քուէարկող, այսինքն` մասնակցութեան համեմատութիւնը 40 առ հարիւր էր: Փեզեշքեան...

Ֆրանսայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններու Առաջին Փուլը

Ֆրանսայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Առաջին Փուլը

Ֆրանսայի մէջ երէկ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցաւ: Երկրորդ փուլը 7 յուլիսին պիտի կատարուի: 577 աթոռի համար պայքարող թեկնածուները կրնան ընտրուիլ առաջին փուլին, եթէ ստանան ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը իրենց ընտրատարածքին մէջ, սակայն ատիկա հազուադէպ տեղի կ՛ունենայ: Վարչական շրջաններու մեծ մասին համար պիտի պահանջուի երկրորդ փուլ, որուն մէջ պիտի ներգրաւուին բոլոր թեկնածուները, որոնք ստացած են առնուազն 12,5 տոկոս քուէ առաջին փուլին,...

Ակնարկ.  Դէպի Երկրորդ Փուլ` Իրանական-Թուրանական Տեսքով

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ` Իրանական-Թուրանական Տեսքով

Իրանի նախագահական ընտրութիւնները յայտնապէս կը կայանան երկու փուլով: Թեկնածուներու ցանկի բիւրեղացումը երեք փուլ ունի: Ներկայացող բազմաթիւ թեկնածուներու զտումը կը կատարէ Սահմանադրութիւնը պահպանողներու խորհուրդը: Ապա, մինչեւ առաջին փուլ կը գրանցուի թեկնածուներու յետս կոչում, սակայն առաջին փուլին կը կայանայ ոչ երկբեւեռ ընտրութիւն: Երկրորդ փուլին, բնականաբար բեւեռացած: Այս կարգը բնական ընթացք է նախագահական ընտրութիւններու պարագային տարբեր երկիրներու մէջ եւս: Իրան փաստօրէն ընտրութեան նոյն...

Ուաշինկթըն Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Կարելիութիւն Կը Տեսնէ

Ուաշինկթըն Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Կարելիութիւն Կը Տեսնէ

Միացեալ Նահանգներ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւն կը տեսնեն, Պաքուի մէջ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայըն: Ան Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահի, արտաքին գործոց նախարարի, անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի եւ յատուկ ծրագիրներու խորհրդականի հետ: Ճէյմս Օ՛Պրայըն նշած է, որ եթէ հաշուի առնենք, թէ ինչպէ՛ս վերջին տարիներու իրադարձութիւնները նպաստած են, որ Ազրպէյճանը առանցքային դեր խաղայ...

Զաքի. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ներկայ Մագլցումը Կարելի Չէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել, Առանց Կազայի Մէջ Ամբողջական Զինադադարի Հաստատման»

Զաքի. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ներկայ Մագլցումը Կարելի Չէ Վերահսկողութեան Տակ Առնել, Առանց Կազայի Մէջ Ամբողջական Զինադադարի Հաստատման»

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի յայտնեց. «Այցելութիւնս Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցական բնոյթ, եւ երկու բաժին ունի, առաջինը կը վերաբերի մագլցումին հարաւային Լիբանանի մէջ, ուր Լիբանան կը դիմագրաւէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը վտանգեն անոր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, եթէ հարաւային սահմանին վրայ պատերազմը ընդլայնի»: Ան այս առումով նշեց, թէ Արաբական լիկան...

Աղբիւրներ Ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.»-ին.  Ամերիկան Պատրաստ Է Իր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռացնելու, Եթէ Իսրայէլ-Հըզպալլա Կռիւը Սաստկանայ

Աղբիւրներ Ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.»-ին. Ամերիկան Պատրաստ Է Իր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռացնելու, Եթէ Իսրայէլ-Հըզպալլա Կռիւը Սաստկանայ

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումներու եւ հաւանական ցամաքային յարձակումի մը շղթայազերծման նկատմամբ մեր մտահոգութիւնները կ՛աճին, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարները մտադիր են հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ճնշումներուն Լիբանանի մէջ Հըզպալլան հետապնդել»: «Իսրայէլ կ՛ուզէ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ 16 քիլոմեթր երկայնքով մեկուսիչ տարածք ստեղծել», նշած են աղբիւրները: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր...

Պայտըն-Թրամփ Առաջին Պատկերասփռուած Բանավէճը

Պայտըն-Թրամփ Առաջին Պատկերասփռուած Բանավէճը

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընի եւ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի միջեւ առաջին պատկերասփռուած բանավէճը, որ կազմակերպուած էր «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ: Բանավէճի թէժ քննարկման նիւթերէն էր Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը: Թրամփ քանի մը անգամ կրկնած է, որ եթէ ինք նախագահ ըլլար, Ռուսիան Ուքրանիա չէր ներխուժեր: Ան ըսած է, թէ ԱՖղանիստանէն ամերիկեան բանակի «ամօթալի» դուրսբերումը...

Օ՛Պրայըն. «Մենք Ալիեւի Հետ Շատ Յստակ Ենք. Եկած Է Խաղաղութիւն Հաստատելու Ժամանակը»

Օ՛Պրայըն. «Մենք Ալիեւի Հետ Շատ Յստակ Ենք. Եկած Է Խաղաղութիւն Հաստատելու Ժամանակը»

«Մենք նախագահ Ալիեւի հետ շատ յստակ ենք. ժամանակն է խաղաղութեան», Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայըն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճան իր այցելութեան ընթացքին նախագահ Իլհամ Ալիեւին ի՞նչ պատգամ պիտի փոխանցէ: «Նախագահ Ալիեւի հետ մենք շատ յստակ ենք. եկած է խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը: Եւ ատիկա ոչ միայն Ազրպէյճանի խնդիրն է,...

Պաքուի Հայ Բնակչութեան Ջարդերու 30-րդ  Տարելիցին Առիթով ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայկական  Պատուիրակութեան Յայտարարութիւնը

ԵԽԽՎ-ն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազատ Արձակելու Արցախի Բոլոր Կալանաւորուած Ներկայացուցիչները

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որդեգրած է «Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու կատարման մասին բանաձեւը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան: Ռուբինեան գրած է. «Բանաձեւը բաւական ընդգրկուն է, կը ներկայացնեմ առաւել հետաքրքրական մասերը. «Խորհրդարանական վեհաժողովը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի շարունակական յանձնառութիւնը ժողովրդավարական զարգացման նկատմամբ` ի հեճուկս անվտանգային...

Կալանթ. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմ Չենք Ուզեր,  Սակայն Հըզպալլայի Զինեալ Խմբաւորումներուն  Մեր Սահմանին Վրայ Ներկայութիւնը Չենք Ընդունիր»

Կալանթ. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմ Չենք Ուզեր, Սակայն Հըզպալլայի Զինեալ Խմբաւորումներուն Մեր Սահմանին Վրայ Ներկայութիւնը Չենք Ընդունիր»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ քննարկած է Կազայի մէջ պատերազմի յաջորդ օրուան առաջարկները` նշելով. «Կ՛աշխատինք պատերազմէն ետքի առաջարկին վրայ, որ կը ներառէ պաղեստինցիները, շրջանային գործընկերներն ու Միացեալ Նահանգները»: Կալանթ Ուաշինկթըն իր այցելութեան աւարտին յայտարարեց. «Լիբանանի հետ պատերազմ չենք ուզեր, սակայն Հըզպալլայի զինեալ խմբաւորումներուն մեր սահմանին վրայ ներկայութիւնը չենք կրնար ընդունիլ»: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար...

Պորել. «Պէտք Է Պատերազմին Դէպի Լիբանան  Հաւանական Ընդլայնումը Կասցենել,  Եւ Այդտեղ Կացութիւնը Լարուած Է»

Պորել. «Պէտք Է Պատերազմին Դէպի Լիբանան Հաւանական Ընդլայնումը Կասցենել, Եւ Այդտեղ Կացութիւնը Լարուած Է»

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Պէտք է Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքները արգիլել եւ մագլցումը դադրեցնել»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ծրագիրը չի գործադրուիր, սովի մատնումն ու ռմբակոծումը կը շարունակուին, օժանդակութիւնները Կազա մուտք չեն գործեր», նշեց ան: «Պէտք է պատերազմին դէպի Լիբանան հաւանական ըդնլայնումը կասեցնել, եւ այդտեղ կացութիւնը լարուած է», յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը: Պորել...

Այսօր Նախատեսուած Նախագահական  Ընտրութեան Նախօրեակին.  Պահպանողական Երկու Թեկնածուներ  Յետս Կոչեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Այսօր Նախատեսուած Նախագահական Ընտրութեան Նախօրեակին. Պահպանողական Երկու Թեկնածուներ Յետս Կոչեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Իրանի շուրջ 61 միլիոն քաղաքացիներ այսօր կ՛ուղղուին ընտրական կեդրոններ` ընտրելու համար իրենց երկրին նոր նախագահը, որուն աթոռը 19 մայիսին նախկին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան պատճառով թափուր մնացած էր: Նախագահութեան թեկնածուներէն Ամիր Հուսէյն Քատիզատէ յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ` աջակցելու համար պահպանողական թեկնածուներու ընտրուելու առիթին: Ալի Ռիտա Զաքանի իր կարգին յայտնեց, որ իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ` նշելով, որ...

Ակնարկ.  Ընդգծուող Ողջոյններ Եւ Քաղաքական Ուղերձներ

Ակնարկ. Ընդգծուող Ողջոյններ Եւ Քաղաքական Ուղերձներ

Երեւանի կողմէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը շտապած էր ողջունել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած ողջունագիրը քանի մը բաղադրիչ ունէր: Նախ, ողջունել Երեւանի որոշումը եւ աւելցնել, որ Հայաստանը կը հետեւի Սպանիոյ, Իրլանտայի, Նորվեկիոյ եւ Սլովենիոյ օրինակներուն, որոնք յաջորդաբար  վերջերս ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը: Կը շեշտէ, որ Անգարան միշտ հետամուտ եղած է, որ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչցուի, ինչ որ միջազգային օրէնքին...

«Մեզի Համար Հայաստանի Դիրքը Շատ Կարեւոր Է,  Անիկա Եւրոպայի Եւ Արեւելքի Միջեւ Է»  Կ՛ըսէ Հնդկաստանի Արտաքին Գոծոց Նախարարը

«Մեզի Համար Հայաստանի Դիրքը Շատ Կարեւոր Է, Անիկա Եւրոպայի Եւ Արեւելքի Միջեւ Է» Կ՛ըսէ Հնդկաստանի Արտաքին Գոծոց Նախարարը

Հնդկաստանի համար Հայաստանի դիրքը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա կը գտնուի Եւրոպայի եւ Արեւելքի միջեւ, հետեւաբար երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած են լաւ յարաբերութիւններ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, նման դիրքորոշում յայտնած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար` Եւրասիական գօտիի երկիրներէն Հնդկաստան հասած լրագրողներու խումբի հետ հանդիպումի ժամանակ: «Կան շատ կարելիութիւններ` զարգացնելու փոխշահաւէտ կապերը շարք մը բնագաւառներու մէջ` տնտեսական, մշակութային, քաղաքական եւ այլն:...

ՀՅԴ Արցախի Կառոյցը Ընդլայնուած Կազմով Խորհրդաժողով Կայացուցած Է

ՀՅԴ Արցախի Կառոյցը Ընդլայնուած Կազմով Խորհրդաժողով Կայացուցած Է

22 յունիսին կատարուած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցներու ընդլայնուած կազմով սեմինար-խորհրդաժողովը` նուիրուած Արցախի հետ կապուած ներկայ իրողութիւններուն: Խորհրդաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկած են Լեռնիկ Յովհաննիսեանը (նիւթ` «Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Ազրպէյճանի կողմէ 44-օրեայ պատերազմէն եւ 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք»), Լենա Խաչատրեանը (նիւթ` «Արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը») եւ Տաթեւիկ Աղաջանեանը (նիւթ` «Արցախցիներու բնակարանային ապահովման գործընթացի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ»): Ներկաները հարցեր...

Կարտինալ Փարոլին. «Հանրապետութեան Նախագահը Երկրին Միասնականութիւնը Կը Ներկայացնէ, Եւ Քաղաքական Պատասխանատուները Պէտք Է Նոր Նախագահ Ընտրելու Իրենց Պարտաւորութիւնը Կատարեն»

Կարտինալ Փարոլին. «Հանրապետութեան Նախագահը Երկրին Միասնականութիւնը Կը Ներկայացնէ, Եւ Քաղաքական Պատասխանատուները Պէտք Է Նոր Նախագահ Ընտրելու Իրենց Պարտաւորութիւնը Կատարեն»

Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Կարտինալը Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ նախագահի ընտրութեան տագնապի լուծումը այս նստավայրէն կը սկսի, որովհետեւ քրիստոնեաները անշուշտ պատասխանատուութիւն ունին, սակայն անոնք առանձին իշխանութեան վրայ չեն, եւ ուրիշներ եւս պէտք է իրենց պատասխանատուութեան տէր կանգնին»: «Գոյութիւն ունին ներքին բազմաթիւ խոչընդոտներ,...

Օսթին. «Կը Ձգտինք Դիւանագիտական Համաձայնութեան Մը, Որ Կ՛արգիլէ Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Պատերազմը»

Օսթին. «Կը Ձգտինք Դիւանագիտական Համաձայնութեան Մը, Որ Կ՛արգիլէ Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Պատերազմը»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի հասնելու դիւանագիտական համաձայնութեան մը, որ իսրայէլացի եւ լիբանանցի քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ վերադառնալ սահմանին մօտ գտնուող իրենց տուները: Ան զգուշացուց, որ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմը քանդիչ պիտի ըլլայ, եւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը ջանան հասնիլ դիւանագիտական համաձայնութեան մը, որ արգելք կը հանդիսանայ այդպիսի պատերազմի մը ծագման: Օսթին...

Նշելով, Որ Եւրոպական Միութիւնն Ու ԵԱՏՄ-ն Անհամատեղելի Են.  Օվերչուք. «Արտաշրջանային Դերակատարներու Հայաստան Մուտքը Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

Նշելով, Որ Եւրոպական Միութիւնն Ու ԵԱՏՄ-ն Անհամատեղելի Են. Օվերչուք. «Արտաշրջանային Դերակատարներու Հայաստան Մուտքը Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

Եւրոպական Միութիւնն ու ԵԱՏՄ-ն անհամատեղելի են, եւ արտաշրջանային դերակատարներու Հայաստան մուտքը հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս մասին «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» միջազգային գիտափորձագիտական 10-րդ խորհրդաժողովի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք: Անոր համաձայն, Հայաստանի քաղաքական ուղղուածութիւնը հետզհետէ աւելի դէպի Արեւմուտք կը թեքի: «Այնպիսի կէս-կատակ կայ, որ Նիկոլ Վովայեւիչը հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եւրոպական Միութեան ե՞րբ պիտի անդամակցէր,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Փոթորիկի Մէջ Մնացած Լիբանանեան Նաւը Անմիջական Կարիքը Ունի Նաւապետի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Փոթորիկի Մէջ Մնացած Լիբանանեան Նաւը Անմիջական Կարիքը Ունի Նաւապետի»

Այսպէս արտայայտուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոս 25 յունիս 2024-ին, մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաքին: Մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարք, կարտինալ Փարոլին, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Աուտէ արքեպիսկոպոս. իսկ իսլամներուն կողմէ` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Տըրիան, շէյխ Ապի Մունա եւ շէյխ Ալի Քատուր: Բոլորը...

Բագրատունի. «Չենք Կրնար Երկխօսութեան Հարցով  Նշաձողը Բարձրացնել, Որովհետեւ  Ատոր Գինը Քաղաքացին Կը Վճարէ»

«Չենք Կրնար Երկխօսութեան Հարցով Նշաձողը Բարձրացնել, Որովհետեւ Ատոր Գինը Քաղաքացին Կը Վճարէ» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Հիուար Ալեաում» յայտագիրի հարցազրոյցի հիւրը: Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի Լիբանան այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարտինալ Փարոլինը սովորական հոգեւորական մը չէ, այլ` Վատիկանի ընդհանուր քարտուղարը: «Իբրեւ լիբանանցիներ` քրիստոնեայ թէ իսլամ, բոլորս ալ յարգանք կը տածենք Վատիկանի չափաւորականութեան...

Page 161 of 796 1 … 160 161 162 … 796

Արխիւներ