Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորած է Ապպաս Արաքժին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորած է իր իրանցի գործընկերը «Էքս»-ի վրայ կատարած իր գրառումով:
«Սրտանց կը շնորհաւորեմ, յարգելի՛ սէյիտ Ապպաս Արաքժի` Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին ձեր նշանակման առիթով: Անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ համատեղ աշխատանքին` մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներուն, դրացի երկիրներուն միջեւ ամուր կապերու հետագայ ընդլայնման համար: Յաջողութիւն կը ցանկամ ձեր նոր պաշտօնին մէջ», գրած է Միրզոյեան: