Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Պատասխան-Նամակ Մը Ստացաւ Քանատայի Դեսպանէն

August 21, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ 44 դեսպաններու յղած էր Պաքուի մէջ նոյեմբերին նախատեսուած ՔՈՓ29 խորհրդաժողովին վերաբերեալ նամակ մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի նշեալ 29-րդ խորհրդաժողովը կը գումարուի երկրի մը մէջ, որ վերջերս սովի մատնած, ռմբակոծած, չհրահրուած յարձակում եւ վախի մթնոլորտ տարածելով Արցախի մէջ ցեղային զտում գործած էր տեղւոյն բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ, կը շարունակէ իր բանտերուն մէջ պահել հայ պատանդներ եւ պատերազմական գերիներ, այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի կացութիւն կը տիրէ, կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ կը գտնուի հակադիր կողմի վրայ եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարողներէն մէկն է:

Հայ դատի մարմինը 44 կառավարութիւններուն կոչ ուղղած էր վերատեսութեան ենթարկելու Ազրպէյճանի կողմէ «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորուած եւ անոր արատները թաքցնելու ծառայող այդ կեղծ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը, կամ ալ այդ առիթը օգտագործելու մարդու իրաւունքներու վերոնշեալ հարցերը արծարծելու համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 20 օգոստոսին Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄքՔալըմէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան հաստատեց. «Քանատան կը շարունակէ Հայաստանի յանձնառու գործընկերը մնալ եւ կը զօրակցի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ եւ բանակցուած խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման»:

Կենսոլորտի փոփոխութեան խնդիրի եւ ՔՈՓ խորհրդաժողովներու կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, ան նշեց, թէ կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարի քայլերը կը շարունակեն Քանատայի կառավարութեան համար կարեւոր առաջնահերթութիւն մնալ` յիշեցնելով, որ ՔՈՓ29-ի գումարման վայրին շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած է ՔՈՓ28-ի ընթացքին, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անոր համաձայն գտնուած է:

«Մինչ ՔՈՓ29-ի ընթացքին աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի վրայ, Քանատան պիտի շարունակէ Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի բարի կամեցողութեամբ Հայաստանի հետ գործէ` բանակցուած եւ խաղաղ քաղաքական լուծումի մը ճամբով կարգաւորելու տագնապը` յարգելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ ետ կանգնի ուժի կիրարկումէն», եզրափակելով նշեց Քանատայի դեսպանը:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Յաջորդը

Պրն. Յարութիւն Քիւրքճեան. Հայերէնի Ուսուցիչիս Եւ Ազնիւ Մարդու Յիշատակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.