Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Պայտըն Նեթանիահուին Շեշտեց Համասի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Հրատապութիւնը»

August 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու հրատապութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը:

Սպիտակ տունը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Նախագահը ընդգծած է զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման գործարքը կնքելու հրատապութիւնը եւ քննարկած Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները` վերացնելու համար մնացած բոլոր խոչընդոտները»:

Սպիտակ տունը աւելցուց, որ կողմերը նաեւ քննարկած են «Միացեալ Նահանգներու աշխուժ եւ շարունակական ջանքերը` աջակցելու Իրանէն եկող բոլոր սպառնալիքներէն Իսրայէլի պաշտպանութեան», որ կը ներառէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական զինուորական տեղակայումները:

Այս առումով ամերիկեան բանակը յայտարարեց, թէ «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրն ու անոր ընկերակցող խորտընկէցները հասած են Միջին Արեւելք: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին 11 օգոստոսին հարուածային այս տորմիղին հրամայած էր արագացնել շրջան իր տեղափոխումը:

Այսպիսով, շրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան օդանաւակիրներուն թիւը ժամանակաւորապէս կը բարձրանայ երկուքի: Կը նախատեսուի, որ «Ապրահամ Լինքըն»-ը փոխարինէ «Թէոտոր Ռուզվելթ» օդանաւակիրը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Փաթ Ռայտըր յայտնեց, որ շրջանին մէջ վերջին զինուորական դասաւորումները իր երկիրը կարող դարձուցած են Իսրայէլի պաշտպանութեան իր աջակցութիւնը աւելցնելու, եւ Միացեալ Նահանգներուն համար անսպասելի կացութիւններուն հակադարձելը դիւրացուցած են:

Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ «բոլոր գերիներուն իրենց տուներ վերադարձն ու Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը» երաշխաւորել:

Քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ երէկ գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք իր դիրքորոշումները չփոխեց»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան Միջին Արեւելքի հարցով պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք այս շաբաթ կը հասնի շրջան` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման բանակցութիւնները փրկել փորձելու եւ անոնց Գահիրէի մէջ նախատեսուած շարունակութիւնը երաշխաւորելու համար:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Ամերիկացի պաշտօնատարներուն արտայայտած լաւատեսութեան եւ փակ դռներուն ետին տեղի ունեցողին միջեւ բացեր գոյութիւն ունին»:

Միջնորդ արաբական երկրէ մը պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթին յայտնած է. «Գահիրէի մէջ ժողով գումարելը անօգուտ է, եթէ Ուաշինկթըն Նեթանիահուի վրայ ճնշում չբանեցնէ»:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւնները Համասը ոչ ճշգրիտ կերպով ներկայացուցին իբրեւ գործարքը խոչընդոտող», նշած է արաբ պաշտօնատարը:

Օրաթերթը իր կարգին նշեց. «Պլինքընի յայտարարելը, թէ Նեթանիահու ամերիկեան առաջարկին կը զօրակցի, շփոթ կը յառաջացնէ»:

Ֆիլատելֆիա միջանցքին վերաբերեալ բանակցութիւններուն քաջածանօթ աղբիւրներ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Այնքան ատեն որ Իսրայէլ իր ուժերը միջանցքի երկայնքին տեղակայման վրայ կը պնդէ, համաձայնութիւն պիտի չգոյանայ»` աւելցնելով. «Դռնփակ սենեակներուն մէջ առաջարկուող իսրայէլեան ընտրանքները կը վերաբերին ուժերու կրճատման եւ ոչ թէ անոնց տեղակայման փոփոխութեան»:

Ըստ իսրայէլացի պաշտօնատարներուն, Եգիպտոս Իսրայէլին փոխանցած է հետեւեալ պատգամը. «Միջանցքին մէջ ի՞նչ ապահովելու կը ձգտիք. (Համասի) անդրսահմանեան փապուղիները անկէ հեռու կը ներթափանցեն»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ եգիպտական կողմը զայրացած է Իսրայէլի Ֆիլատելֆիա միջանցքին վերաբերեալ գոյացած փոխհասկացողութիւններէն ետդարձ կատարելէն: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը արձագանգած է լրատուութեան` նշելով. «Ֆիլատելֆիա միջանցքին շուրջ փոխհասկացողութիւններ չկային, ուստի ենթադրեալ փոխհասկացողութիւններէն ետդարձ չկատարեցինք»:

«Արապի Ժատիտ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ կը փորձէ 2005 թուականին Եգիպտոսի հետ իր կնքած «Ֆիլատելֆիայի համաձայնութիւն»-ը չեղեալ յայտարարել, ինչպէս նաեւ բարեփոխումներ կատարած է երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան «Քամփ Տէյվիտ»-ի համաձայնութեան վրայ` Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ իր վերահսկողութիւնը օրինականացնելու նպատակով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն չորեքշաբթի օր Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ քննարկեց զինադադարի հաստատման բանակցութիւններու ներկայ ջանքերը»:

«Պլինքըն շեշտեց, որ բացերու կամրջման առաջարկը բացերը կը լուծէ այնպիսի ձեւով մը, որ համաձայնութեան արագ գործադրութիւնը կ՛արտօնէ», նշեց նախարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ աւելցուց. «Պլինքըն եւ Քաթարի իշխանը յայտնեցին, որ շրջանին մէջ որեւէ կողմ պէտք չէ խաթարէ համաձայնութեան հասնելու ջանքերը»:

Նախորդը

Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտը Կը Հերքէ «Ֆարս»-ի` Ռայիսիի Ուղղաթիռի Կործանման Պատճառներուն Մասին Հրապարակած Տեղեկութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.