Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը Երեւանի կողմէ իր ռազմավարական սխալներու մեղքը Ռուսիոյ վրայ նետելու հերթական օրինակն է: Երեւանի քաղաքականութիւնը այնպիսին է, որ պէտք է մեղաւորներ գտնել: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրի, այսպէս կոչուած, թղթածրարը իր մէջ կը ներառէ նաեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը: Մինչդեռ, Երեւանը իր վրայ պատասխանատուութիւն չէ վերցուցած` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ճամբու ապաշրջափակման հարցը կարգաւորելու համար: Հարցի վերջնական լուծումը չի յաջողիր ինքնին Երեւանի անզիջում դիրքորոշումին պատճառով», աւելցուցած է Զախարովա:
Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանի համար ՀԱՊԿ վերադառնալու եւ լիարժէք համագործակցութեան դռները բաց են:
«Վերջին հաշուով, ՀԱՊԿ-ին եւ Ռուսիոյ` իբրեւ այդ երկրի կայունութեան երաշխաւորներ, այլընտրանք չկայ, եւ ատիկա փորձուած է ոչ թէ տարիներով, այլ դարերով», ըսած է Զախարովա:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի այն յայտարարութեան, թէ ինքնին Հայաստանը սապոթաժի կ՛ենթարկէ Սիւնիքի մարզէն փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման համաձայնութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան յայտարարած էր. «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի երէկուան յայտարարութիւնը ոչ միայն զուտ ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլ նաեւ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Ռուսիոյ կառուցողական ներգրաւուածութիւնը:
«Երբեմնի միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած, 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը ստորագրած, ատոր հիման վրայ շրջանին մէջ խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայած պետութեան արտաքին գործոց նախարարը չի կրնար չտեսնել, որ չկայ այդ յայտարարութեան գոնէ մէկ առանցքային կէտ, որ անդառնալիօրէն խախտուած չըլլայ, հակառակ ատոր տակ Ռուսիոյ ստորագրութեան եւ ատով նախատեսուած հոլովոյթներուն մէջ Ռուսիոյ մասնակցութեան ու պատասխանատուութեան: Կը կարծենք նաեւ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը քաջատեղեակ է, որ հրապարակային փաստաթուղթերէն դուրս` Հայաստանը որեւէ այլ համաձայնութեան մաս չի կազմեր, հետեւաբար չի կրնար զանոնք սապոթաժի ենթարկել»:
Բադալեան նաեւ յայտարարած էր. «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը դրական արձագանգի արժանացած է շարք մը միջազգային գործընկերներու կողմէ, եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք կողմնակալ յայտարարութիւններով սապոթաժի չենթարկելու զայն, ո՛չ ալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը»: