Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Բանակցային Պարանաձգումի Հանգոյցներ

August 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոհա-Գահիրէ գիծին վրայ ընթացող բանակցութիւններու առանցքը հուն փոխած է: Համասի այն յայտարարութիւնը, թէ համաձայնութեան ներառած կէտերու արմատական փոփոխութիւն եղած է եւ թէ կատարուածը յեղաշրջում է, ամբողջ գործընթացը դարձեալ զերօ կէտ վերադարձնելու մասին կը յուշէ:

Պարզացուած ձեւով հետեւեալ բանաձեւն է: 2 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու կողմէ ներկայացուած էր նախագիծ, ուր հիմնական փոխզիջումնային կէտերը մշակուած էին «զինադուլ` բոլոր ռազմագերիներու եւ պատանդներու փոխանակումի դիմաց» սկզբունքով: Վէճերը փուլայինի եւ փաթեթայինի կը վերաբերէին, ժամանակաւորի եւ մնայունի, բայց մանաւանդ իսրայէլեան ուժերու Կազայի բնակուած տարածքներէն հեռանալուն: Համաս նախագիծը դրական նկատած էր:

Յայտնաբար ամբողջ հանգոյցը իսրայէլեան ուժերու մնալուն կամ հեռանալուն կը վերաբերի: Այլապէս, փուլայինի պարագային հետեւեալ կէտերը նշուած էին.

– Վեցշաբաթեայ զինադուլ, որուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերը դուրս կու գան Կազայի բնակուած տարածքներէն:

– Զինադադարը պիտի արտօնէ, որ մարդասիրական մեծածաւալ օգնութիւն հասնի Կազա:

– Իսրայէլացի ռազմագերիներն ու պատանդները ազատ կ՛արձակուին, որմէ ետք զինուորական գործողութիւններու մնայուն զինադադար կը հաստատուի:

Այս կետերուն շուրջ Թել Աւիւի հետեւողական առարկութիւնները պատճառ դարձած էին, որ չկայանայ համաձայնութիւնը:

Տոհայով սկսած եւ Գահիրէով շարունակուող բանակցութիւնները, կանգառներով մօտաւորապէս նոյն կէտերուն շուրջ կը դառնային, երբ հիմնական շեղում արձանագրուեցաւ այս հունէն: Իսրայէլ պարզ դարձուց, որ չ՛ուզեր իր ուժերը հեռացնել. ինչ որ Համասի կողմէ նկատուեցաւ իբրեւ բանակցային գործընթացը հարուածող որոշում:

Բանակցային գործընթացի ներկայ պահու բանաձեւը յայտարարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ. նախնական զինադադար, որ պիտի տեւէ վեց ամիս, որուն ընթացքին կը կատարուի գերիներու փոխանակում եւ ազատ արձակում. ապա բանակցութիւններու մեկնարկ` մնայուն զինադադարի պայմաններուն շուրջ:

Այստեղ փաստօրէն շրջանցուած է հանգոյցը. չի խօսուիր իսրայէլեան ուժերու մնալուն կամ հեռանալուն մասին: Փաստօրէն սակայն, վերամշակուած փաստաթուղթը  չի պահանջեր իսրայէլեան ուժերու  հեռացումը, ինչ որ բանակցային յեղաշրջում կ՛որակէ Համասը:

Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը նոր յայտնութիւն կատարած է փրկելու համար բանակցութիւնները: Ներառուած է հիմա այնպիսի կէտ, որ առաձգականութիւն կը փորձէ ապահովել: Իսրայէլեան ուժերու ժամանակաւոր կեցութեան մասին է խօսքը: Կ՛ենթադրուի ժամկէտի ճշդում` իսրայէլեան ուժերու հեռացման համար:

Կ՛արծարծուին այլ նրբերանգային կէտեր եւս: Միջանցքներէն եւ յատկապէս Ֆիլատելֆիայի միջանցքէն մասամբ հեռանալու յանձնառութիւնը, ինչ որ սակայն կը հանդիպի Թել Աւիւի, աւելի ճիշդ Նեթանիահուի ուղիղ մերժումին:

Համասի արձագանգը չկայ տակաւին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը սակայն իբրեւ հրամայական յայտարարած է, որ զինադուլի համաձայնութիւնը քանի մը օրէն պէտք է կնքուի:

Եթէ հաստատ են իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հրապարակած նիւթերը առ այն, որ Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, որ հակառակ հսկայական ճնշումներուն, իր ուժերը բացարձակապէս պիտի չհեռանան Ֆիլատելֆիա եւ Նեցարիմ ճակատներէն, ապա այդ պարագային բանակցային գործընթացի փակուղիի մասին կը յուշեն:

Այստեղ սակայն կրնայ բանակցելու նոր դուռ բացուիլ: Եթէ միայն երկու ճակատ կը յիշուի եւ անոնց բացարձակութիւնը կը շեշտուի, ապա այլ ճակատներ կամ այլ տեղակայման վայրեր կրնան բանակցելի ըլլալ:

Վէճերը յայտնապէս կեդրոնացած են իսրայէլեան ուժերու որոշ ճակատներէ հեռանալուն կամ մնալուն եւ անոնց ժամկէտներու ճշդումին կամ անժամկէտ ձգելուն:

Տուեալները այնպէս են, որ բանակցային պարանաձգային գոյավիճակ մը (սթաթիւս քօ) կը ձեւաւորուի, անվերջ թարմացուող եւ լրամշակուող նախագիծերով: Չի բացառուիր, որ այս պարանաձգումը, նոյնիսկ ժամանակաւոր հրադադարի համաձայնութեամբ, երկարի մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններ:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններուն Միասնական Կոչը

Յաջորդը

Սեւրը` Հայ Ժողովուրդի Յաղթանակած Փաստաթուղթը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.