Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Համաձայնագիրը Պէտք Է Յառաջիկայ Օրերուն Կնքուի»

Օգոստոս 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն աւարտեց միջինարեւելեան իր շրջապտոյտը, որուն նպատակը Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնագիրի կնքումն էր, սակայն ան շրջանէն հեռացաւ առանց Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ համաձայնութեան գոյացման:

Պլինքըն իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի վերջին փուլին` Քաթարի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնագիրը պէտք է կնքուի յառաջիկայ օրերուն, եւ «մենք կարելի ամէն բան պիտի ընենք, որ վերջնագիծին հասնինք»:

«Ամէն օր, որ կ՛անցնի, իրեն հետ կը մեծնայ գերիներուն ենթարկուած վտանգը եւ կը մեծնայ առանց օժանդակութիւններու կամ դեղորայքի մնացած Կազայի բնակչութեան տառապանքը», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք Քաթարի եւ Եգիպտոսի հետ միասնակամ ենք, եւ տարբեր ուղիներով աշխատանք կը տանինք, որպէսզի Կազայի մէջ մագլցում չըլլայ»:

«Մենք կողմերուն հետ միասնակամ ենք հասնելու այս գործարքին, եւ Եգիպտոսն ու Քաթարը Համասի հետ ուղղակի կապի մէջ են` ջանալով վաւերացնել գործարքը», յայտնեց Պլինքըն:

«Աշխարհը եւս կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ապահովութեան խորհուրդի ծրագիրին, եւ կը ջանանք բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը ապահովել ու մանրամասնութիւններուն վրայ կ՛աշխատինք»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գործարքին համաձայնութիւնը լսեցինք, եւ կը մաղթենք, որ Համասը իր կարգին անոր համաձայնի», ըսաւ ան:

Զինադադարի համաձայնագիրի ծիրին մէջ Կազայէն իսրայէլեան բանակի դուրսբերման մասին հարցումին պատասխանելով ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Միացեալ Նահանգները չեն ընդունիր Իսրայէլի կողմէ Կազայի որեւէ երկարաժամկէտ բռնագրաւում: Աւելի ճիշդ, համաձայնագիրը շատ յստակ է Կազայէն (իսրայէլեան բանակի) հեռացման ժամանակացոյցի եւ վայրերու վերաբերեալ, եւ Իսրայէլը անոնց համաձայնած է»:

Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն հաստատած է, որ համաձայն է գործարքի պայմաններուն: «Կազայի շուրջ համաձայնութիւնը ի նպաստ Իսրայէլի եւ առնչակից բոլոր կողմերուն պիտի ըլլայ», աւելցուց Պլինքըն:

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած է. «Պայտընի քննարկուած ծրագիրը կը ներառէ զինադադարի համաձայնագիրի գործադրման ձեւը»:

Պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ  «ամերիկեան ծրագիրը համահունչ է յուլիսի վերջաւորութեան Նեթանիահուի աւելցուցած պահանջներուն», որոնք Համասը կը մերժէ` աւելցնելով, որ ամերիկեան ծրագիրը Եգիպտոսի հետ Կազայի սահմանին երկայնքին տեղակայուած իսրայէլեան ուժերու այդտեղ մնալը կը ներառէ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Նեթանիահուի Կազայի վերաբերեալ (պատերազմը շարունակելու վրայ պնդող) կարծր յայտարարութիւնները շինիչ չեն»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին ամերիկացի պաշտօնատար մը մէջբերելով հաղորդեց, որ ճիշդ չեն այն լուրերը, թէ Պլինքըն Նեթանիահուի հետ հանդիպումի ընթացքին համոզուած է իսրայէլեան ուժերու Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ մնալու Իսրայէլի պահանջով` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն, որ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները այս շաբաթ շարունակուին»:

«Եթէ Համաս բացերու կամրջման առաջարկին համաձայնի, կը նախատեսենք որեւէ համաձայնութեան գործադրման մանրամասնութիւններուն շուրջ յաւելեալ բանակցութիւներ վարել», նշած է պաշտօնատարը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց. «Մենք պիտի հետաքննենք 6 գերիներու մահուան պատճառները: Անոնց դիակները այսօր գտնուեցան Կազայի մէջ»:

«Մենք ամբողջ օրը կ՛աշխատինք Կազայի մէջ գերիներու ազատագրման նպատակով նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու համար», ըսաւ Հակարի` աւելցնելով. «Կազայի մէջ գտնուող գերիները զինուորական գործողութիւններով չենք կրնար տուն դարձնել»:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Ընթացող բանակցութիւններուն եւ անոնց ընթացքին նկատմամբ լաւատես չեմ, եւ պատերազմը բացառուած չէ, սակայն զայն անհաւանական կը նկատեմ»:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Տը Նիու Ռիփապլիք» պարբերաթերթը գրեց. «Հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ (նախագահի) իր պաշտօնին վրայ կրնայ չըլլալ, սակայն Կազայի վրայ Իսրայէլի պատերազմին մասին կը խօսի իշխանութեան տէրերու հետ, սակայն ոչ թէ ցեղասպանութեան վերջ տալու փորձով մը, այլ կ՛ըսուի, թէ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսած է խուսափելու զինադադարի համաձայնութենէ մը, մեկնելով այն մտավախութենէն, որ ատիկա կատարելը կրնայ փոխնախագահ Քամալա Հարիսին օգնել նոյեմբերին (նախագահական ընտրութեան մէջ, «Ա.») յաղթանակ արձանագրելու»:

Պարբերաթերթը մէջբերած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանէն Ճուտի Ուտրոֆի խօսքը. «Թրամ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Իսրայէլի վարչապետը յորդորեց հիմա գործարք չկնքելու, որովհետեւ կը կարծէ, թէ ատիկա կրնայ օգնել Հարիսի ընտրարշաւին»:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Հակահարուած Հասցնելու Ժամկէտին Մասին Իրանեան Կեցուածքներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?