Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաց. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Կազայի Եւ Այսրյորդանանի Մէջ Իրանեան Ռազմակայանի Գոյութիւն Պիտի Նշանակէ»

Օգոստոս 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց. «Իրանն ու Համաս շարժումը Պաղեստինեան դատը առին իրենց վերահսկողութեան տակ»:

«Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը կը նշանակէ Կազայի, Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ իրանեան ռազմակայանի գոյութիւն, ճիշդ ինչպէս Լիբանանի, Եմէնի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ է, ինչ որ կը սպառնայ Իսրայէլի մէջ բնակուած կեդրոններուն, օդանաւերու թռիչքներու ուղիներուն, ապրանքներու ուղարկման ճամբաներուն եւ տնտեսական կեդրոններուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Չենք կրնար արտօնել, որ ատիկա տեղի ունենայ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «(Իսրայէլի) Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր անպատասխանատու է եւ անվտանգութեան վտանգ կը ներկայացնէ, մինչ Շապաքի ղեկավար Ռոնին Պարը իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ»:

Իսրայէլի ներքին ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի ղեկավարը զգուշացուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ու պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը Այսրյորդանանի մէջ «հրէական ահաբեկչութեան» երեւոյթի տարածումէն, ինչ որ Պեն Ղաֆիրը մղած է զայրացած նախարարաց խորհուրդի նիստէն հեռանալու:

Պեն Ղաֆիր երէկ Կալանթին պատասխանելով ըսաւ. «Դուք խոստացաք Լիբանանը քարէ դարաշրջան վերադարձնել, սակայն (Իսրայէլի) հիւսիսը կը վերադարձնէք քարէ դարաշրջան»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց. «Կազայի մէջ Համասի մօտ գտնուող գերիներու ազատագրման գործարքին վերաբերեալ անորոշութեան եւ հիւսիսի մէջ մագլցումի շարունակման լոյսին տակ այս շաբաթ իսրայէլեան ընդդիմութեան եւ իշխող համախմբումին միջեւ բացը երկու աթոռի նուազեցաւ»:

«Մաարիւ» կը նշէ, թէ հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ նախկին նախարար Պենի Կանցի ղեկավարած  Ազգային ճամբար կուսակցութիւնը կը շարունակէ ժողովրդականութիւնը կորսնցնել:

Հարցախոյզի արդիւնքին համաձայն, եթէ այսօր ընտրութիւններ ըլլային Լիքուտ կուսակցութիւնը պիտի ապահովէր 22 աթոռ, Ազգային ճամբարը` 20 աթոռ, Եիշ Աթիտը` 15, Իսրայէլը մեր տունն էն` 14 առ հարիւր, Ղոցիմա Եհուտիթը` 10, Շասը` 9, Դեմոկրատականները` 9, Միացեալ Թորայի հրէականութիւնը` 7, Հատաշ Թաալը` 5, Ռաամը` 5 եւ Կրօնական սիոնականութիւնը` 4:

Այն հարցումին, թէ ո՞վ Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնը վարելու աւելի յարմար է Նեթանիահո՞ւն, թէ՞ Կանցը, հարցախոյզի մասնակիցներուն 41 առ հարիւրը պատասխանած է, Նեթանիահուն, իսկ 40 առ հարիւրը` Կանցը, իսկ 19 առ հարիւրը նշած է, թէ չի գիտեր:

Նախորդը

Հարիս Կը Խոստանայ Բոլոր Ամերիկացիներուն Նախագահը Ըլլալ

Յաջորդը

Սպիտակ Տուն. «Գահիրէի Նախնական Ցուցանիշներով Շինիչ Եղող Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?