«Սպասումը եւ ձեւակերպումը, թէ պատերազմը պէտք է սկսի, տեղին չէ, որովհետեւ իրականութեան մէջ այդ պատերազմը արդէն սկսած է, կ՛ընթանայ չափուած, սահմանները ճշդուած պատերազմ», հայրենի «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Պատասխանելով անվտանգութեան միտումներու մասին հարցումին` Լիբանանի շուրջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մայր գաղութներէն լիբանանահայ համայնքին շուրջ յատկապէս, Բագրատունի ընդգծեց, որ երկրին եւ համայնքին մէջ սպասողական վիճակ է, կարեւոր կը նկատէ, որ Տոհայի եւ Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւնները որոշ չափով հանդարտեցման նախանշաններով են, սակայն տակաւին ոչինչ հաստատ է:
«Լիբանանի ներքին քաղաքական որոշ շրջանակները արտաքին աշխարհի հետ ունեցած իրենց դաշինքներուն կամ բարեկամութեան պատճառով վերապահ են Հըզպալլայի դիմադրութեան ձեւի հարցին մէջ: Լիբանանը, այո՛, դժուար կացութեան մէջ է, որուն ազդեցութիւնը կը կրէ նաեւ Լիբանանի հայութիւնը», կը նշէ Բագրատունին:
«Արցախի հարցը այսօր ի՞նչ տեղ ունի լիբանանահայութեան քաղաքական օրակարգի վրայ» հարցումին պատասխանելով Բագրատունի ընդգծեց. «Ամբոխահաճոյ յայտարարութիւններ չեմ ուզեր ընել, այլ իրատես եւ ապագայով մտահոգ մարդու պատասխանատու յայտարարութիւն: Այո՛, դժբախտաբար, Արցախը այսօր յանձնուեցաւ, կորսնցուցինք, եւ ատոր հետեւանքը հիասթափութիւնն է արցախահայութեան համար, Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի մէջ, սակայն մենք` իբրեւ ժողովուրդ, չենք կրնար հիասթափութեան մէջ ապրիլ, պարզապէս մոռնալ, ենթարկուիլ:
«Մեզի համար դատը կը մնայ դատ: Այնպէս ինչպէս Ցեղասպանութենէն ետք մեզի համար Հայ դատի հետապնդումը հիմնական նշանակութիւն ունեցաւ, եւ պատահեցաւ այն, որ Արցախը իր անկախութիւնը հռչակեց, Հայաստանը անկախացաւ, հետեւաբար նաեւ անցեալի այս դասը պէտք է ցոյց տայ, թէ այսօր պէտք է զէնքը վա՞ր դնենք, թէ՞ շարունակենք պայքարը:
«Արցախը լիբանանահայութեան համար հիմնական, կեանքի խնդիր է, ինչպէս Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ Հայաստանի թրքացման դէմ ամէն տեսակի քայլ: Մենք հսկայական ընելիք ունինք` արցախահայութեան, Հայաստանի եւ սփիւռքի եռամիասնութեամբ»:
Բագրատունիի համաձայն, յանուն խաղաղութեան ամէն ինչ զիջելու Հայաստանի գործող իշխանութեան քաղաքականութիւնը կը հերքուի աշխարհի օրինակներով, որոնցմէ մէկն ալ Պաղեստինն է, Արաֆաթի յայտնի համաձայնագիրը:
«Ո՞ր թուրքին կրնանք վստահիլ` այսօրուան յոխորտացող Էրտողանի՞ն, թէ՞ Իլհամ Ալիեւին: Այդպէս խաբե՞լ ժողովուրդը, այո՛, տնտեսական շահով կրնաս խաբել, սակայն յանուն տնտեսութեան եւ, այսպէս կոչուած, երազային բարօրութեան, հայրենիքը չես կրնար վաճառել: Այո՛, մենք ալ, թերեւս, եթէ ընդունէինք 1915-ին թրքանալ, մեր ամէն ինչը տալ, թերեւս Ցեղասպանութիւնը չէր ըլլար: Ատիկա ալ վաղը թերեւս յանցանք նկատուի: Մեր պապերը իրենց հողերը կորսնցուցին, ջարդուեցան, որ հայ մնան, որ Հայոց պատմութիւն սորվին, ոչ թէ Հայաստանի պատմութիւն»:
«Խնդիրը զիջումները չեն, բանակցային հոլովոյթներուն մէջ զիջումը կարեւոր է, խնդիրը այն է, որ բանակցութիւններու պէտք չէ երթալ զիջելու համար, բանակցութիւններու պէտք է երթալ հաւասարի իրաւունքով` այնպէս, ինչպէս ասկէ առաջ կատարուած է», նշեց Բագրատունի` աւելցնելով. «Փաստօրէն, այսօր տակաւին չենք գիտեր ինչ գաղտնի համաձայնութիւններ կամ խոստումներ կան, որոնք մեր ժողովուրդին առջեւ պէտք է դրուին»: