Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շարունակէ ՔՈՓ29-ի Հարցով Իր Արշաւը

August 23, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը, շարունակելով կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի Պաքուի մէջ գումարման հարցով իր արշաւը, նամակներ յղեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Բնութեան պահպանման կեդրոնին, նոյն համալսարանի Հանրային քաղաքականութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու «Իսամ Ֆարես» հիմնարկին եւ Արաբական բարեփոխման նախաձեռնութեան:

Հայ դատի մարմինը իր նամակներուն մէջ նշեց, որ ՔՈՓ29-ը կը գումարուի սովի մատնելով, ռմբակոծելով, չհրահրուած յարձակում գործելով ու վախի մթնոլորտ տարածելով Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ ցեղային զտում գործած Ազրպէյճանի մէջ, որ կը շարունակէ իր բանտերուն մէջ պահել հայ պատանդներ ու պատերազմական գերիներ եւ իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ահաւոր կացութիւնը պահպանել, կը գտնուի կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ հակադիր կողմի վրայ եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարող պետութիւններէն մէկն է:

Հայ դատի մարմինը նշեալ կեդրոններուն կոչ ուղղեց` մեկնելով վերոնշեալներէն, վերատեսութեան ենթարկելու, ՔՈՓ29-ին իրենց մասնակցութիւնը կամ ալ այդ առիթը օգտագործելու մարդու իրաւունքներու այդ խնդիրները արծարծելու:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նոյնպիսի նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակի անձնակազմի ղեկավար եւ ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի աւագ քաղաքական խորհրդական Նիրաժ Սինկի:

Հայ դատի մարմինը ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց` ՔՈՓ29-ի խորհրդաժողովի ընթացքին արծարծելու արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքի իրագործման, Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ պատանդներու եւ պատերազմական գերիներու ազատ արձակման ու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերը:

Նախորդը

Պեն Ղաֆիր Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Կը Հաստատեն, Որ Հայաստան «Հիւլէական Համաձայնագիր»-ին Միանալու Դիմում Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.