Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարիժանի. «Դիմադրութեան Եւ Լիբանանի Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Կը Զօրակցինք»

November 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի երէկ այցելեց Պէյրութ:

Լարիժանի Այն Թինէի մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Կը հաստատենք, որ Լիբանանի, անոր կառավարութեան, բանակին եւ Դիմադրութեան, կողքին կը կանգնինք ընդդէմ ոճրագործ, գոյացութեան յարձակումին»:

Երկու կողմերը քննարկեցին «զինադադարի հարցը եւ լիբանանցի տեղահանուածներու դիմացկունութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր»:

Լարիժանի հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Իրան բոլոր պայմաններուն մէջ կը կանգնի Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին կողքին»:

«Կը յուսամ, որ Լիբանանի ժողովուրդի զաւակ տեղահանուածները կարենան իրենց վայրերը վերադառնալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս այցելութեան ընթացքին լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցած է Լիբանանի դիմագրաւած խնդիրներուն լուծման շուրջ:

«Դիմադրութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած որեւէ որոշումի համաձայն ենք եւ անոր կը զօրակցինք», նշեց Լարիժանի` աւելցնելով. «Չենք ձգտիր ականահարել որեւէ քայլ, այլ կ՛ուզենք Լիբանանի մէջ կացութեան լուծում տեսնել»:

«Հըզպալլան տոկուն ու իմաստուն հոսանք է, եւ բոլոր պայմաններուն մէջ դիմադրութեան պիտի աջակցինք», ըսաւ ան:

Պատասխանելով զինադադարի հաստատման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը` Լարիժանի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «իրեն հետ զրոյցիս ընթացքին ինծի լաւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդականը նախքան այդ վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ներկայ էր Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Մոհամետ Ռիտա Շիպանին եւ Միքաթիի խորհրդականներ` նախկին նախարար Նիքոլա Նահհասը, դեսպան Պութրոս Ասաքերն ու Զիատ Միքաթին:

 

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Լիբանանի Մէջ Կարգաւորման Համաձայնութիւնը Իր Երդման Արարողութենէն Առաջ Կը Գործադրուի

Յաջորդը

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.