Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Գիշերուան Կողքին Ցերեկով Եւս Յարձակումներ Կը Գործէ Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

November 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլան շարունակեց հրթիռակոծել իսրայէլեան հողերն ու անոր ուժերու հաւաքման վայրերը:

Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան ժամը 5:00-ին հրթիռակոծեցին Մարուն Ռաս գիւղի արեւելքը հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:

Կուսակցութիւնը երէկ հրթիռակոծեց նաեւ Սահսահ ու Քաֆար Ֆրատիմ բնակեցման վայրերը եւ Թել Աւիւի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Թել Նով» օդուժի ռազմակայանը:

Հըզպալլան երէկ հարաւային Լիբանանի կեդրոնական շրջանին վերեւ թռիչք կատարող «Հերմես 900» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը վրայ հակաօդային հրթիռ արձակելով ստիպեց հեռանալ լիբանանեան օդային տարածքէն:

Հինգ վայրկեան ետք, Հըզպալլայի մարտիկները նոյն շրջանին վերեւ թռիչք կատարող «Հերմես 450» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը վրայ հակաօդային հրթիռ արձակելով ստիպեցին հեռանալ լիբանանեան օդային տարածքէն:

Հըզլպալլա երէկ նաեւ յայտարարեց. «Առաջին անգամ ըլլալով` տեսակարար Քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեցինք Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին վրայ»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ շէնք մը փուլ եկած է իսրայէլացի զինուորներու վրայ: Սպաննուած են իսրայէլացի 7 զինուորներ:

Իսրայէլեան օդուժը շարունակեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի գիւղերուն վրայ իր յարձակումները:

Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու տարբեր շրջաններու վրայ, իսկ երէկ կէսօրէ առաջ այդ շրջաններուն դէմ շղթայազերծեց նոր յարձակումներ, որոնցմէ մէկուն թիրախը հանրախանութ մըն էր:

 

Նախորդը

Ապտելաթի. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Բացարձակ Առաջնահերթութիւն Է»

Յաջորդը

Խմբագրական. Չարձակուած Նետը (Գերիներու Ազատ Արձակման Յայտարարութեան Մերժումին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.