Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Նետերլանտներու հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքները չափազանց ցաւալի են: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորել:
«Այս անընդունելի յայտարարութիւնները կրնան խաթարել կենսոլորտի փոփոխութեան խորհրդաժողովի կարեւոր նպատակները եւ Ազրպէյճանի ՔՈՓ29-ի նախագահութեան վստահելիութիւնը: Մենք կ՛աջակցինք Ֆրանսային եւ Նետերլանտներուն:
«Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ երկիրները կենսոլորտի համաշխարհային ֆինանսաւորման մեծագոյն ներդրողներն են` աջակցելով գործընկերներուն ամբողջ աշխարհի վրայ կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ:
«Մենք նաեւ կը դատապարտենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններու յարձակումները լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու վրայ, որոնք կը բախին երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ճգնաժամային կացութեան», գրած է ան:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՔՈՓ29-ի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Կենսոլորտային փոփոխութեան հարցերով փոքր կղզիներու վրայ գտնուող զարգացող պետութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին ժամանակ Ֆրանսան մեղադրած է անդրծովեան տարածքներու մէջ կենսոլորտային համակարգերուն վնաս հասցնելու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար:


