Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 71-րդ Առցանց Լսարան. «Արցախեան Բանակցութիւններուն Կը Բացակայէր Խթանելու-Պատժելու Միջազգային Գործիքակազմը». Դոկտ. Հրայր Պալեան

November 15, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 71-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2024-ին, Պէյրութի ժամով` 18:00-ին: Դասախօսեց հակամարտութիւններու կարգաւորման մասնագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն դոկտ. Հրայր Պալեան: Նիւթ` «Արցախեան բանակցութիւննեուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Հրայր Պալեան նիւթը ներկայացուց բաժիններու դասակարգումով` հակամարտութեան դերակատարները, բանակցային հոլովոյթի իւրաքանչիւր փուլը, ներկայացուած նախագիծները, միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափն ու անդամ միջնորդ երկիրներու նախաձեռնութիւնները, բանակցութիւններու երկկողմ ձեւաչափի անցումը, արցախեան 2020 պատերազմի նախաշեմին Երեւանի դիրքորոշումները:

Ան յատուկ կէտերով եւ անոնց առընթեր որոշ պարզաբանումներով ներկայացուց այն հիմնական պատճառները, որոնք ձախողցուցին բանակցութիւնները: Այս շրջածիրին մէջ դասախօսը շեշտեց միջազգային ընտանիքի կողմէ խթանելու-պատժելու գործիքակազմի բացակայութիւնը, ինչ որ չնպաստեց բանակցութիւններուն արդիւնաւորման:

Այս բոլոր հանգամանքներու փաստահաւաք աշխատանքի համար դասախօսը զրոյցներ ունեցած է արցախեան բանակցութիւններուն մասնակցած հայրենի պետական զանազան դէմքերու հետ: Այս նիւթերուն մասին դոկտ. Պալեան ծրագրած է հրատարակել հատոր մը:

Աւարտին Հ. Պալեան խօսեցաւ նոր բանակցութիւններու ձեռնարկելու հրամայականին մասին` մեկնելով այսօրուան աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ճիշդ դիտարկելու եւ ընկալելու ելակէտէն:

Մասնակից 35 լսարանականները խոր գոհունակութիւն յայտնեցին տուեալներու վրայ ամբողջ հոլովոյթի մը շահեկան ներկայացման առիթով եւ իրենց հարցումներով, տեսակէտներով եւ առաջարկներով իր լրումին հասցուցին «Ազդակ»-ի 71-րդ առցանց լսարանը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Նոյեմբեր 2024)

Յաջորդը

Մրցանիշ. Նեփալցի Պատանի Մը Կը Յաղթահարէ Աշխարհի Բոլոր 14 Ամէնէն Բարձր Գագաթները

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.