Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարիժանի Ասատին Եւ Պըրրիին Նամակ Մը Փոխանցած Է

November 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի փոխանցած է նամակ մը, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի ձգէ անոր պարունակութեան պատասխանելը:

Լարիժանի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ նամակը, որ փոխանցած է «ուղղակի կերպով յեղափոխութեան եւ հանրապետութեան ղեկավարին կողմէ է», եւ անոր նպատակը «Դիմադրութեան ու լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդներուն աջակցութիւն տրամադրելն է»:

Ինչ կը վերաբերի Պըրրիի Լիբանանի վրայ յարձակումի դադրեցման վերաբերեալ ստացած ամերիկեան նախագիծին, Լարիժանի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի զօրակցի Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած որեւէ որոշումի` նշելով, որ նախագիծը «կրնայ, իր կարգ մը կէտերուն մէջ, ապագային լուծումի յանգեցնել, եթէ Ուաշինկթըն եւ անոր կողքին Իսրայէլը զայն չխանգարեն»:

Ան աւելցուց. «Հըզպալլան ողջախոհ ու տրամաբանող կուսակցութիւն է, անիկա բազմաթիւ իմաստուն եւ քաղաքականապէս հասուն ղեկավարներ ունի, եւ մենք կը վստահինք անոնց եւ անոնց որոշումներուն»:

«Դիմադրութիւնը հասուն է, հասուն մտածողութիւն ունի եւ կարիքը չունի որեւէ տեղէ խրատի, այլ ինքը խրատ կը ներկայացնէ», նշեց ան:

Անոր կարծիքով, իսրայէլեան քաղաքական ու զինուորական յայտարարութիւնները «քարոզչական տարրեր ունին», եւ շեշտեց. «Մեզի համար Դիմադրութեան ղեկավարներու զգօնութիւնը ամբողջական վստահութեան արժանի է», եւ «Դիմադրութեան հարաւային Լիբանանի մէջ մղած ճակատամարտները մեզի ցոյց կու տան սիոնականներուն ձախողութիւնն ու անխոհեմութիւնը»:

Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութեան, թէ «նոր Միջին Արեւելքի կառուցման» կը ձգտի, իրանցի պաշտօնատարը ըսաւ. «Նեթանիահուն կ՛երազէ փոխել Միջին Արեւելքը, սակայն ի՞նչ ուժով այդ երազը պիտի իրականացնէ, եւ ինչ որ ունի Ամերիկայէն է, եւ մինչեւ հիմա ի՞նչ շահեցաւ»:

«Միջին Արեւելքի վերակառուցումը, ինչպէս կ՛ըսեն, ասոր կամ անոր ձեռքը չէ, այլ մարտի դաշտին մէջ դիմադրողներուն ձեռքն է», ընդգծեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդականը:

Խօսելով իսրայէլեան վերջին յարձակումին Թեհրանի հակադարձութեան մասին` Լարիժանի նշեց. «Ներկայ պայմանները նախկինէն փոխուեցան, որովհետեւ բռնագրաւումին 200 հրթիռներով հրթիռակոծեցինք, սակայն հիմա հարցը տարբեր է»:

 

Նախորդը

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Բողոքէ Իր Իսրայէլացի Պաշտօնակիցին

Յաջորդը

«Խաղաղապահ Զինուորներու Վրայ Որեւէ Յարձակում Միջազգային Օրէնքներու Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բացայայտ Խախտում Է» Կը Շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.