Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Զինադադար Հաստատելու Հաւանականութիւնը Աւելի Քան 50 Առ Հարիւր Է»

Նոյեմբեր 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին` խօսելով զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններուն մասին, յայտնեց. «Մթնոլորտը դրական է եւ աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Աստուած ուզէ հարցերը իրենց բարեյաջող աւարտին կը հասնին»:

«Իսրայէլի հետ փորձառութիւնը ոչ իսկ օր մը եղած է առանց իսրայէլեան ականներու եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ իրերայաջորդ ձգձգումներու, որոնք կ՛ականահարեն թափուած ամբողջ ջանքերը, ճիշդ ինչպէս աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր տեղի ունեցաւ Կազայի մէջ, եւ ատկէ մեկնելով պէտք է զգուշաւոր ըլլալ», նշեց Պըրրի:

«Կարգաւորման առաջարկը ընդհանուր առմամբ դրական է եւ կը պարունակէ տարրեր, որոնց վրայ կարելի է կառուցել, սակայն ամէն պարագայի կարեւորը աւարտն է», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, եթէ առաջարկուած կարգաւորման պատասխան տալու համար Լիբանանի համար ժամկէտ մը գոյութիւն ունի՞, Պըրրի յայտնեց. «Ոչ ոք կրնայ ինծի պայմանաժամ կամ ժամկէտ պարտադրել»:

Խորհրդարանի նախագահը «Տիար» օրաթերթին հետ մէկ այլ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հասնելու հաւանականութիւնը աւելի քան 50 առ հարիւր է, եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփէն կանաչ լոյս ստացաւ բանակցութիւնները յառաջ մղելու համար:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանէն ստացած է համաձայնութեան նախագիծ մը, որ որոշակի կէտեր կը պարունակէ, եւ նախատեսեց, որ իր վերջնական դիրքորոշումը յայտնէ այս շաբաթ:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին որեւէ բարեփոխում կամ յաւելում չ՛ընդունիր, եւ շրջանային որեւէ հանդարտեցում առիթ պիտի հանդիսանայ նախագահի ընտրութեան թղթածրարը յառաջ մղելու, եւ եթէ անմիջապէս զինադադար հաստատուի, ինք խորհրդարանը նախագահի ընտրութեան նիստի պիտի հրաւիրէ:

Նախորդը

«Խաղաղապահ Զինուորներու Վրայ Որեւէ Յարձակում Միջազգային Օրէնքներու Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բացայայտ Խախտում Է» Կը Շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ

Յաջորդը

Իսրայէլեան Պետական Ձայնասփիւռի Կայանին Համաձայն. Հոքշթայն Լիբանան Այցելելէ Ետք Չորեքշաբթի Օր Իսրայէլ Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?