Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի վերահաստատեց «Լիբանանին, անոր գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան աջակցող Եգիպտոսի դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հողերուն կամ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին մերժումն ու դատապարտումը»: Այս մասին հաղորդեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը:
Սիսի Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ Ռիատի մէջ արաբ-իսլամական արտակարգ ժողովի ծիրին մէջ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց «շրջանին մէջ մագլցումի դադրեցման, շրջանի անոր ժողովուրդի ներկային ու ապագային համար աղէտալի հետեւանքներ ունեցող պատերազմի մէջ ներքաշման արգիլման մէջ միջազգային ընտանիքի դերակատարութեան կարեւորութիւնը»:
Ան յայտարարեց, որ Եգիպտոս պիտի շարունակէ Լիբանանին ու անոր եղբայրական ժողովուրդին աջակցութեան տրամադրումը:
Միքաթի իր կարգին գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ եգիպտական հաստատ աջակցութիւնը` նշելով, որ կը զօրակցի շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ձգտող Եգիպտոսի ջանքերուն:
«Առաջնահերթութիւնը Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի վրայ իր յարձակումը, զինադադար հաստատուի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրուի», ըսաւ Միքաթի:


