Իսրայէլ Մեծ Մագլցումի Կը Դիմէ Լիբանանի Դէմ
Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը երէկ առաւօտէն բազմահարիւր յարձակումներ գործեցին` թիրախաւորելով Լիբանանի տարբեր շրջաններ` հարաւային Լիբանանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու կողքին յարձակումներ գործելով Նապաթիէի, Պեքաայի, Պաալպեք-Հըրմելի, Զահլէի, Քեսրուանի, Ժիպէյլի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիել Հակարի յայտարարեց. «Մեր յարձակումը տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլը թիրախաւորելու շարժումներ նշմարելէ ետք»: Ան հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` «անմիջապէս հեռանալու Հըզպալլայի կողմէ օգտագործուող վայրերէն...




















