Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտելաթի. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Բացարձակ Առաջնահերթութիւն Է»

Նոյեմբեր 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկՊէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց. «Իսրայէլեան յարձակումը պէտք չէ հիմակուընէ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի 20 յունուարին նախատեսուած երդման արարողութիւնը շարունակուի»:

«Եգիպտոս Լիբանանին կը տրամադրէ իր կրցած օժանդակութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երէկ հասած օժանդակութիւնները իրենց տեսակին մէջ չորրորդն էին «եւ պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն են»:

«Մենք շարունակ կը պնդենք, որ պէտք է դադրեցնել Լիբանանի վրայ յարձակումը, եւ բոլոր պետութիւններուն ու Միացեալ Նահանգներուն հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններով ատոր վրայ կ՛աշխատինք: Անհամբեր կը սպասենք Լիբանանի համար ամէն բարիքի», նշեց Ապտելաթի:

«Գոյութիւն ունին բազմաթիւ գաղափարներ, որոնք պէտք է կեդրոնանան մէկ նպատակի ծիրին մէջ, որ այս յարձակումի դադրեցումն է», աւելցուց ան:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Կը մերժենք, որ նախագահի ընտրութիւնը զինադադարի հաստատման պայման ըլլայ, եւ կը մերժենք նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մէջ արտաքին ցուցմունքները»:

Ապտելաթի աւելի ուշ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ապտելաթի հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Լիբանան կ՛այցելեմ` իբրեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի Լիբանանի նկատմամբ աջակցութեան արտայայտութիւն, եւ ծանօթացայ Պըրրիի Լիբանանի դիմագրաւած դժուար կացութեան պատկերացումին եւ անոր փոխանցեցի Լիբանանի նկատմամբ Եգիպտոսի զօրակցութիւնը»:

«Կը դատապարտենք Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի շարունակութիւնը, եւ ամէն տեսակի ճնշում կը բանեցնենք դադրեցնելու համար այդ յարձակումը», ըսաւ ան:

«Լիբանանի մէջ զինադադարը բացարձակ առաջնահերթութիւն է», յայտարարեց Ապտելաթի:

«Կարելի չէ ընդունիլ որեւէ կարգաւորում, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը կ՛ոտնահարէ», յայտարարեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը:

«Զինադադարն ու յարձակումին դադրեցումը մեր առաջնահերթութիւնն է, եւ ասոնք առանց որեւէ նախապայմանի պէտք է ըլլան», աւելցուց ան` շեշտելով նախագահական աթոռին դատարկութեան վերջ տալու կարեւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ նախագահի ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ լիբանանեան ներքին հարց, առանց արտաքին ցուցմունքներու, եւ ընտրուողը ըլլայ համաձայնական նախագահ մը:

Ապտելաթի նաեւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, եւ անոր հետ հանդիպումէն ետք ալ յայտարարեց. «Կարելի չէ ընդունիլ, որ նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալը զինադադարի հաստատման պայմաններէն մէկը ըլլայ»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ապտելաթիի այցելութիւնը կը ներառէ Լիբանանի աջակցութեան եգիպտական օդային կամուրջի ճամբով մարդասիրական նոր օժանդակութիւններու յանձնում, ինչպէս նաեւ Լիբանան բնակող շարք մը եգիպտացիներ Եգիպտոս վերադարձնելը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնած է Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանիին, եւ անոր հետ քննարկած Կազայի ու Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:

 

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումը Յստակ Է Եւ Համահունչ Թիւ 1701 Որոշումի Ամբողջական Գործադրման, Ներառեալ Հըզպալլայի Ապազինման»

Յաջորդը

Իսրայէլ Գիշերուան Կողքին Ցերեկով Եւս Յարձակումներ Կը Գործէ Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?