Ակնարկ. Ցամաքն Ու Ծովը, Բայց Ոչ` Օդը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին Իսրայէլ այցելութեան եւ յատուկ պատուիրակին Լիբանան ժամանումի նախօրեակին Թել Աւիւ Ուաշինկթընին փոխանցեց իր նախապայմանները` հրադադարի համաձայնութեան: 1701-ի որոշումը խախտող հիմնական կէտերէն կը նկատուի Իսրայէլի պայմանը` Լիբանանի օդային տարածքը վերահսկելու: Այս պահանջը փորձենք դիտարկել Լիբանանի սահմաններու ընդհանուր վերահսկողութեան առաջադրանքին պարունակին մէջ: Այսպէս. երկարատեւ ու ձգձգուած բանակցութիւններէ ետք, տեղի ունեցաւ Իսրայէլ -Լիբանան ծովային սահմանազատումը, ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու...




















