Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն յայտնեց, որ Սուրիան «ներկայիս խաչմերուկի վրայ է, եւ սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան ներկայ շարժումները պէտք է դադրին»:
Փեթերսոն կոչ ուղղեց «հաստատելու հաւաստի փոխանցման դասաւորումներ, որոնք Դամասկոսի մէջ բոլորը կը ներառեն»:
Ան զգուշացուց յաւելեալ տագնապներէ, եթէ ազգային խմբաւորումներուն եւ սուրիական կողմերու ամէնէն լայն շրջանակը մասնակից չդարձուի` նշելով. «Հայըաթ Թահրիր Շամը ներկայիս Դամասկոսի մէջ տիրող խմբաւորումն է, սակայն անիկա միակը չէ»:
«Հայըաթ Թահրիր Շամի ահաբեկչական խմբաւորում որակաւորումէն 9 տարի անցաւ, եւ անիկա ուրիշներու հետ կը շարունակէ լաւ ու հանգստացնող պատգամներ ուղղել», աւելցուց Փեթերսոն:
ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակը նաեւ յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ միջազգային ընտանիքը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Հայըաթ Թահրիր Շամի ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակաւորումը»:
«Կը թուի, թէ սկիզբը Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած թալանը դադարեցաւ», աւելցուց Փեթերսոն` նշելով. «Բազմաթիւ սուրիացիներ կը յուսան իրենց բնակավայրեր վերադառնալ, սակայն ապրուստի պայմանները տակաւին դժուար են»:
Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը, մէջբերելով բարձրաստիճան ապահովական աղբիւր մը, հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը անցնող օրերուն Սուրիոյ մէջ 250 թիրախներու վրայ յարձակում գործած է` զայն որակելով «մեր պատմութեան մէջ մեծագոյն յարձակումները»:
«Սուրիոյ մէջ պատերազմական օդանաւեր, մարտանաւեր եւ ռազմավարական կառոյցներ քանդեցինք` անոնց ընդդիմութեան ձեռքը անցնիլը կանխարգիլելու համար», նշած է աղբիւրը:
Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը «Սուրիոյ մէջ կարեւորագոյն զինուորական դիրքերը քանդեց»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան ծովուժը սուրիական ծովուժին դէմ ռազմավարական մեծ գործողութիւն մը կատարած է եւ արգելք հանդիսացած, որ զէնքեր իյնան թշնամական տարրերու ձեռքը:
«Իսրայէլեան նաւերը հրթիռներով վնասազերծեցին Պայտա նաւահանգիստի եւ Լաթաքիոյ նաւահանգիստի շրջանին մէջ շարք մը սուրիական նաւեր», նշեց ձայնասփիւռի կայանը:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ իսրայէլեան յարձակումի ենթարկուած Գիտական հետազօտութեան կեդրոնը ամբողջովին քանդուած է:
Շրջանային ապահովական երկու աղբիւրներ եւ սուրիական ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Հարաւային Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան զինուորական ներթափանցում մը մայրաքաղաք Դամասկոսէն շուրջ 25 քիլոմեթր հարաւ- արեւմուտք հասաւ»:
Սուրիական ապահովական աղբիւրը նշած է. «Իսրայէլեան ուժերը հասան Քաթնա շրջան, որ տասը քիլոմեթր սուրիական հողերուն մէջ է եւ բռնագրաւեալ Կոլանը Սուրիայէն բաժնող ապազինեալ գօտիէն արեւելք կը գտնուի»:
«Ռոյթըրզ», սակայն, աւելի ուշ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի բանբերը կը հերքէ Դամասկոսէն 25 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք ներթափանցելու լուրը եւ կ՛ըսէ, թէ իսրայէլեան ուժերը արգելակիչ շրջանէն անդին չանցան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ իսրայէլեան ծովուժի հրթիռները երկուշաբթի գիշեր, Իսրայէլի ռազմավարական սպառանալիքներու ոչնչացման լայնածաւալ արշաւի ծիրին մէջ կատարուած գործողութեան մը ընթացքին քանդած են սուրիական ծովուժի նաւատորմիղը:
Քաց Հայֆայի մէջ իսրայէլեան ծովուժի ռազմակայան այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը տեղակայուած են Սուրիոյ եւ Կոլանի բարձունքին միջեւ գտնուող արգելակիչ կեդրոնին մէջ:
Ան նշեց, որ հրամայած է հարաւային Սուրիոյ մէջ առանց իսրայէլեան տեւական ներկայութեան «պաշտպանական բացարձակ շրջան» ստեղծելու` կանխարգիլելու համար Իսրայէլի դէմ որեւէ ահաբեկչական սպառնալիք: