Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Որպէսզի Իմաստաւորուի Բանակին  Տրուելիք Նոր Առաքելութիւնը

Ակնարկ. Որպէսզի Իմաստաւորուի Բանակին Տրուելիք Նոր Առաքելութիւնը

Փարիզի միջազգային ժողովէն բխած յայտարարութիւններուն առանցքային բաժինները եթէ լոյսին բերուին, ապա կը ձեւաւորուին քանի մը առաջադրանքներ, որոնք միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումներուն ուղղութեամբ ուղենիշ կարելի է նկատել: Առաջինը Միացեալ Նահանգներու բացակայութիւնն է ժողովէն: Պարզ է, որ քննադատական բաժին պիտի ըլլար իսրայէլեան յարձակումներուն: Փաստօրէն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը չէ վարանած նոյնիսկ ռազմական ոճիր անուանելու իսրայէլեան յարձակումները: Այլ խնդիր, որ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն պաշտօնը զբաղեցնող անձնաւորութեան...

Իսրայէլ Լրագրողներու Կեցութեան Վայրին Վրայ  Յարձակում Գործելով 3 Լրագրողներ  Սպաննեց Եւ 3 Ուրիշներ Վիրաւորեց

Իսրայէլ Լրագրողներու Կեցութեան Վայրին Վրայ Յարձակում Գործելով 3 Լրագրողներ Սպաննեց Եւ 3 Ուրիշներ Վիրաւորեց

Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի Հասպայայի շրջանին մէջ լրագրողներու կեցութեան վայր եղող պանդոկի մը վրայ յարձակում գործելով սպաննեց 3 լրագրողներ: Յարձակումի ենթարկուած վայրին մէջ կը գտնուէին լրատուական 7 հաստատութիւններ ներկայացնող 18 լրագրողներ: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նահատակուած են կայանի լուսանկարող Ղասսան Նաժժարը եւ սփռումի ճարտարագէտ Մոհամետ Ռիտան: Լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ նահատակուած է կայանի լուսանկարող...

Հասպայայի Մէջ Իսրայէլի Կողմէ  3 Լրագրողներու Սպանութեան Վերաբերեալ  Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

Հասպայայի Մէջ Իսրայէլի Կողմէ 3 Լրագրողներու Սպանութեան Վերաբերեալ Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Դիմատետրի իր էջին վրայ Հասպայայի մէջ իսրայէլեան բանակին կողմէ լիբանանցի 3 լրագրողներու սպանութեան մասին կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Խաւար գիշեր մը ուզեցին մարել ճշմարտութեան լոյսը, ուստի թիրախաւորուեցան իրենց քունին մէջ եղող լրագրողները, անոնք, որոնք ամիսներէ ի վեր աշխարհին կը ներկայացնէին թշնամիին մարդկութեան դէմ գործած ոճիրները: «Նախքան այդ Կարմիր խաչը,...

Պլինքըն – Միքաթի Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն` «Տագնապին Դիւանագիտական  Լուծում Գտնելու Կարեւորութեան Շուրջ»

Պլինքըն – Միքաթի Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն` «Տագնապին Դիւանագիտական Լուծում Գտնելու Կարեւորութեան Շուրջ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Լոնտոնի մէջ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «(ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի) թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանի երկայնքին իսկական անվտանգութեան հաստատման համար կենսական է»` շեշտելով, որ թիւ 1701 որոշումը պէտք է ամբողջական կերպով գործադրել: «Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ համաձայն գտնուեցանք տագնապին դիւանագիտական լուծում գտնելու կարեւորութեան...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին.  Նեթանիահու Աշխատանք Կը Տանի 2 Շաբաթ  Տեւողութեան Զինադադարի Հաստատման  «Փոքր Գործարք»-ի Մը Ուղղութեամբ

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Նեթանիահու Աշխատանք Կը Տանի 2 Շաբաթ Տեւողութեան Զինադադարի Հաստատման «Փոքր Գործարք»-ի Մը Ուղղութեամբ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը գերիներու ընտանիքներուն յայտնած է, թէ փորձ կը կատարուի կնքելու «փոքր գործարք» մը, որ Կազայի մէջ պահուող 4 գերիներու ազատ արձակում կը ներառէ: Ըստ տեղեկութիւններու, «փոքր գործարք»-ը նաեւ կը ներառէ երկու շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատում: Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար...

Փարիզի Խորհրդաժողովի Ընթացքին Անմիջական  Զինադադարի Կոչեր Եւ Լիբանանին Ու Անոր  Բանակին Օժանդակութիւններ

Փարիզի Խորհրդաժողովի Ընթացքին Անմիջական Զինադադարի Կոչեր Եւ Լիբանանին Ու Անոր Բանակին Օժանդակութիւններ

Երէկ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ գումարուեցաւ «Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան աջակցութեան վեհաժողով»-ը: Միացեալ Նահանգներ կը բացակայէին խորհրդաժողովէն, ուր միջազգային այլ ուժեր քննարկեցին Լիբանանին շտապ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու, անոր զինեալ ուժերուն աջակցելու եւ զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ աշխատելու հարցերը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն խորհրդաժողովի բացման խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ անիկա կը գումարուի աջակցելու համար Լիբանանին եւ օգնելու...

Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Մինչեւ  Հիմա Գիշերային Ամէնէն  Հզօր Յարձակումին Ենթարկուեցան

Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Մինչեւ Հիմա Գիշերային Ամէնէն Հզօր Յարձակումին Ենթարկուեցան

Լիբանանեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ երեք զինուորներ, ներառեալ սպայ մը, նահատակուած են, երբ իսրայէլեան բանակը յարձակում գործած է բանակէն զինուորներու վրայ, որոնք հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Եաթեր գիւղի մերձակայքը վիրաւորներու կ՛օժանդակէին: Ասիկա լիբանանեան բանակին վրայ վերջին 4 օրուան ընթացքին 2-րդ յարձակումն էր: Մինչ այդ, չորեքշաբթի գիշեր Պէյրութի Հարաւային արուարձանը ենթարկուեցաւ աւելի քան 17 օդային բուռն յարձակումներու: Յարձակումներուն հետեւանքով Լէյլաքի...

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

Կարապետեան. «Եւրոպական Միութեան Գործադիր Իշխանութիւնը Չի Կրնար Անվերջ Հաշուի Չառնել Եւրոպական Խորհրդարանի Կարծիքը»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը 24 հոկտեմբերի իր լիագումար նիստին ընդունած է «Ազրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտման ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին» բանաձեւը` 453 կողմ, 31 դէմ, 89 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ: Այս քուէարկութեան երկու օր առաջ նախորդած էր այդ նիւթով խորհրդարանական քննարկում: Բանաձեւի նախաբանին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը կը գտնէ, որ...

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակը  Օժանդակութիւններ Տրամադրեց  Պուրճ Համուտ Ապաստանած Տեղահանուածներու

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակը Օժանդակութիւններ Տրամադրեց Պուրճ Համուտ Ապաստանած Տեղահանուածներու

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը երէկ Նապաայի «Շէյխ Ֆարհաթ» կեդրոնին մէջ օժանդակութիւններ յանձնեց Պուրճ Համուտ ապաստանած լիբանանցի տեղահանուածներուն: Օժանդակութիւններու տրամադրումը մաս կը կազմէր Ազգային առաջնորդարանին, հայկական միութենական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ այս առումով կատարուող ընդհանուր աշխատանքին: Նապաայի «Շէյխ Ֆարհաթ» կեդրոնի պատասխանատու շէյխ Զէյտ Ֆարհաթ այս առիթով յայտնեց. «Այս այցելութիւնը շատ բնական է: Մենք եւ մեր հայ եղբայրները մէկ ճակատագիր ունինք եւ մէկ...

Փեզեշքիան. «Պատերազմի Չենք Ձգտիր, Սակայն  Եթէ Որեւէ Կողմ Ուզէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործել,  Ուժգին Ու Վճռական Հակադարձութեան Պիտի Արժանանայ»

Փեզեշքիան. «Պատերազմի Չենք Ձգտիր, Սակայն Եթէ Որեւէ Կողմ Ուզէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործել, Ուժգին Ու Վճռական Հակադարձութեան Պիտի Արժանանայ»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Պատերազմի չենք ձգտիր, սակայն եթէ որեւէ կողմ ուզէ մեր վրայ յարձակում գործել, ուժգին ու վճռական հակադարձութեան պիտի արժանանայ»: «Սիոնական գոյացութիւնը բոլոր կարմիր գիծերը անցաւ, եւ անմեղները սպաննելով փաստեց, որ մարդասիրական որեւէ սկզբունք չի յարգեր», ըսաւ Փեզեշքիան: Իրանի նախագահը նաեւ նշեց. «Այն, ինչ որ շրջանին կը սպառնայ, Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան պետութիւններու սիոնական գոյացութեան անվերապահ աջակցութիւնն...

Ակնարկ.  Յայտարարուող Ժամկէտներ,  Շարժառիթներ Եւ Շահարկումներ

Ակնարկ. Յայտարարուող Ժամկէտներ, Շարժառիթներ Եւ Շահարկումներ

Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը Պլինքըն-Հոքշթայն դերակատարներով կը դրսեւորուի Պէյրութ-Թել Աւիւ գիծին վրայ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Թել Աւիւէն կը յայտարարէ, որ կ՛աշխատին Լիբանանի մէջ տեւական զինադուլի հաստատման դիւանագիտական լուծումի յանգելու համար: Ասիկա յղում կատարել է ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Հոքշթայնի կատարած յայտարարութիւններուն` 1701, Լիբանանի բանակի դերակատարութիւն, Հըզպալլայի չէզոքացում, Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն:  Փաթեթային դրուածք մը, որ ածանցեալ բաժիններ ունի անշուշտ` 1701+ ընդհանուր բանաձեւին...

Հըզպալլա Պաշտօնապէս Հաստատեց Սէյիտ  Հաշեմ Սաֆիէտտինի Նահատակութիւնը

Հըզպալլա Պաշտօնապէս Հաստատեց Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Նահատակութիւնը

Մինչ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թել Աւիւի հրթիռակոծումը Հըզպալլայի համար սովորական դարձաւ, կուսակցութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին հրթիռակոծեց Թել Աւիւի արուարձանին մէջ գտնուող զինուորական հետախուզութեան թիւ 8200 միաւորի ռազմակայանը: Հըզպալլա առաւօտեան ժամը 9:20-ին թիրախաւորեց Ըտէյսէ եւ Ռըպ Թլաթին գիւղերուն միջեւ հաւաքուած իսրայէլեան ուժը, ապա 10 վայրկեան ետք անգամ մը եւս հրթիռակոծեց նոյն վայրը: Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Միսքաֆ Ամ-Ռըպ Թլաթին-Մարքապա եռանկիւնին...

Այսօր Փարիզի Մէջ Գումարուելիք Լիբանանի  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախօրեակին  Մաքրոն-Միքաթի Հանդիպում

Այսօր Փարիզի Մէջ Գումարուելիք Լիբանանի Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախօրեակին Մաքրոն-Միքաթի Հանդիպում

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Էլիզէի պալատ, ուր զինք ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն: Անոնք անմիջապէս գումարեցին երկկողմանի հանդիպում մը, որուն մէկ մասին մասնակցեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, զինադադար հաստատելու ֆրանսական ջանքերը, ինչպէս նաեւ այսօր Մաքրոնի հրաւէրով գումարուելիք «Լիբանանի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողով»-ի պատրաստութիւնները: Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց,...

Պլինքըն. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Հաստատման  Մնայուն Դիւանագիտական Լուծումի  Գոյացման Ուղղութեամբ Կ՛աշխատինք»

Պլինքըն. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Մնայուն Դիւանագիտական Լուծումի Գոյացման Ուղղութեամբ Կ՛աշխատինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց. «Ժամանակն է, որ Իսրայէլ զինուորական յաջողութիւնը ռազմավարական յաջողութեան վերածէ»: «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման մնայուն դիւանագիտական լուծումի գոյացման ուղղութեամբ կ՛աշխատինք», յայտարարեց Պլինքըն: «Կը մնան երկու հարցեր, որոնք են` գերիներու վերադարձն ու պատերազմին վերջ տալը, եւ երկու նպատակներու իրագործման համար նոր նախագիծերու մշակման կարելիութիւնը կը սերտենք», նշեց ան: «Պատերազմէն ետք Կազայի ապագային վերաբերեալ յստակ...

Քազանի Մէջ ՊՐԻՔՍ-ի Վեհաժողովի Բացում

Քազանի Մէջ ՊՐԻՔՍ-ի Վեհաժողովի Բացում

Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ երէկ բացումը կատարուեցաւ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես: Հանդիպումին կը մասնակցէին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը, Եթովպիոյ վարչապետ Ապի Ահմետը, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրիլ Ռամաֆոսան եւ Պրազիլի արտաքին գործոց...

Իսրայէլեան Օդուժը Բուռն Յարձակումներ  Գործեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլեան Օդուժը Բուռն Յարձակումներ Գործեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլեան օդուժը իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Ժընահ, Հարեթ Հրէյք, Պըրժ Պարաժինա եւ Լայլաքի շրջաններուն մէջ շարք մը շէնքերու վրայ, որոնցմէ ոմանք քանդուեցան, եւ թիրախաւորուած վայրերուն մէջ հրդեհներ ծագեցան: Իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթի գիշեր եւս աւելի քան 14 յարձակումներ գործեց Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Իսրայէլ նաեւ յարձակում գործեց Պեքայի Հերմել քաղաքին վրայ, ուր 5 զոհ եւ 7 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Հարաւային արուարձաններու...

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը  Մտավախութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Մէջ Մօտալուտ  Քաղաքացիական Պատերազմի Նկատմամբ

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Մտավախութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Մէջ Մօտալուտ Քաղաքացիական Պատերազմի Նկատմամբ

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լը Քորնիւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը «մեր հաւաքական անվտանգութեան կամար կարեւոր է»` զգուշացնելով Լիբանանի քայքայումէն եւ այնտեղ «մօտալուտ քաղաքացիական պատերազմի» ծագումէն: Ան այս մասին յայտնեց «Էլ.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց. «Ներկայիս մեր դիրքորոշումը հիմնուած է մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ մօտալուտ քաղաքացիական պատերազմի նկատմամբ մտավախութեան վրայ»: Ան այդ մտավախութիւնը հիմնաւորելու համար...

Խորհրդարանը Չկրցաւ Խորհրդարանական  Յանձնախումբերու Անդամներ Ընտրել.  Խորհրդարանի Դիւանը Ներկայ  Յանձնախումբերու Աշխատանքը Երկարաձգեց

Խորհրդարանը Չկրցաւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Անդամներ Ընտրել. Խորհրդարանի Դիւանը Ներկայ Յանձնախումբերու Աշխատանքը Երկարաձգեց

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ առաւօտեան սահմանադրութեան 44-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին հիմամբ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 3-րդ յօդուածին հիմամբ հրաւիրած էր խորհրդարանական նիստի մը` խորհրդարանի դիւանի երկու անդամներ եւ երեք պատուիրակներ ընտրելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 19-րդ յօդուածին հիմամբ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամներ ընտրելու` նկատի ունենալով, որ 22 հոկտեմբերը յանձնախումբերու ընտրութեան ժամկէտն էր: Նիստը չգումարուեցաւ օրինաթիւի չգոյացման պատճառով: Խորհրդարանի դիւանը...

Ազգային Ժողովը Քննարկեց Սահմանազատման  Յանձնախումբերու Կանոնակարգի Նախագիծը  Վաւերացնելու Հարցը, Ընդդիմութիւնը Պոյքոթի Ենթարկեց

Ազգային Ժողովը Քննարկեց Սահմանազատման Յանձնախումբերու Կանոնակարգի Նախագիծը Վաւերացնելու Հարցը, Ընդդիմութիւնը Պոյքոթի Ենթարկեց

Ազգային ժողովը երէկ քննարկեց հայ - ազրպէյճանական սահմանազատման յանձնախումբերու կանոնակարգի նախագիծը վաւերացնելու հարցը: Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նախանցեալ օր դրական եզրակացութիւն տուած էր նախագիծին: Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին կանոնակարգի քննարկումը: «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ կանոնակարգը ամբողջութեամբ հակասահմանադրական է, հակաօրինական է եւ չ՛առնչուիր ազգային ու պետական շահերու պաշտպանութեան հետ:...

Պլինքըն 11-րդ Անգամ Ըլլալով Իսրայէլ Այցելեց

Պլինքըն 11-րդ Անգամ Ըլլալով Իսրայէլ Այցելեց

Երէկ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, 7 հոկտեմբեր 2023-ին «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն ի վեր 11-րդ անգամ ըլլալով այցելեց Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պլինքըն Նեթանիահուն քաջալերած է օգտուելու Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութենէն` զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան ուղղութեամբ աշխատելու, ինչպէս նաեւ...

Page 137 of 796 1 … 136 137 138 … 796

Արխիւներ