Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Կ՛ուզենք Վստահեցնել, Որ Սուրիոյ Դրացիները Ապահով Են, Պիտի Աջակցինք Սուրիոյ Դրացիներուն, Ներառեալ Յորդանանը, Իրաքը, Իսրայէլը Եւ Լիբանանը»

December 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Սուրիան ազատագրուեցաւ Պաշշար Ասատէն եւ անոր ու անոր հօր կատարածներէն:

«Մենք գիտենք, որ Ասատ հիմա Մոսկուա կը գտնուի», նշեց ան:

Պայտըն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Ասատի վարչակարգը հազարաւոր անմեղ քաղաքայիններ վայրագօրէն սպաննեց, եւ ասիկա սուրիացի ժողովուրդին համար իր երկրին մէջ խաղաղութիւն կառուցելու պատմական առիթ է:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ ընդդիմադիր ուժերը Ասատը մղեցին իր պաշտօնը լքելու եւ երկրէն հեռանալու, «եւ Սուրիոյ մէջ շահ ունեցողներուն հետ պիտի աշխատինք օգտուելու այս առիթէն: Իրանի եւ անոր գործակատարներուն կողմէ Ասատն ու անոր վարչակարգը պաշտպանելու բոլոր առիթները ձախողութեան մատնուեցան»:

«Ռուսիան, Իրանն ու Հըզպալլան չկրցան Ասատի վարչակարգը պաշտպանել, եւ անցնող տարիներուն ընթացքին վարչակազմը կիրարկեց լուրջ քաղաքական հոլովոյթներուն մէջ չներգրաւուելուն համար Ասատի վրայ պատժամիջոցներ հաստատելու քաղաքականութիւնը:

«Ասատ հրաժարեցաւ մասնակից դառնալ քաղաքական լուրջ հոլովոյթի եւ շարունակեց իր ժողովուրդին դէմ ոճիրներ գործել», ըսաւ Պայտըն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց. «Պիտի աջակցինք Սուրիոյ դրացիներուն, ներառեալ Յորդանանը, Իրաքը, Իսրայէլը եւ Լիբանանը, ՏԱՀԵՇ խմբաւորման առիթ պիտի չընծայենք իր կարողութիւնները կառուցելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ պիտի գործակցինք սուրիական բոլոր խմբաւորումներուն հետ»:

«Պիտի չարտօնենք, որ Սուրիան ՏԱՀԵՇ-ի համար ապահով ապաստանարան դառնայ, եւ մեր առաւելագոյն ջանքերը կը թափենք օգնութիւններու եւ մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման ուղղութեամբ` փակելու համար Ասատի վարչակարգին գործած ահաւոր արարքներու էջը: Աշխատանք պիտի տանինք պաշտպանելու Սուրիոյ մէջ մեր ուժերը եւ շարունակելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մեր առաքելութիւնը: Մենք ընդդիմութեան զինեալները պիտի արժեւորենք հիմնուած անոնց խօսքերուն եւ արարքներուն վրայ», ընդգծեց Պայտըն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը շեշտեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, Միջին Արեւելքի շրջանին համար առիթ կը ներկայացնէ, եւ կ՛ուզենք վստահեցնել, որ իրենք այդտեղի փոփոխութիւններուն հետեւանքով որեւէ լարուածութենէ ապահով են»:

Պայտըն նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական խմբաւորումներուն հետ պիտի աշխատին փոխանցման փուլը հաստատելու համար:

 

 

Նախորդը

Ասատի Վարչակարգի Տապալման Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ֆիտան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ Բոլորը Ներառող Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.