ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ 9 յունուարի թուականը պէտք է լիբանանեան պետութեան համար նոր ապագայի եւ Լիբանանի մէջ մէկ պետութեան գաղափարի վերականգնման մեկնակէտ ըլլայ:
Բագրատունի մատնանշեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի արաբական եւ միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Մասաատ Պուլոսի «ան, որ երկու տարի սպասեց առանց հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, կրնայ երկու կամ երեք յաւելեալ ամիսներ ալ սպասել» խօսքը` հարց տալով. «Ինչո՞ւ պէտք է սպասենք»:
Բագրատունի «Էլ. Պի. Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին մաղթեց, որ 9 յունուարին նախագահ ընտրուի` նշելով, որ մինչեւ հիմա դժուար է համախոհական թեկնածուի հասնիլ:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց Անգարայի աջակցութիւնը զինեալ ընդդիմութեան խմբաւորումներուն, որոնք շրջանին մէջ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ծրագիրը կը գործադրեն:


