Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ Բոլորը Ներառող Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Դեկտեմբեր 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Մենք տէր կը կանգնինք մեր պատասխանատուութիւններուն` երաշխաւորելու համար սուրիացիներուն կամաւոր տունդարձն ու անոնց երկրի վերաշինութիւնը»:

Ֆիտան կոչ ուղղեց «Սուրիոյ մէջ բոլորը ներառող կառավարութիւն մը կազմելու»:

«Միջազգային դերակատարներէն ու ՄԱԿ-էն կը սպասենք, որ համապարփակ վարչակազմի կազմութեան մէջ աջակցին սուրիացի ժողովուրդին», նշեց ան:

«Սուրիոյ մէջ տեւական խաղաղութիւնը կ՛իրագործուի սուրիական կողմերուն միջեւ ազգային կարգաւորման ճամբով», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը` յոյս յայտնելով, որ «Սուրիան կ՛ըլլայ երկիր մը, ուր կ՛իշխէ վարչակազմ մը, որ կը ներառէ բոլոր կողմերն ու ազգութիւնները եւ իր դրացիներուն հետ յարաբերութիւններ ունի»:

«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ երէկ Սուրիոյ մէջ, մեզի համար յոյսի շող դարձաւ», նշեց Ֆիտան:

Մինչ այդ, թրքական ապահովական աղբիւրներ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեցին. «Սուրիական ազգային բանակը կը վերահսկէ ամբողջ Մընպեժ քաղաքին, եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան կէտերը լքուեցան»:

Լաթաքիոյ նահանգէն պաշտօնատար մը ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ընդդիմութիւնը կը վերահսկէ ամբողջ Թարթուս եւ Լաթաքիա նահանգներուն»:

«Ընդդիմութեան զինեալ խմբաւորումները չներխուժեցին եւ չեն մտադրեր ներխուժել ռուսական ռազմակայաններ, որոնք տակաւին բնական կերպով կը գործեն», նշած է պաշտօնատարը:

Ռուս երեսփոխան մը երէկ յայտնեց. «Մոսկուան ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ Սուրիոյ մէջ իր ռազմակայանները յարձակումի ենթարկուին»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Բանակի հետախուզութեան ղեկավար գնդապետ-զօրավար Շլոմի Պենտեր սուրիական վարչակարգի տապալումէն ետք երէկ հանդիպում ունեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Մուաֆաք Թարիֆի հետ»:

Ան շէյխ Թարիֆի հետ քննարկեց Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներն ու տիւրզի համայնքին վրայ անոնց ազդեցութիւնը:

Բանակի հետախուզութեան պետը նաեւ ընդգծեց խոր յանձնառութիւնը իսրայէլեան բանակին, անոր հետախուզութեան եւ տիւրզի համայնքին միջեւ, «որ վճռականօրէն կը նպաստէ ընդհանրապէս բանակին եւ մասնաւորաբար հետախուզական մարմինին մէջ զգայուն ու կենսական ոլորտներուն», նշեց Ատրահի:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Կոլանի մէջ հսկողութեան կէտեր գրաւելու եւ Սուրիոյ հետ արգելակիչ շրջանին մէջ գործողութիւնները խորացնելու»:

«Ետիոթ Ահրոնոթ»-ը, մէջբերելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը, հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը երէկ գիշեր Սուրիոյ հետ արգելակիչ գօտիին մէջ կէտ մը եւս գրաւեց»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ թիրախաւորել ռազմավարական զէնքեր պարունակող վայրերը` այն մտավախութեամբ, որ այդ զէնքերը կրնան ընդդիմութեան ձեռքը անցնիլ»:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը կիրակի օր հաղորդած էր Դամասկոսի Մազզէ շրջանի զինուորական օդակայանին մէջ զէնքի պահեստանոցներու եւ զինուորական սարքերու վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներու մասին:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Սուրիոյ մէջ նոր ղեկավարութեան հետ հաղորդակցութեան կապ հաստատեցինք` երկու երկիրներուն միջեւ թշնամանքը կանխարգիլելու համար»:

«Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւնը յարաբերութիւններու կայունութեան բանալին է, եւ պէտք է խուսափիլ շրջանային յաւելեալ լարուածութիւններէն», նշած է իրանցի բարձրաստիճան աղբիւրը:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանն ալ երէկ Սուրիոյ Քալամուն շրջանին վրայ օդային յարձակումի մասին հաղորդեց:

Քրեմլին երէկ յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը անակնկալի մատնեց ամբողջ աշխարհը, եւ մենք բացառութիւն չենք»:

«Սուրիոյ մէջ կացութեան կայունացումէն ետք կը ծրագրենք ռուսական ռազմակայաններու այդտեղ ներկայութեան ապագան քննարկել նոր իշխանութիւններուն հետ», նշեց Քրեմլին:

Ռուսիոյ նախագահական պալատը նաեւ հաղորդեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումներու պաշտօնական օրակարգին վրայ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումի ծրագիրներ չկան»:

«Փութին անձամբ տուաւ Պաշշար Ասատին Ռուսիոյ մէջ ապաստան շնորհելու որոշումը», նշեց Քրեմլին:

Վիեննայի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Միխայիլ Ուլիանով յայտնեց, որ Ռուսիան դժուար պայմաններուն մէջ չլքեց Սուրիոյ` պաշտօնէ հեռացած նախագահ Պաշշար Ասատը:

«Պաշշար Ասատն ու անոր ընտանիքը Մոսկուա են. Ռուսիան դժուար կացութիւններուն մէջ չի դաւաճաներ իր ընկերներուն», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց Ուլիանով:

Ռուս դիւանագէտին համաձայն, այս է Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու տարբերութիւնը:

«Արապիա» հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ սուրիական դեսպանատան վրայ բարձրացուած է «Սուրիոյ նոր դրօշը»-ը:

Նախորդը

Պայտըն. «Կ՛ուզենք Վստահեցնել, Որ Սուրիոյ Դրացիները Ապահով Են, Պիտի Աջակցինք Սուրիոյ Դրացիներուն, Ներառեալ Յորդանանը, Իրաքը, Իսրայէլը Եւ Լիբանանը»

Յաջորդը

«Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Կատարուի Նախ` Միջլիբանանեան Համախոհութեամբ Եւ Ապա` Միջազգային Զօրակցութեամբ» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?