Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, անկասկած արդիւնք է ամերիկեան-սիոնական միացեալ ծրագիրի մը: Այդ մէկը հաստատող փաստաթուղթեր ունինք»:
«Սուրիոյ դրացի պետութիւններէն մէկուն յստակ դերը կայ, եւ անիկա զայն կատարեց ու հիմա ալ կը կատարէ, եւ ատիկա բոլորը կը տեսնեն, սակայն անոնք (իսրայէլացիներն ու ամերիկացիները, «Ա.») են հիմնական ազդակը», նշեց Խամենէի:
«Անասկած, որ այդ յարձակում գործողներէն իւրաքանչիւրը, ինչպէս ըսի, իր նպատակը ունի, եւ անոնց նպատակները իրարմէ տարբեր են, կը ջանան բռնագրաւել Սուրիոյ հիւսիսը կամ հարաւը, եւ Ամերիկան կը ջանայ շրջանին մէջ իր դիրքը ամրապնդել: Այս են անոնց նպատակները, եւ ժամանակի ընթացքին ասիկա պիտի փաստուի: Անոնք, Աստուած ուզէ, այդ նպատակներէն ոչ մէկը պիտի իրագործեն: Սուրիոյ մէջ բռնագրաւուած շրջանները սուրիացի նախանձախնդիր երիտասարդներու ձեռքով պիտի ազատագրուին: Այդ առնչութեամբ մի՛ կասկածիք: Ամերիկան եւս յենարան պիտի չունենայ, Աստուծոյ օգնութեամբ, Դիմադրութեան ճակատը Ամերիկան շրջանէն պիտի վտարէ», ըսաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը: