Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Միւֆթի-Միքաթի-Սինիորա-Սալամ Ժողով

Դեկտեմբեր 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամամ Սալամ երէկ երկրին կացութեան ու շրջանին մէջ կարեւոր զարգացումներուն լոյսին տակ գումարեցին շտապ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին կացութիւնն ու նոր զարգացումները:

Սինիորա ժողովէն ետք յանուն մասնակիցներուն կարդաց հաղորդագրութիւն մը, որ լիբանանցիներուն կոչ կ՛ուղղէ` Լիբանանի պահպանման, գոյատեւման, գերիշխանութեան, անկախութեան, անոր ժողովուրդի միասնականութեան պահպանման համար իրենց դերը կատարելու եւ կառչելու լիբանանեան պետութեան, իրաւունքի ու օրէնքի պետութեան, որպէսզի անիկա վերականգնէ իր դերը, բացառիկ իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը:

Ժողովականները լիբանանցիներուն կոչ ուղղեցին` կառավարութեան կողքին կանգնելու` անոր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական եւ այլ առնչակից միջազգային որոշումներու գործադրութիւնը յարգելու, զինադադարի նկատմամբ նախանձախնդիր ըլլալու, լիբանանեան բանակին եւ լիբանանեան ապահովական ուժերուն կառչելու, անոնց կարելիութիւնները, կարողութիւնները եւ Լիբանանն ու լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ անոր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու պատրաստուածութեան ապահովման եւ Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման անոր ջանքերուն սատարելու համար:

Ժողովականները յայտնեցին, որ Լիբանանը չի հրաժարիր իր գերիշխանութենէն եւ իր հողերու ու քաղաքացիներու պաշտպանութենէն, ան իր հողերէն ոչ իսկ թիզ մը պիտի զիջի, կառչած է իր խորհրդարանական ժողովրդավարական վարչակարգին, որ հիմնուած է ազատութեան, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան վրայ: «Լիբանան, նախկին բազմաթիւ արկածախնդրութիւններուն հետեւանքներէն մեծապէս տառապելէն ետք, նոր արկածախնդրութիւններու չի տոկար», նշեցին անոնք:

Ժողովականները նշեցին, որ Լիբանան պիտի չընդունի Իսրայէլի կողմէ թիւ 1701 որոշումի խախտումներու շարունակութիւնը եւ կը մերժէ ու կը դատապարտէ Իսրայէլի լիբանանեան հողերուն վրայ կատարած ոտնձգութիւններն ու խախտումները, տուներու քանդումն ու լիբանանցիներու վրայ յարձակումը: Լիբանան զինադադարի նոր դասաւորումներն ու փոխըմբռնումները հովանաւորած պետութիւնները պատասխանատու կը նկատէ այս համաձայնութեան յարգումին եւ Իսրայէլի զայն գործադրել ստիպելուն համար:

Անոնք ընդգծեցին լիբանանեան բոլոր սահմաններու հսկողութեան մէջ պետութեան դերն ու պատասխանատուութիւնը: «Սահմաններու անցքերը պէտք չէ առանց վերահսկողութեան ըլլան, եւ այստեղ մեր յոյսը կը կապենք ազգային մեծ դերին, որ կատարած է եւ տակաւին կը կատարէ լիբանանեան բանակը` հայրենիքի սահմաններու ապահովման իր առաքելութեան գործադրութեան մէջ»:

«Սուրիոյ մէջ արագընթաց իրադարձութիւնները, որոնք վարչակարգի փոփոխութեան յանգեցան, մեզ կը մղեն Սուրիոյ եւ եղբայրական սուրիացի ժողովուրդին մաղթելու ամենայն բարիք եւ արագօրէն ուղղուելու դէպի կայունութիւն, իշխանութեան վերաձեւաւորում, որդեգրում արդիական սահմանադրութեան, որ նկատի կ՛ունենայ սուրիական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչ մասերը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ անոր միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` հիմնուելով քաղաքացիութեան կանոնին վրայ: Կը մաղթենք նաեւ սուրիական  ազգային հողի ամբողջականութեան պահպանումը եւ Սուրիոյ իր բոլոր արաբ եղբայրներուն հետ ազգային եւ աշխարհի մէջ բոլոր բարեկամներուն հետ յարաբերութիւններու կառուցումը», յայտնեցին ժողովականները:

Հանրապետութեան միւֆթին, վարչապետի պաշտօնակատարն ու նախկին վարչապետները բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեցին` «այս պատմական ու կարեւոր դէպքին նկատմամբ առաւելագոյն իմաստութիւն ու գիտակցութիւն ցուցաբերելու, եւ չտարուելու որեւէ ձեզի զգացական հակազդեցութիւններով կամ կասկածելի ծայրայեղական կոչերով, որովհետեւ Լիբանանը իր տագնապին մէջ փաստեց, որ լիբանանցիները իրարու կը զօրակցին: Միեւնոյն ժամանակ Լիբանան կը զօրակցի սուրիացի ժողովուրդին ազգային ընտրանքներուն, որոնց շուրջ ան համաձայնութիւն կը գոյացնէ, ի շահ երկու եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն եւ անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու ամրապնդման»:

Ժողովականները խորհրդարանին կոչ ուղղեցին` սահմանադրական իշխանութիւններու վերաձեւաւորման մէջ իր դերը կատարելու` սկսելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, ապա նորընտիր նախագահին կողմէ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելով` կազմելու համար ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը, որ կարող կ՛ըլլայ, ազդու եւ միասնական, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանի Լիբանանը դնելու առողջացման, ազգային, քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային վերականգնման, փտածութեան դէմ պայքարելու երթին վրայ: Կառավարութիւն մը, որ ըլլայ սահմանադրութեան կառչածութեան նկատմամբ նախանձախնդիր, եւ բոլոր լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ յաղթանակած վերադառնան լիբանանեան պետութեան ու անոր պայմաններուն, անոր միակ ու միասնական իշխանութեան, ուժեղ, հոգատար եւ արդար պետութեան:

Անոնք կոչ ուղղեցին` վերականգնելու Լիբանանի նկատմամբ արաբական ու միջազգային աջակցութիւնը, որպէսզի Լիբանանը կարող ըլլայ լիբանանցի տեղահանուածները անվտանգ ու արժանապատիւ կերպով իրենց գիւղերը վերադարձնելու, ինչպէս նաեւ աջակցելու համար լիբանանեան պետութեան քանդուած ու վնասուած շրջաններու վերաշինութեան ջանքերուն:

Ժողովէն ետք, միւֆթի Տրիան կրօնաւորներու մեծ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող դամբարան եւ նահատակ միւֆթի շէյխ Հասան Խալետի Ուզայիի գերեզման:

Նախորդը

Ընթացիկ Աշխատանքներու Կառավարութեան Նիստ` Սուրի Մէջ

Յաջորդը

Սուրիական Վարչակարգի Տապալման Վերաբերեալ Լիբանանեան Կեցուածքները

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?