Գլխաւոր լուրեր

Պքերքէի Մէջ` Իսլամ-Քրիստոնեայ Հոգեւոր Արտակարգ Վեհաժողով

Պքերքէի Մէջ` Իսլամ-Քրիստոնեայ Հոգեւոր Արտակարգ Վեհաժողով

Երէկ Պքերքէի մէջ գումարուեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր արտակարգ վեհաժողովը, որուն սկիզբը մարոնիներու Ռայի պատրիարքը խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Հայրենիքին խորքը վիրաւոր է, եւ բոլորս այստեղ ենք դարմանելու անոր վէրքերը, եւ վէրքը մեզմէ իւրաքանչիւրինն է: Մենք այսօր այստեղ ենք իրարու եւ խորապէս վիրաւորուած մեր ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելու զոհերուն, վիրաւորներուն, նահատակներուն, տեղահանուածներուն, գաղթականներուն, անոնց տուներու եւ խանութներու քանդման ու հողերու հրկիզման համար»: «Ասիկա...

Լիբանան Իսրայէլի Յարձակումին Միջազգային Դատապարտում Կը Պահանջէ. Եւ՝ Ստիպել, Որ Ան Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրէ

Լիբանան Իսրայէլի Յարձակումին Միջազգային Դատապարտում Կը Պահանջէ. Եւ՝ Ստիպել, Որ Ան Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրէ

Լուսանկարը` Ապպաս Ֆաքիհի (ԱՖՓ) Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացուց` պահանջելով դատապարտել իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը եւ Իսրայէլին պարտադրել, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրէ եւ անմիջապէս հեռանայ լիբանանեան հողերէն: Մինչ այդ, Իսրայէլ երէկ Նապաթիէի քաղաքին վրայ գործեց բուռն յարձակում, որուն պատճառով արձանագրուեցան 6 զոհեր, ներառեալ Նապաթիէի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ 43 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Իսրայէլ...

Զուիցերիոյ Մէջ Կը Քննարկեն Արցախի Հայերու Վերադարձի Նիւթով Խաղաղութեան Համաժողով Կազմակերպելու Հարցը

Զուիցերիոյ Մէջ Կը Քննարկեն Արցախի Հայերու Վերադարձի Նիւթով Խաղաղութեան Համաժողով Կազմակերպելու Հարցը

Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ խաղաղութեան միջազգային համաժողով կազմակերպելու առաջարկով դիմած է կառավարութեան: Ընդունուած բանաձեւով խորհրդարանականները կոչ կ՛ուղղեն համաժողովը կազմակերպելու որքան կարելի է շուտ` մէկ տարուան ընթացքին: Համաժողովի նպատակն է «դիւրացնել Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներու միջեւ պատմական հայ բնակչութեան անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի շուրջ բաց երկխօսութիւնը` միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ»: Խորհրդարանականները կը յիշեցնեն Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 17 նոյեմբեր 2023-ի  որոշումը, որ կը պարտաւորեցնէ Ազրպէյճանին ապահովել վերադարձը այն մարդոց, որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք հեռացած են Արցախէն, եթէ անոնք նման ցանկութիւն ունին: Ընդ որում` Ազրպէյճանը այդ պէտք էր ընէր արագ, անվտանգ եւ առանց խոչընդոտներու: Անոնք նաեւ յիշեցուցած են Եւրոպական խորհրդարանի այս տարուան 12 մարտի բանաձեւը,...

Քոնկրեսին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  «Ցուցմունք Տուի Իսրայէլի Մէջ «Թատ» Համակարգ Տեղակայելու»   Կ՛ըսէ Պայտըն

Քոնկրեսին Յղած Իր Նամակին Մէջ. «Ցուցմունք Տուի Իսրայէլի Մէջ «Թատ» Համակարգ Տեղակայելու» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քոնկրեսին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Մեր ուժերը պիտի մնան շրջանին (Միջին Արեւելք, «Ա.») մէջ` մեր շահերը պաշտպանելու Իրանի եւ անոր գործակատարներու շղթայազերծած յարձակումներէն»: «Ցուցմունք տուի Իսրայէլի մէջ «Թատ» համակարգ եւ զայն բանեցնող մեր զինուորները տեղակայելու, այնքան ատեն, որ այս պաշտպանական դիրքը արդարացուած է, ինչպէս նաեւ ցուցմունք տուի ամրապնդելու Միջին Արեւելքի մէջ մեր դիրքը`...

Կութիերեսի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Արաղչի. «Թեհրան Պատրաստ Է Ուժեղ Կերպով Հակադարձելու Իսրայէլեան Որեւէ Արկածախնդրութեան»

Կութիերեսի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Արաղչի. «Թեհրան Պատրաստ Է Ուժեղ Կերպով Հակադարձելու Իսրայէլեան Որեւէ Արկածախնդրութեան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց.  «Թեհրան պատրաստ է ուժեղ կերպով հակադարձելու իսրայէլեան որեւէ արկածախնդրութեան»: «Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները կը կրեն շրջանին մէջ անվտանգութեան բացակայութեան որեւէ յաւելման պատասխանատուութիւնը», շեշտեց Արաղչի: «ՄԱԿ-ը պէտք է իր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործէ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ոճիրները դադրեցնելու համար», նշեց ան: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի...

Ակնարկ.   Փոխ-Հակադարձութեան Ենթադրեալ Հետեւանքներ

Ակնարկ. Փոխ-Հակադարձութեան Ենթադրեալ Հետեւանքներ

Այթօ գիւղին վրայ Իսրայէլի օդային յարձակումը հարցականներու տարափ յառաջացուցած է: Ռազմական գործողութիւններու աշխարհագրութեան մէջ նոր տարածք է Զղարթայի շրջանը: Հարաւէն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն, Պէյրութէն, Հերմելէն, Պաալպեքէն, Պեքաայէն, Քեսըրուանէն ետք Զղարթան տակաւին պատասխան չունի թիրախավայրի առումով: Մանաւանդ, որ այնտեղ Հըզպալլայի որեւէ դէմք չէ եղած, եւ Թել Աւիւի պնդումները, թէ սպաննուած է Հըզպալլայի ղեկավարներէն մէկը, կը շարունակեն մնալ խիստ տարակուսելի: Զղարթայով, հարաւէն-հիւսիս...

Հըզպալլա Թել Աւիւի Արուարձանները Թիրախաւորեց  Եւ Վար Առաւ Իսրայէլեան «Հերմեզ 450» Մը

Հըզպալլա Թել Աւիւի Արուարձանները Թիրախաւորեց Եւ Վար Առաւ Իսրայէլեան «Հերմեզ 450» Մը

Հըզպալլան երէկ հրթիռակոծեց Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի արուարձանները եւ կէս գիշերին վար առաւ իսրայէլեան «Հերմեզ 450» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը: Կուսակցութիւնը կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին հրթիռակոծեց Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը, իսկ արշալոյսին սահմանին վրայ իսրայէլեան բանակին դէմ գործողութիւններ կատարեց: Հըզապալլա առաւօտեան ժամը 6:25-ին հրթիռակոծեց Մարժ դիրքի մերձակայքին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները, ինչպէս նաեւ 6:20-ին երկարատեւ բախում...

Բագրատունի. «Պէտք Է Հանրապետութեան Նախագահ  Ընտրել, Որովհետեւ Լիբանանը Ի Վերջոյ Պիտի Մնայ»

Բագրատունի. «Պէտք Է Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել, Որովհետեւ Լիբանանը Ի Վերջոյ Պիտի Մնայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Բագրատունի հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Պքերքէն «դժուար ժամանակներուն մէջ միասնականութեան, գերիշխանութեան ու անկախութեան խորհրդանիշն է»: «Հոգեւոր տիրոջ հետ քննարկեցինք հոգեւոր պետերու վեհաժողովի նիւթը, եւ կը կարծեմ, որ հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը միաւորող հաղորդագրութիւն մըն է, որ կոչ կ՛ուղղէ` չմտահոգուելու, զինադադար հաստատելու,...

Շէյխ Քասեմ. «Մենք Իսրայէլեան-Ամերիկեան Տարբերակով Նոր Միջին Արեւելքի Մը  Վտանգին Առջեւ Կանգնած Ենք»

Շէյխ Քասեմ. «Մենք Իսրայէլեան-Ամերիկեան Տարբերակով Նոր Միջին Արեւելքի Մը Վտանգին Առջեւ Կանգնած Ենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլ բռնագրաւող գոյացութիւն մըն է, որ շրջանին ու աշխարհին իսկական վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ան գրաւը կը դնէ ոճրագործութեան վրայ, որ ուրիշները կը սարսափեցնէ, եւ Ամերիկայի բացարձակ աջակցութեան վրայ»: «Չենք կրնար Լիբանանը Պաղեստինէն անջատել, ո՛չ ալ շրջանը` Պաղեստինէն» ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Աքսայի...

Կալանթ. «Իսրայէլ Մօտ Օրէն Պիտի Հակադարձէ  Իրանին, Եւ Մեր Պատասխանը  Պիտի Ըլլայ Մահացու Եւ Ճշգրիտ»

Կալանթ. «Իսրայէլ Մօտ Օրէն Պիտի Հակադարձէ Իրանին, Եւ Մեր Պատասխանը Պիտի Ըլլայ Մահացու Եւ Ճշգրիտ»

«Իսրայէլ Հայոմ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնած է. «Մօտ օրէն պիտի հակադարձենք Իրանին, եւ մեր պատասխանը պիտի ըլլայ մահացու եւ ճշգրիտ»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին ըսած է, որ պատրաստ է հարուածելու Իրանը` թիրախաւորելով ոչ թէ քարիւղի կամ հիւլէական կառոյցները, այլ` զինուորական: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը` վկայակոչելով  հարցին ծանօթ երկու...

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Հիւսիսային Լիբանանի Այթօ Գիւղին Վրայ

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Հիւսիսային Լիբանանի Այթօ Գիւղին Վրայ

Կալանթ. «Պենիամինա Ռազմակայանին Վրայ Հըզպալլայի Յարձակումին Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք» Իսրայէլեան օդուժը շարունակեց Լիբանանի վրայ իր յարձակումները` ռմբակոծելով Լիբանանի արեւելքն ու հարաւը` յարձակումներ գործելով Պարաշիթ, Սուլթանիէ, Խըրպեթ Սըլմ, Քֆարտունին, Հանին եւ Ռաշաւ գիւղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի Զղարթա գաւառի Այթօ գիւղին վրայ, ուր արձանագրուեցան 22 զոհեր: Հըզպալլան հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի կեդրոնը գտնուող Նաթանիա եւ Շարոն շրջաններուն վրայ: Կուսակցութիւնը նաեւ...

Միքաթիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Յորդանանի Թագաւորը Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան  Պատերազմի Ընդլայնումէն Կը Զգուշացնէ

Միքաթիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Յորդանանի Թագաւորը Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմի Ընդլայնումէն Կը Զգուշացնէ

Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսան Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի եւ Ամմանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան գործավար Եուսեֆ Ռաժիի: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքները, կացութեան զարգացումներն ու շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցումը: Հասսան յայտնեց. «Յորդանանը, Ապտալլա Բ. թագաւորի ցուցմունքով կը կանգնի եղբայրական Լիբանանի կողքին, կը զօրակցի անոր...

Ազգային Չափաւորականութեան Համախմբում- Հայկական Երեսփոխանական Պլոք Հանդիպում

Ազգային Չափաւորականութեան Համախմբում- Հայկական Երեսփոխանական Պլոք Հանդիպում

Ազգային չափաւորականութեան խորհրդարանական համախմբումէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Սաժիհ Աթիէ, Մոհամետ Սլէյման եւ Ահմետ Խէյր, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի հետ: Քննարկումի նիւթ դարձաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հետ կապուած հոլովոյթը եւ Լիբանանի վրայ կատարուած Իսրայէլի յարձակումէն ետք ստեղծուած իրավիճակն ու երկրի ներքին միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:  

Հայազգի Տարօն Աճեմօղլուն`  Նոպելեան Մրցանակակիր

Հայազգի Տարօն Աճեմօղլուն` Նոպելեան Մրցանակակիր

Տնտեսագիտութեան ոլորտին մէջ այս տարուան Նոպելեան մրցանակակիրներն են Տարօն Աճեմօղլուն, Սայմըն Ճոնսընը եւ Ճէյմս Ռապինսընը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը: Անոնք հեղինակաւոր մրցանակին արժանացած են իրենց այն հետազօտութեան համար, թէ ինչպէ՛ս «հաստատութիւնները կը ձեւաւորուին եւ կ՛ազդեն բարեկեցութեան վրայ»: Երեք տնտեսագէտները պիտի կիսեն 11 միլիոն քրոն (1,1 միլիոն տոլար) մրցանակը, կ՛ըսուի Սթոքհոլմի Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիայի յայտարարութեան մէջ: Պոլիս ծնած Տարօն...

Փեզեշքիան Եւ Մաքրոն Քննարկած Են  Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Փեզեշքիան Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոն քննարկած են Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ զինադադար հաստատելու ուղիները: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Փեզեշքիանն ու Մաքրոնը կիրակի երեկոյեան հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակած են հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան շուրջ, ուր Իսրայէլ ցամաքային գործողութիւն սկսած է եւ կը շարունակէ բուռն օդային հարուածները: Իրանի...

Ակնարկ. (Ան)Կարեւոր Ազդանշաններ

Ակնարկ. (Ան)Կարեւոր Ազդանշաններ

Շաբաթավերջը Լիբանանի մէջ յատկանշուեցաւ ցամաքային գործողութիւններով, ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից երկիրներու դատապարտանքի շարունակութեամբ: Տարածաշրջանային արձագանգներուն շարքին լուսարձակի տակ պէտք է առնել Թուրքիոյ նախագահին առաջարկը` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ միացեալ պաշտպանողական գիծ կազմելու, ընդդէմ իսրայէլեան յարձակումներուն: Հետաքրքրական է  այս պարագային, որ Թուրքիան ի՛նք կ՛առաջարկէ միացեալ ճակատի մը կազմութիւնը, որուն ինք չի ներառուիր: Նման առաջարկ մը, խորքին մէջ կառուցուած է ռուս-իրանեան համատեղութեան վրայ, որ...

Հարաւային Լիբանանի Ճակատին Վրայ Դէմ Առ Դէմ  Բախումներ, Հրթիռակոծումներ Եւ Օդային Յարձակումներ

Հարաւային Լիբանանի Ճակատին Վրայ Դէմ Առ Դէմ Բախումներ, Հրթիռակոծումներ Եւ Օդային Յարձակումներ

Հըզպալլա «զերօ հեռաւորութեան» վրայ դէմ առ դէմ բախումներ ունեցաւ իսրայէլացի զինուորներու հետ, երբ վերջիններս փորձեցին ներթափանցում կատարել, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան բանակի հրետանիներու դիրքերուն վրայ յարձակումներ գործեց: Հըզպալլա յայտարարեց, որ իսրայէլեան հետեւակ ուժ մը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:05-ին փորձած է հարաւային Լիբանանի Քաուզահ գիւղ ներթափանցել: Կուսակցութեան մարտիկները դէմ դրած են այդ փորձին: Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան ժամը 10:00-ին...

Հայաստան Միացած Է ՖԻՆԻՒԼ-ին  Աջակցող Միացեալ Յայտարարութեան

Հայաստան Միացած Է ՖԻՆԻՒԼ-ին Աջակցող Միացեալ Յայտարարութեան

Առնուազն 40 պետութիւններ «ամբողջական» զօրակցութիւն յայտնեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին, եւ յորդորեցին պաշտպանել անոր անդամները, որոնցմէ 5-ը չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր վիրաւորուած էին: ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից պետութիւնները Լեհաստանի նախաձեռնութեամբ իրենց հրապարակած նամակին մէջ յայտնեցին. «Տագնապին կողմերը կը յորդորենք յարգելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը, ինչ որ կը պահանջէ ամէն պահու երաշխաւորել անոր պաշտօնեաներուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը»: Նշենք, որ Իսրայէլ ուրբաթ...

Ըստ Ազրպէյճանի Ընդհանուր Դատախազին.  Պաքուի Մէջ Պահուող Արցախի Ղեկավարութեան Գործով Պիտի Ստեղծուի Յատուկ Քննչական Խումբ

Պաքուի Մէջ Ապօրինի Պահուող Արցախի Նախկին Ղեկավարներու Կալանքի Ժամկէտները Երկարաձգուած Են

Ազրպէյճանի Պինկատիի շրջանային դատարանը Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, նախկին պաշտօնատարներ Դաւիթ Մանուկեանի եւ Դաւիթ Բաբայեանի խափանման միջոց կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու մասին որոշում տուած է: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Վերջերս Պաքուն նոր մեղադրանք առաջադրած էր անոնց դէմ` պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման համար:  

Էրտողան. «Ռուսիան, Իրանն Ու Սուրիան Պէտք Է  Սուրիան Իսրայէլեան Յարձակումներէն  Պաշտպանելու Աւելի Ազդու Քայլեր Որդեգրեն»

Էրտողան. «Ռուսիան, Իրանն Ու Սուրիան Պէտք Է Սուրիան Իսրայէլեան Յարձակումներէն Պաշտպանելու Աւելի Ազդու Քայլեր Որդեգրեն»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` պատասխանելով Դամասկոսի վրայ Իսրայէլի վերջին յարձակումներուն մասին հարցումի մը, յայտնեց, որ Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան պէտք է Սուրիոյ հողերը պաշտպանելու աւելի ազդու քայլերու դիմեն: Էրտողան թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ շտապ եւ տեւական խաղաղութիւն մը պիտի պաշտպանենք, Իսրայէլ շրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան շօշափելի սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»: «Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան...

Page 139 of 796 1 … 138 139 140 … 796

Արխիւներ