Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումները երէկ առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը:
Սուրիացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսէն մեկնած է անծանօթ ուղղութեամբ:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնեցին. «Ասատ Դամասկոսէն ողջ մեկնեցաւ, սակայն չկայ ցուցանիշ, թէ տակաւին Սուրիա կը գտնուի»: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Ասատ կէս գիշերին հեռացաւ Դամասկոսէն եւ մեկնեցաւ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայան` առ ի պատրաստութիւն Մոսկուա մեկնելու»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», մէջբերելով սուրիական երկու ապահովական պատասխանատուներ, հաղորդեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերուն երկրէն հեռացաւ անծանօթ ուղղութեամբ»` նշելով. «Ասատ Սուրիայէն մեկնեցաւ իր կնկան ու զաւակներուն անցեալ շաբաթ Ռուսիա ուղղուելէն ետք»:
Օդանաւային թռիչքներու հետեւող «Ֆլայթ Ռետար» կայքը հաղորդեց. «Սուրիական օդանաւ մը, որ ենթադրաբար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պէտք էր փոխադրէր, Դամասկոսի միջազգային օդակայանէն թռիչք կատարեց զինեալ խմբաւորման մուտք գործելէն առաջ»` աւելցնելով. «Օդանաւը ուղղուեցաւ դէպի հիւսիս-արեւմուտք, ապա դարձ կատարեց Հոմսի մօտ եւ անհետացաւ»:
Քրեմլինէն աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Պաշշար Ասատ եւ անոր ընտանիքին անդամները հասած են Մոսկուա, եւ անոնց Ռուսիոյ ապաստանի իրաւունք տրուած է: ԹԱՍՍ նաեւ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ դրօշը վերցուած է Մոսկուայի մէջ սուրիական դեսպանատան առջեւէն:
Սուրիոյ վարչապետ Մոհամետ Ժալալի յայտարարեց, որ պատրաստ է գործակցելու ժողովուրդին ընտրած որեւէ ղեկավարութեան հետ եւ անոր բոլոր դիւրութիւնները ընծայելու` բոլոր թղթածրարներուն հեզասահ ու կանոնաւոր եւ պետական կառոյցները պահպանող կերպով փոխանցելու համար, «եւ մեր ձեռքը կ՛երկարենք ընդդիմադիրներուն, որոնք իրենց ձեռքը երկարեցին»: Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` հանրային վայրերուն վնաս չպատճառելու, «որովհետեւ անոնք իրենց սեփականութիւնն են»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Այսօր կը գրուի Սուրիոյ պատմութեան մէջ նոր էջ մը` բացումը կատարելով սուրիացիներու խօսքը միաւորող, չմասնատող եւ զանոնք միասնական դարձնող նոր ժամանակաշրջանի մը եւ ազգային ուխտի մը` կառուցելու համար հայրենիք մը, ուր արդարութիւն ու հաւասարութիւն կը տիրէ եւ ուր բոլորը ունին իրենց բոլոր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, մէկ տեսակէտէն հեռու, եւ հիմքը քաղաքացիութիւնն է»:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, որ նախարարութիւնն «ու արտասահմանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութիւնները պիտի մնան բոլոր հայրենակից եղբայրներու ծառայութեան եւ անոնց հարցերը լուծելու ուխտին վրայ` մեկնելով սուրիացի ժողովուրդը ներկայացնելու իրենց պարտականութենէն, ինչպէս նաեւ այն իրողութենէն, որ հայրենիքը կը մնայ ամէն բանէ վեր»:
Արտասահմանի սուրիական ընդդիմադիր ուժերու ազգային համախմբումի նախագահ Հատ Պահրա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց` ազատ ընտրութիւններ կատարելու համար «անվտանգ, անկողմնակալ եւ հանդարտ մթնոլորտ»-ի ապահովման նպատակով 18 ամսուան տեւողութեամբ փոխանցման փուլ ունենալու:
Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի երէկ Դամասկոս այցելելով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռին կողմէ սփռուած ուղերձի մը մէջ յայտարարեց. «Ապագան մերն է»:
Ան իր զինեալներուն կոչ ուղղեց` չմօտենալու պետական հաստատութիւններուն` ընդգծելով, որ անոնք պիտի մնան նախկին վարչապետին վերահսկողութեան տակ, մինչեւ «անոնց պաշտօնապէս յանձնումը»:
Ան նաեւ արգիլեց օդը կրակել:
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Շոն Սաւեթ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ անոր խումբը մօտէն կը հետեւին Սուրիոյ մէջ արձանագրուած արտակարգ դէպքերուն, եւ անոնք մնայուն կապի մէջ են շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ»:
Թրամփ. «Ասատ Հեռացաւ Եւ Իր Երկրէն Փախուստ Տուաւ,
Եւ Ռուսիան Այլեւս Հետաքրքրուած Չէ Զինք Պաշտպանելով»
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռացաւ, իր երկրէն փախուստ տուաւ, եւ զինք պաշտպանողը` Վլատիմիր Փութինի ղեկավարութեամբ Ռուսիան այլեւս հետաքրքրուած չէ զինք պաշտպանելով: Նախ եւ առաջ Ռուսիոյ այդտեղ գտնուելուն պատճառ չկար: Ուքրանիոյ պատճառով Սուրիոյ նկատմամբ իրենց բոլոր հետաքրքրութիւնը կորսնցուցին, որովհետեւ շուրջ 600 հազար ռուս վիրաւոր կամ սպաննուած զինուորներ կան պատերազմի մը մէջ, որ պէտք էր երբեք չսկսէր, եւ կրնայ յաւիտեանս տեւել»:
«Ռուսիան եւ Իրանը ներկայիս տկար կացութեան մէջ են, մէկը Ուքրանիոյ եւ վատ տնտեսութեան պատճառով, իսկ միւսը Իսրայէլի եւ անոր մարտական յաջողութիւններուն պատճառով: Նոյնպէս Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ու Ուքրանիան կ՛ուզեն զինադադարի հասնիլ եւ դադրեցնել այս խենթութիւնը», ըսաւ Թրամփ:
Մաքրոն. «Բարբարոս Պետութիւն Վերջապէս Տապալեցաւ»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն շեշտեց. «Բարբարոս պետութիւնը տապալեցաւ, վերջապէս»:
Ան իր գնահատանքը արտայայտեց «Սուրիոյ ժողովուրդին, անոր քաջութեան ու համբերութեան, այս կասկածներով լեցուն պահուն մէջ, եւ անոր խաղաղութիւն, անկախութիւն եւ միասնականութիւն կը մաղթեմ: Ֆրանսան պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ Միջին Արեւելքի բոլոր կողմերուն մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան նկատմամբ»:
Ֆիտան. «Չենք Գիտեր, Թէ Ասատ Ուր Է, Թուրքիան
Դրացի Երկիրներուն Հետ Պիտի Շարունակէ
Սուրիոյ Նոր Վարչակազմին Հետ Աշխատիլ»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց. «Թուրքիան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան»:
Պատասխանելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի գտնուած վայրին մասին հարցումի մը` ան յայտնեց. «Չենք կրնար այս հարցը մեկնաբանել, եւ չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կը գտնուի, հաւանական է, որ Սուրիայէն դուրս է»:
«Այժմ միլիոնաւոր սուրիացիներ, որոնք ստիպուեցան իրենց երկրէն հեռանալ, կրնան վերադառնալ», նշեց ան` շրջանին եւ անկէ դուրս ազդու բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով` «զգուշութեամբ եւ հանդարտութեամբ վարուելու»` ընդգծելով. «Պէտք չէ շրջանը յաւելեալ անկայունութեան մէջ ներքաշել»:
«Պէտք է սուրիական պետութեան հաստատութիւնները պահպանել, եւ ընդդիմադիր ուժերը պէտք է անմիջապէս միաւորուին», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը` յայտարարելով. «Թուրքիան պիտի շարունակէ դրացի պետութիւններուն հետ աշխատիլ Սուրիոյ մէջ նոր վարչակազմին հետ, բոլոր կարողութիւնները օգտագործելով այդ երկրի վերաշինութեան համար»:
Լաւրով. «Մոսկուան Չմասնակցեցաւ Սուրիոյ Մէջ
Իշխանութեան Յանձնման Շուրջ Բանակցութիւններուն»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Ռուսիան բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` խնդիրները խաղաղութեամբ լուծելու եւ բռնութենէն ետ կանգնելու: Մոսկուան չմասնակցեցաւ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան յանձնման շուրջ բանակցութիւններուն»:
Լաւրով կոչ ուղղեց «յարգելու սուրիական հասարակութեան բոլոր ազգային եւ կրօնական ուժերու տեսակէտները»` աւելցնելով. «Կը զօրակցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած թիւ 2254 որոշումի հիմամբ քաղաքական համապարփակ գործողութեան ստեղծման ձգտող ջանքերուն»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ ողբերգական իրադարձութիւններուն»` նշելով. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապի շարք մը կողմերու միջեւ բանակցութիւններուն հիմամբ, Ասատ որոշեց լքել իր պաշտօնը, ցուցմունք տուաւ իշխանութիւնը խաղաղօրէն փոխանցելու եւ երկրէն մեկնեցաւ»: Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Ռուսիան այդ բանակցութիւններուն չէ մասնակցած:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց բռնութիւն չկիրարկելու եւ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան բոլոր խնդիրները լուծելու քաղաքական միջոցներով: «Ռուսիան կապի մէջ է սուրիական ընդդիմութեան բոլոր խմբաւորումներուն հետ», աւելցուց նախարարութիւնը:
«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռուս բարձրաստիճան երեսփոխան մը ըսած է. «Սուրիացիները պիտի ստիպուին իրենք անձամբ դիմակայել քաղաքացիական համապարփակ պատերազմ մը»:
Իրան. «Թեհրան Կը Շարունակէ Աջակցիլ Միջազգային
Մեքանիզմներուն, Մասնաւորաբար ՄԱԿ–ի Թիւ 2254 Որոշումին»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թեհրան կը շարունակէ աջակցիլ միջազգային մեքանիզմներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը շարունակելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Սուրիոյ ճակատագիրը միայն սուրիացի ժողովուրդին պատասխանատուութիւնն է, եւ անիկա պէտք է ճշդուի առանց օտար պարտադրանքի կամ քանդիչ միջամտութեան:
Նեթանիահու. «Ասատի Վարչակարգի Տապալումը
Իսրայէլի Համար Նոր Եւ Շատ Կարեւոր Առիթներ Կը Ստեղծէ»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սուրիոյ սահմանին մօտ այցելելով նշեց. «Ասատի վարչակարգը իրանեան չարիքի առանցքի կեդրոնական օղակն էր, եւ տապալեցաւ շնորհիւ անոր հիմնական աջակիցներուն` Իրանի եւ Հըզպալլայի վրայ մեր հարուածներուն»:
«Ասատի վարչակազմի տապալումը Իսրայէլի համար նոր եւ շատ կարեւոր առիթներ կը ստեղծէ, սակայն խնդիրը վտանգներէ զուրկ չէ», նշեց Նեթանիահու:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ երէկ Կոլանի բարձունքին մէջ բնակող իսրայէլացիներուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու ծրագիրի մը ծիրին մէջ որդեգրած է որոշում մը` իսրայէլեան բանակէն ուժեր տեղակայելու Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ՄԱԿ-ի հսկողութեան տակ գտնուող արգելակիչ գօտիի մը մէջ:
Քաց Սուրիոյ սահմանէն պատկերասփռուած խօսքի մը ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլ մտադիր է Կոլանի բարձունքին մէջ անվտանգութիւն ապահովելու»:
Իրաք. «Միջամտութիւնը Միայն Սուրիոյ Կացութիւնը
Յաւելեալ Տագնապի Եւ Պառակտման Պիտի Մղէ»
Իրաքի կառավարութեան բանբերը նշեց. «Կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումներուն եւ կը շարունակենք եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններու հետ միջազգային հաղորդակցութիւնները»:
Իրաքի կառավարութեան բանբերը յայտնեց. «Միջամտութիւնը միայն Սուրիոյ կացութիւնը յաւելեալ տագնապի եւ պառակտման պիտի մղէ, եւ կը շեշտենք Սուրիոյ ներքին հարցին կամ կողմի մը ուրիշ կողմի մը դէմ չաջակցելու կարեւորութիւնը»:
Եգիպտոս Աջակցութիւն Յայտնեց Սուրիոյ Գերիշխանութեան
Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան Վերականգնման
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ փոփոխութեան` աւելցնելով, որ կը կանգնի պետութեան ու սուրիացի ժողովուրդի կողքին եւ կը զօրակցի Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սուրիական բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` պահպանելու պետական կառոյցներն ու ազգային հաստատութիւնները, կանգնելու երկրի գերագոյն շահերուն կողքին` միաւորելով նպատակներն ու առաջնահերթութիւնները, սկսելու քաղաքական ամբողջական ու համապարփակ հոլովոյթ մը, որ հիմքը կը դնէ ներքին համախոհութեան ու խաղաղութեան նոր փուլի եւ Սուրիոյ շրջանային ու միջազգային դիրքի վերականգնման:
Քաթար Վերստին Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Տագնապը
ՄԱԿ–ի Թիւ 2254 Որոշումին Հիմամբ Լուծելու
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումի հիմամբ լուծելու իր կոչը եւ յայտնեց, որ հաստատօրէն կը կանգնի սուրիացի ժողովուրդին եւ անոր ընտրանքներուն աջակցող իր դիրքորոշումին վրայ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն եւ կոչ կ՛ուղղէ` պետութեան միութիւնը պահպանելու:
Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին Կոչը`
Հալէպահայութեան
Երէկ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Սուրիական հայրենիքի մէջ փոփոխութիւններու այս փուլին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յորդորենք ըլլալ զուսպ եւ զգուշաւոր, այս ժամերուն բնակարաններէն միայն անհրաժեշտութեան պարագային դուրս գալ:
Հայ համայնքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ սուրիական հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման սատարող, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան ջատագով:
Այս երկրին մէջ դարարմատ ու կառուցողական ներկայութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը համատեղ աշխատանքով պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ վերականգնումի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն:
Խաղաղութիւն կը մաղթենք սուրիական հայրենիքին, իսկ Հալէպէն առժամաբար մեկնողներուն` ապահով ուղիներով բարի վերադարձ, որպէսզի միասին, ձեռք-ձեռքի նպաստենք երկրի բարգաւաճման»:
Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ` 7 Դեկտեմբեր 1988-ի
Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին
«Գանձասար կը հաղորդէ, որ կիրակի, 8 դեկտեմբերի առաւօտուն, տնօրինութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ 7 դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Հանդիպում` Քեսապի Ղեկավարութեան Եւ
Ընդդիմադիր Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Դիմատետրի «Կասիոս-Քեսապ» էջը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ կայացաւ հանդիպում Քեսապը ներկայացնող հոգեւոր ու աշխարհիկ ղեկավարութեան եւ երկիրը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
«Փոխհասկացողութեան եւ գործակցային մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումի լոյսին տակ կը թելադրենք քեսապահայութեան, որ խաղաղ սրտով եւ լաւատեսութեամբ շարունակեն իրենց ամէնօրեայ բնականոն կեանքը», նշեց դիմատետրեան էջը:
Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան Անձնակազմը
Իր Աշխատանքները Պիտի Շարունակէ Պէյրութէն
«Սուրիոյ մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակով պայմանաւորուած` Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս պիտի շարունակէ Պէյրութէն», կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Անցեալ շաբաթ Դամասկոսի դեսպանութեան մէջ թէժ գիծի յայտարարումէն ետք դեսպանութիւնը պատասխանած է ստացուած զանգերուն, որոնք վերաբերած են Հայաստան մուտքի արտօնագիրներու, անձնագիրներու ստացման, տարհանման կարելիութեան: Վերջինիս անվտանգ կարելիութիւնը այս պահուն կը բացակայի», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Յաջորդիւ, Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ կապը պիտի պահպանուի Պէյրութի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն` հետեւեալ թէժ գիծին միջոցով +9617447205 (բջիջային)», կը հաղորդէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: