Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկած է Սուրիոյ կացութիւնը:
Միլլըր ըսաւ, որ Հայըաթ Թահրիր Շամը ճիշդ բառամթերք կ՛օգտագործէ, սակայն Միացեալ Նահանգներ զայն պիտի դատեն անոր արարքներուն համեմատ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Պլինքըն իր յորդանանցի պաշտօնակից Այման Սաֆատիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները:
«Պլինքըն շեշտեց ամերիկեան աջակցութիւնը սուրիական պատասխանատու կառավարութեան մը, որ ժողովուրդը կը ներկայացնէ եւ անոր կողմէ ընտրուած է», նշեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը երեքշաբթի օր յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ ամբողջական կերպով կը զօրակցին Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման եւ կ՛ուզեն, որ հոլովոյթը յանգեցնէ հաւաստի, համապարփակ եւ ոչ համայնքային կառավարութեան մը, որ համահունչ է թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան միջազգային արժեչափերուն»:
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Ամերիկացի պաշտօնատարները կացութեան զարգացման լոյսին տակ սերտ հաղորդակցութեան մէջ են սուրիական ընդդիմութեան խմբաւորումներուն եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներուն հետ»:
Քըրպի նաեւ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն Անգարայի աջակցութիւնը վայելող զինեալ ընդդիմութեան խմբաւորումներուն յառաջխաղացքէն ետք հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքէն հեռացման հարցով Թուրքիոյ հետ սերտ հաղորդակցութեան մէջ է»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Պայտընի վարչակազմը Հայըաթ Թահրիր Շամի հետ կը հաղորդակցի շրջանին մէջ իր դաշնակիցներուն հետ համակարգաբար, ներառեալ Թուրքիան»:
Ամերիկացի պաշտօնատարները նշած են. «Պայտընի վարչակազմը Հայըաթ Թահրիր Շամը յորդորեց իշխանութիւնը չստանձնելու, այլ` փոխանցման կառավարութիւն կազմելու»:
«Պայտընի վարչակազմը Հայըաթ Թահրիր Շամի հետ հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ կապի մէջ է նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբին հետ», ըսած են անոնք:
«Ուաշինկթընի կարծիքով` փոխանցման կառավարութիւնը պէտք է սուրիացի ժողովուրդի փափաքները ներկայացնէ, եւ Ուաշինկթըն պիտի չզօրակցի Հայըաթ Թահրիր Շամի իշխանութեան, առանց նոր ղեկավարներու ընտրութեան համապարփակ գործողութեան», շեշտած են ամերիկացի պաշտօնատարները: