Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ կը հետեւի եղբայրական Սուրիոյ մէջ արձանագրուած արագընթաց զարգացումներուն` գոհունակութիւն յայտնելով «եղբայրական սուրիացի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, արիւնահեղութեան կանխարգիլման եւ սուրիական պետութեան կառոյցներու ու ներուժի պահպանման համար որդեգրուած դրական քայլերուն նկատմամբ»:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «Սէուտական Արաբիան Սուրիոյ պատմութեան վճռորոշ այս փուլին կը կանգնի եղբայրական սուրիացի ժողովուրդին եւ անոր ընտրանքներուն կողքին»` կոչ ուղղելով. «միախմբելու ջանքերը` պահպանելու համար Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդին միասնականութիւնը, ինչ որ զայն կը պաշտպանէ դէպի քաոս եւ պառակտում ուղղուելէ»:
«Սէուտական Արաբիան կ՛աջակցի այն ամէնուն, որ եղբայրական Սուրիոյ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման կը նպաստէ, որ կը պաշտպանէ անոր գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսաւ նախարարութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց` սուրիացի ժողովուրդին կողքին կանգնելու, անոր հետ գործակցելու, Սուրիոյ ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ անոր աջակցելու, որպէսզի յաղթահարէ երկարատեւ տարիներու արհաւիրքները:
Սէուտական Արաբիան ընդգծեց, թէ ժամանակն է, որ սուրիացի ժողովուրդը իր արժանի եղած արժանապատիւ կեանքը վայելէ, անոր բոլոր բաղադրիչ մասերը նպաստեն երկրի բարգաւաճ ապագայի կառուցման, եւ Սուրիան վերադառնայ արաբական եւ իսլամական աշխարհներուն մէջ իր բնական դիրքին:
Քուէյթ. «Մեծ Հետաքրքրութեամբ Կը Հետեւինք
Սուրիոյ Մէջ Արձանագրուող Զարգացումներուն»
Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ դէպքերու զարգացման` շեշտելով, որ պէտք է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, յարգել անոր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ երաշխաւորել «եղբայրական սուրիացի ժողովուրդի պաշտպանութիւնն ու խնայել անոր զաւակներուն արիւնը»:
Նախարարութիւնը վերահաստատեց Քուէյթի պետութեան աջակցութիւնը Սուրիոյ պետական հաստատութիւններու պահպանմամբ, երկխօսութեան կիրարկմամբ Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման` հասնելու համար սուրիացի ժողովուրդի յոյսերու եւ ձգտումներու իրագործման:
Շոլց. «Արագօրէն Վերականգնել
Սուրիոյ Մէջ Կարգն Ու Կանոնը»
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան աւարտը լաւ լուր է: Այժմ կարեւորը Սուրիոյ մէջ կարգն ու կանոնը արագօրէն վերականգնելն է»:
«Ասատ իր ժողովուրդը վայրագօրէն ճնշեց, ան անհամար զոհերու համար պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ մեծաթիւ անձեր մղեց Սուրիայէն փախուստ տալու, անոնցմէ շատերը Գերմանիա հասան», ըսաւ ան իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ` նշելով. «Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ապագային, ապա անոր տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը հիմնական տարրեր են»:
«Պէտք է բոլոր կրօնական համայնքներն ու բոլոր փոքրամասնութիւնները այժմ եւ ապագային պաշտպանուած ըլլան», շեշտեց Շոլց` ընդգծելով կարեւորութիւնը Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման` հիմնուելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին վրայ, որ կոչ կ՛ուղղէ` ազատ ու պարկեշտ ընտրութիւններ կազմակերպելու նպատակով բանակցութիւններ կատարելու»:
Գերմանիոյ վարչապետը նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելը կարելի է` նշելով. «Գերմանիան միջազգային գործընկերներու հետ գործակցաբար եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումներուն հիմամբ պիտի նպաստէ ատոր»:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք իր կարգին «մեծ գոհունակութիւն» յայտնեց Ասատի իշխանութեան տապալման նկատմամբ` նոյն ատեն զգուշացնելով «ծայրայեղականներու» իշխանութեան գալէն:
Սթարմըր. «Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք`
Քաղաքայիններն ու Փոքրամասնութիւնները Պաշտպանելու»
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր ողջունեց «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մեկնումն ու անոր վայրագ վարչակարգի աւարտը»` աւելցնելով. «Մենք կարիքը ունինք քաղաքական լուծումի»:
Սթարմըր նշեց. «Շրջանային դաշնակիցներու հետ կը խօսինք եւ կացութեան կը հետեւինք: Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու, քաղաքայիններն ու փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու եւ օժանդակութիւնները հասցնելու»:
Բրիտանիոյ վարչապետը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Սուրիացի ժողովուրդը շատ երկար ժամանակ տառապեցաւ Ասատի վարչակարգին տակ, եւ մենք կ՛ողջունենք անոր մեկնումը»` նշելով. «Այժմ մեր կեդրոնացումը գերիշխանութեան երաշխաւորման, քաղաքական լուծման եւ խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնման վրայ է»:
Կութիերես. «Սուրիացիները Կ՛որոշեն Սուրիոյ Ապագան»
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նշեց. «14 տարի վայրագ պատերազմէն ու բռնատիրական վարչակարգի տապալումէն ետք, սուրիացի ժողովուրդը այսօր կրնայ պատմական առիթը օգտագործել կայուն ու խաղաղ ապագայ կառուցելու»:
«Սուրիոյ ապագան հարց մըն է, որ սուրիացիները կ՛որոշեն, եւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ յատուկ պատուիրակը անոնց հետ կ՛աշխատի այդ նպատակի իրագործման համար», շեշտեց Կութիերես` նշելով. «Մենք յանձնառու ենք սուրիացիներուն օգնելու կառուցելու երկիր մը, ուր հաշտութիւնը, արդարութիւնը, ազատութիւնն ու հանգստութիւնը բոլորին համար հասարակաց իրողութիւններ կ՛ըլլան»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` աջակցելու քաղաքական փոխանցման, որ պէտք է ըլլայ «միախմբող ու համապարփակ, եւ ընդառաջէ իր բազմազանութեանը մէջ սուրիացի ժողովուրդին օրինական ձգտումներուն»:
«Պէտք է վերատիրանալ Սուրիոյ գերիշխանութեան, միութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», ըսաւ ան` նաեւ կոչ ուղղելով յարգելու օտար դեսպանատուներու ու հիւպատոսարաններու եւ անոնց անձնակազմերու անձեռնմխելիութիւնը:
Քալաս. «Եւրոպական Միութեան Առաջնահերթութիւնը
Շրջանի Անվտանգութեան Երաշխաւորումն Է»
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս ողջունեց Ասատի վարչակարգի տապալումը` նշելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր շինիչ գործընկերներուն հետ աշխատելու:
Քալաս յայտնեց, որ Պաաս կուսակցութեան վարչակարգի տապալումը «դրական զարգացում մըն է»:
Ան ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութեան առաջնահերթութիւնը շրջանին մէջ անվտանգութեան երաշխաւորումն է:
«Ասատի բռնատիրութեան աւարտը երկար սպասուած դրական զարգացում մըն է, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ անոր աջակցողներուն` Ռուսիոյ եւ Իրանի տկարութիւնը», աւելցուց Քայա:
Չինաստան. «Կը Յուսանք, Որ Սուրիական Կողմերը
Իրենց Ժողովուրդի Շահերը Կը Նկատեն Առաջնահերթ»
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ, մեկնաբանելով Իսրայէլի կողմէ Կոլանի մէջ շրջաններու բռնագրաւումը, յայտնեց. «Մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան, եւ պէտք է յարգել անոր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Ան յոյս յայտնեց, որ «բոլոր առնչակից կողմերը գործեն սուրիացի ժողովուրդի հիմնական շահերուն հիմամբ եւ կարելի եղածին չափ շուտ կը գտնեն քաղաքական կարգաւորում մը` վերականգնելու համար երկրին մէջ կարգն ու կանոնը»:
«Սուրիոյ ապագան կը ճշդեն նոյնինքն սուրիացիները, եւ կը յուսանք, որ սուրիական կողմերը իրենց ժողովուրդի շահերը կը նկատեն առաջնահերթ», նշեց Նինկ:


