Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Ժամկէտաւոր Եւ Անժամկէտ Ուղերձներ

Ակնարկ. Ժամկէտաւոր Եւ Անժամկէտ Ուղերձներ

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարին յայտարարութիւնը առ այն, որ թերեւս քանի մը շաբաթէն կրնան Իսրայէլի հիւսիսի բնակիչներուն կոչ ուղղել` իրենց տուները վերադառնալու, քաղաքական անուղղակի ուղերձներ կը փոխանցէ: Պահ մը շրջանցենք այն երեւոյթը, որ յայտարարութիւնը կատարողը ոչ թէ պաշտպանութեան նախարարն է, կամ նոյնինքն վարչապետը, այլ ուժանիւթի նախարարը: Իր ոլորտին հետ կապ չունեցող, ըստ էութեան պատերազմական գործողութիւններու հետ առնչուող յայտարարութիւն է իր կատարածը, որ...

Իսրայէլեան Օդուժը Պաալպեքի Եւ Սուրի Վրայ  Յարձակումներու Շարք Մը Գործեց

Իսրայէլեան Օդուժը Պաալպեքի Եւ Սուրի Վրայ Յարձակումներու Շարք Մը Գործեց

Իսրայէլեան բանակը երէկ Պաալպեքի, Այն Պուրտայի եւ Տուրեսի բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է անմիջապէս հեռանան: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ լքուելիք շրջաններու քարտէսը կը ներառէ Պաալպեքի հռոմէական աւերակները: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Մզկիթներէն եւ եկեղեցիներէն կոչեր կը հնչեն դատարկելու Պաալպեք քաղաքը»: Իսրայէլեան օդուժը աւելի ուշ բուռն ու իրերայաջորդ կերպով յարձակումներ գործեց Պաալպեք քաղաքի եւ Տուրես, Շմըսթար, Այն Պուրտայ եւ Ըսէյրա գիւղերուն...

«Աշխատանքային Ծրագիրս Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ  Սէյիտ Նասրալլայի Ծրագիրը Շարունակելն Է»  Կ՛ըսէ Շէյխ Նայիմ Քասեմ

«Աշխատանքային Ծրագիրս Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Սէյիտ Նասրալլայի Ծրագիրը Շարունակելն Է» Կ՛ըսէ Շէյխ Նայիմ Քասեմ

Իբրեւ Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղար Իր Առաջին Ուղերձին Մէջ Հըզպալլայի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ իր այդ պաշտօնին ընտրուելէն ետք արտասանած առաջին պատկերասփռուած ուղերձին սկիզբը յայտնեց. «Մեծ զոհողութիւններ մեզի կը սպասեն, սակայն վստահ ենք, որ պիտի յաղթենք»: Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ իր աշխատանքային ծրագիրը բոլոր ոլորտներուն` քաղաքական, ժիհատական, ընկերային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի...

Ամոս Հոքշթայն Մօտիկ  Ապագային Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Հոքշթայն Եւ Մքկըրք Այսօր Իսրայէլ Պիտի Այցելեն` Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան Հասնելու Ջանքով

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականները` Էյմըս Հոքշթայն եւ Պրեթ ՄքԿըրք Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութիւն գոյացնելու ջանքով այսօր պիտի այցելեն Իսրայէլ: Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ կայքին յայտնած են. «Կը կարծենք, որ Հըզպալլան վերջապէս պատրաստ է ինքզինք Կազայի մէջ Համասէն զանց կացուցելու»: Պաշտօնատարները նշած են. «Շաբաթներու ընթացքին կարելի է հասնիլ համաձայնութեան մը, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի...

«Պատերազմական Այս Փուլին Լուծումը  Մօտալուտ Չէ»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Պատերազմական Այս Փուլին Լուծումը Մօտալուտ Չէ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցազրոյցի հիւրը: Յակոբ Բագրատունի ողջունեց բոլոր լիբանանցիները` զանոնք նկատելով դիմադրողներ, ըլլան անոնք ճակատի վրայ գտնուողներ, գաղթականներ թէ գաղթականները դիմաւորողներ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմը միայն այս երկիրը չէ որ թիրախ կը դարձնէ, այլ անկէ անդին նպատակներ կը հետապնդէ: «Հետեւաբար լիբանանցին կրնայ միայն...

Հըզպալլա Հարուածեց Խիամ Գիւղի  Մերձակայքին Մէջ Հաւաքուած  Իսրայէլացի Զինուորները

Հըզպալլա Հարուածեց Խիամ Գիւղի Մերձակայքին Մէջ Հաւաքուած Իսրայէլացի Զինուորները

Հըզպալլան երէկ իրերայաջորդ հաղորդագրութիւններ հրապարակելով յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է եւ հրետանիով ռմբակոծած հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղի մերձակայքին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորները: Կուսակցութիւնը նաեւ ռմբակոծած է Ուաթա Խիամ եւ Ամրա շրջաններուն մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլայի մարտիկները նաեւ հեռակառավարուող հրթիռով թիրախաւորած են Խիամ գիւղէն շուրջ 6 քիլոմեթր հարաւ գտնուող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, որ կրակ առած է, եւ անոր անձնակազմի անդամներուն...

Շէյխ Նայիմ Քասեմ` Հըզպալլայի  Ընդհանուր Քարտուղար

Շէյխ Նայիմ Քասեմ` Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղար

Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընտրուած է կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար` փոխարինելով սէյիտ Հասան Նասրալլան, որ իսրայէլեան օդային յարձակումի պատճառով նահատակուեցաւ: Կուսակցութիւնը նշեց, որ շէյխ Քասեմ ընտրուած է ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան կուսակցական մեքանիզմին համաձայն: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ մեկնաբանելով շէյխ Նայիմ Քասեմի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար ընտրութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «ժամանակաւոր նշանակում, եւ...

Բագրատունի. «Եթէ Հիմա Իսկ Համաձայնութիւն  Գոյանայ Նախագահական Թեկնածուի Մը Շուրջ,  Ռմբակոծումներու Տակ Իսկ Խորհրդարանի  Դռները Կը Բացուին, Եւ Նախագահ Կ՛ընտրենք»

Բագրատունի. «Եթէ Հիմա Իսկ Համաձայնութիւն Գոյանայ Նախագահական Թեկնածուի Մը Շուրջ, Ռմբակոծումներու Տակ Իսկ Խորհրդարանի Դռները Կը Բացուին, Եւ Նախագահ Կ՛ընտրենք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ Իսրայէլ իր ոճրագործութիւններուն համար պատճառաբանութեան կարիք չունի: Ան ըսաւ, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, անձի մը, կողմի մը կամ համայնքի մը դէմ ուղղուած չէ, այլ ամբողջ Լիբանանի վրայ յարձակում է: «Նուազագոյն բանը, որ կրնանք ընել, միւս քաղաքացիին կողքին կանգնիլն է`...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Կլիմայական Արդարութիւն Չի Կրնար Ըլլալ Առանց Մարդկային Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Կլիմայական Արդարութիւն Չի Կրնար Ըլլալ Առանց Մարդկային Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան»

Նոյեմբերի 11-ից 22-ը Պաքւում տեղի է ունենալու ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութեան հեղինակաւոր համաժողովը` ՔՈՓ29-ը: Մարդու իրաւունքների եւ ազատութիւնների վատագոյն ցուցանիշներ արձանագրած, նաւթային բռնապետութիւն համարուող Ազրպէյճանն ընդամէնը մէկ տարի առաջ էր Արցախում ցեղային զտումներ իրականացրել, բռնի տեղահանութեան ենթարկելով 120.000 արցախահայութեանը: Բռնազաւթուած տարածքներում Ազրպէյճանը շարունակում է հայկական հետքի ոչնչացումը, մշակութային ցեղասպանութիւնը: Պաքուի բանտերում շարունակում են պատանդառուած մնալ մի քանի տասնեակ հայ ռազմագերիներ, քաղաքացիական...

Օրպան. «Վրաստանի Կառավարութիւնը Չարտօնեց,  Որ Երկիրը «2-րդ Ուքրանիոյ» Վերածուի»

Օրպան. «Վրաստանի Կառավարութիւնը Չարտօնեց, Որ Երկիրը «2-րդ Ուքրանիոյ» Վերածուի»

Վրաստանի կառավարութիւնը չարտօնեց, որ երկիրը վերածուի «երկրորդ Ուքրանիոյ». «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան` իր վրացի պաշտօնակից Իրաքլի Քոպախիծէի հետ պաշտօնական հանդիպումէն ետք: «Հունգարիան կը պաշտպանէ երկիրը չքանդելու եւ անիմաստ պատերազմի մէջ չմտնելու ձեր ցանկութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք, որ վրացի ժողովուրդը ընտրեց խաղաղութիւնը, իսկ կառավարութիւնը, Եւրոպական Միութեան համարկման իր ցանկութեան ծիրին...

Ակնարկ.   Մինչեւ 5 Նոյեմբեր Եւ Մինչեւ 11-րդ Կէտ

Ակնարկ. Մինչեւ 5 Նոյեմբեր Եւ Մինչեւ 11-րդ Կէտ

Ամերիկեան դիւանագիտութեան կողմէ Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատելու, եւ աւելի՛ն` հեռահար կտրուածքով դէպի խաղաղութիւն գործընթաց ապահովելու առումով շրջանառութեան մէջ է 11 կէտերէ բաղկացած համաձայնագիրի նախագիծ մը: Վերջնագիծը` Իսրայէլ-Լիբանան սահմանագծումն է: Ուշագրաւը այն է, որ միեւնոյն պատուիրակը, որ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ կը վարէր խնդրոյ առարկայ կողմերուն հետ ծովային սահմանագծումը իրականացնելու, այժմ փաթեթային նախագիծ կը ներկայացնէ նոյն երկիրներուն մէջ ցամաքային սահմանագծումը իրականացնելու համար: Մինչեւ...

Հըզպալլա Պաշտօնապէս Հաստատեց Սէյիտ  Հաշեմ Սաֆիէտտինի Նահատակութիւնը

Իսրայէլեան Օդուժը Դարձեալ Յարձակում Կը Գործէ Սուրի Վրայ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարք մը բուռն յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին վրայ: Յարձակումներէն մէկը հարուածեց Ռամլ թաղամասը, ուր արձանագրուեցան 7 զոհեր եւ 17 վիրաւորներ: Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը Սուրի կարգ մը թաղամասերու բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է Աուալի գետէն հիւսիս հեռանան: Իսրայէլ նաեւ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը գիւղեր, ինչպէս` Պուրղուլիէն, Քլէյլան, Պիութ Սայատը, Ռամատիէն, Շհայթիէն, Զպքինը, Ժիպալ...

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց  Երեսփոխան Բագրատունին

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Երեսփոխան Բագրատունին

Երէկ լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզեֆ Աուն Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ընդհանուր վիճակը` Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումի լոյսին տակ:  

Բագրատունի. «Լիբանանի Գոյութիւնը  Իբրեւ Պետութիւն Եւ Աշխարհագրական  Ծիր Վտանգուած Է»

Բագրատունի. «Նախագահ Չընտրուելուն Պատճառը Համաձայնութիւն Գոյացնելու Համոզումին Բացակայութիւնն Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 5 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի ու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը յայտնեց, որ ընտրութիւնները ընդհանրապէս ոչինչ կը փոխեն, առաւելագոյն պարագային միայն մօտեցումներն են, որ կը փոխուին, որովհետեւ որոշումը ի վերջոյ...

Նեթանիահու. «Եթէ Իսրայէլ Տապալի,  Ամբողջ Աշխարհը Կը Տապալի»

Նեթանիահու. «Եթէ Իսրայէլ Տապալի, Ամբողջ Աշխարհը Կը Տապալի»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Մենք պիտի շարունակենք մեր պետութիւնը զօրացնել, մինչեւ որ ահաբեկիչները ոչնչացնենք, եւ գերիները վերադարձնելը մեր պարտաւորութիւնն է»: «Իրան կը ձգտի հիւլէական ռումբեր ստեղծել, անոր նպատակը մեզ քանդելն է, եւ անիկա հեռահաս միջցամաքամասային հրթիռներ ունի», ըսաւ ան: Նեթանիահու պնդեց. «Իրան իր գործակատարներուն մահաբեր զէնքեր կը մատակարարէ, եւ մենք անոր արգելք կը կանգնինք եւ ձախողութեան կը մատնենք անոր...

Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները  Կը Շարունակուին. Հըզպալլա Աքքայի Մէջ  Ռազմարդիւնաբերական Գործարան Մը Հարուածեց

Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին. Հըզպալլա Աքքայի Մէջ Ռազմարդիւնաբերական Գործարան Մը Հարուածեց

Հըզպալլա յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Աքքայի հարաւ-արեւելքը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Եուտիվաթ» ընկերութեան վրայ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծած է Հայֆայի հիւսիսը գտնուող ռազմարդիւնաբերութեան «Զոֆոլոն» ռազմակայանը: Կուսակցութիւնը հրթիռակոծած է Պաուապեթ Ֆաթմէի, Մալիքիէի եւ Քարմայէլի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլա հրթիռակոծեց նաեւ Քարմայէլի մէջ օդուժի պահեստամասեր արտադրող «Պազ» ռազմակայանը: Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի գիւղերուն...

Ցաւակցութիւն` ՀՅԴ-ի Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անունով

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ուղարկեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն. «ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ լիբանանեան մամլոյ եւ լրագրութեան մեծ ընտանիքին, որ յանուն իրականութեան եւ ճշմարտութեան խօսքին հերոսներ կորսնցուց իսրայէլեան յարաճուն բարբարոսութեան դիմաց: Այս հերոսները նահատակուեցան, որպէսզի ապրի Լիբանանը, հաւատալով, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձայները օր մը պիտի յաղթանակեն համաշխարհային ամօթալի լռութեան եւ ընկճուած ու անիրաւուած ժողովուրդներու հաշուոյն մեծ պետութիւններու...

Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու  Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ  Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Որդեգրումը

Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւին Որդեգրումը

Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը վերջերս Եւրոպական խորհրդարանին Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ որդեգրած բանաձեւին մասին. «Մենք ողջունում ենք Եւրոպական խորհրդարանի 24 հոկտեմբերի 2024 թուականին «Ազրպէյճանում իրավիճակը, մարդու իրաւունքների եւ միջազգային իրաւունքի խախտումները եւ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ» բանաձեւը, որը բացայայտում է մարդու իրաւունքների սարսափելի վիճակը Ազրպէյճանում, միջազգային իրաւունքի անտեսումը եւ տարածաշրջանում ու Հայաստանի նկատմամբ յարձակողապաշտ,...

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Իսրայէլ շաբաթ օր իրանեան ժամանակացոյցով առաւօտեան շուրջ ժամը 2:00-ին Իրանի վրայ գործեց յարձակումներ, որոնց պայթումներուն ձայները լսուեցան մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ: Իսրայէլի կողմէ «Հակադարձութեան օրեր» կոչուած գործողութեան սկիզբէն 4 ժամ ետք, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ ամբողջացուցած է Իրանի մէջ զինուորական թիրախներու վրայ յարձակումը, գործողութեան մասնակից բոլոր օդանաւերը ապահով վերադարձած են իրենց ռազմակայանները եւ գործողութեան բոլոր նպատակները իրագործուած են: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ...

Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն  Յաղթեց Իշխող «Վրացական Երազանք»-ը

Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթեց Իշխող «Վրացական Երազանք»-ը

Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը քուէներու 100 առ հարիւրին մշակման արդիւնքներուն համաձայն շաբաթ օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստացած է քուէներուն 53,92 առ հարիւրը: Այս մասին կը յայտնէ Վրաստանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը: Վրաստանի քաղաքացիները 26 հոկտեմբերին ընտրեցին խորհրդարանի 150 երեսփոխաններ: Աթոռները պիտի բաշխուին այն կուսակցութիւններուն միջեւ, որոնք հաւաքած են քուէներուն առնուազն 5 առ հարիւրը: «Վրացական երազանք»-ը ապահոված է քուէներուն 53,92...

Page 136 of 796 1 … 135 136 137 … 796

Արխիւներ