ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանին:
Հանդիպումին հիմնական նիւթը շրջանին մէջ արագօրէն արձանագրուող իրադարձութիւններն էին եւ անոնց նկատմամբ արաբական երկիրներու եւ յատկապէս այս պարագային Գահիրէի դիրքորոշումները:
Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ իրադարձութիւններու շարժառիթներուն, առնչուած պետութիւններու մօտեցումներուն եւ յատկապէս ստեղծուած նոր իրավիճակներուն հետ կապուած խնդիրներուն մասին:
Խօսակիցները ընդգծեցին սադրանքներէ հեռու մնալու, հարցերուն քաղաքական երկխօսութիւններով լուծում բերելու սկզբունքը գերադասելու անհրաժեշտութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան քաղաքական դաշտին, դեսպանը ընդգծեց, որ Եգիպտոսի դիրքորոշումները Լիբանանի մէջ ազգային համախոհութիւն յառաջացնելու առումով կը նոյնանան Դաշնակցութեան որդեգրած կեցուածքներուն հետ: Այս հանգամանքով ալ ան պայմանաւորեց անպայման նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնելու հրամայականը:


