Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Յունաստանի Վարչապետը Իր Երկրին Պատրաստակամութիւնը Յայտնեց Լիբանանեան Բանակին Աջակցելու»

Դեկտեմբեր 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս երէկ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Միքաթի Միցոթաքիսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Յունաստանի վարչապետին Լիբանան այցելութեամբ ուրախ ենք: Քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնն ու տնտեսական ու առեւտրական համաձայնութիւններ կնքելու կարելիութիւնները»:

«Անդրադարձանք Լիբանանի մէջ քաղաքական կացութեան, քննարկեցինք զինադադարի համաձայնութիւնը եւ շեշտեցինք անոր կէտերուն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին ամբողջական գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեցինք լիբանանեան բանակին կարեւոր դերակատարութիւնը», ըսաւ ան:

«Յունաստանի վարչապետը իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց բանակին աջակցելու, ես իրմէ խնդրեցի Լիբանանին օգնել տնտեսական փորձառութեամբ ու ելեւմտական առողջացման ծրագիրներով, եւ մեր յոյսը կը կապենք տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանին աջակցելու Յունաստանի անկեղծ ջանքերուն», շեշտեց Միքաթի:

Յունաստանի վարչապետը վարչապետարանին մէջ Միքաթիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ «Յունաստանի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունի ուժեղ բարեկամութիւն»` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նոր նախագահ կ՛ընտրուի:

«Լիբանանցի ժողովուրդին կը վստահեցնենք, որ մեր երկիրը իր կողքին կը կանգնի», ըսաւ ան` նշելով. «Լիբանանը մեր սրտին մէջ է, եւ Իսրայէլի հետ զինադադարը երկար ատենէ ի վեր առաջին յոյսի նշոյլը ապահովեց, իսկ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի ղեկավարած միջնորդական ջանքերը գնահատանքի արժանի են»:

«Մեր երկիրն ու միջազգային ընտանիքը ամէն ինչ կ՛ընեն ամրապնդելու համար զինադադարը եւ գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, որ կը պահպանէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը», ըսաւ Միցոթաքիս` նշելով. «Գիտենք, թէ Լիբանանը որքա՛ն տոկաց պատերազմի ընթացքին, եւ մենք կը հաստատենք այդ տոկունութիւնը. պէտք է հաստատօրէն ամրապնդել պատմական կապերը մեր ու Լիբանանի միջեւ, որուն բարգաւաճում կը մաղթենք»:

«Ես մեծ յոյս ունիմ, որ լիբանանցի ղեկավարները պիտի օգտագործեն առիթը եւ միասնաբար պիտի աշխատին բարգաւաճ երկրի մը համար: Մենք կը զօրակցինք տեւական խաղաղութեան բոլոր ջանքերուն», ըսաւ ան` շեշտելով. «Ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնենք լիբանանեան բանակին, որ մեծ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ զինադադարի համաձայնութեան եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան համար, ինչպէս նաեւ կը զօրակցինք աշխատանքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որուն մաս կը կազմենք»:

«Մեր երկիրը Լիբանանի դիմագրաւածին նման ելեւմտական տագնապէ անցաւ, եւ կ՛ընդգծենք, որ ձեր երկրին ուժը բազմազանութեան մէջ է, եւ հակառակ դժուար կացութիւններուն` դարձեալ ոտքի կանգնելուն մէջ, եւ Յունաստանը ձեզի համար հիմնական գործընկեր մը պիտի մնայ», յայտարարեց Յունաստանի վարչապետը:

Միցոթաքիս ողջունեց Սուրիոյ վարչակարգի տապալումը` նշելով. «Սուրիոյ մէջ քաղաքական գործողութիւնը պէտք է ներառէ այդտեղի բոլոր խմբաւորումները եւ լուծէ բոլոր տարբերութիւններն ու պառակտումները, որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդը շատ տառապեցաւ: Կը յուսանք, որ ապագայ կայունութիւնը տեղահանուածներուն իրենց երկիր վերադարձը կ՛արտօնէ»:

Ան նաեւ նշեց. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ջանքերը կը մնան դիւանագիտական հետաքրքրութեան սրտին մէջ»:

Նախորդը

Միւֆթի Տրիան. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւն Պիտի Չըլլայ, Եթէ Նախագահ Չընտրուի Եւ Արդիւնաւէտ Կառավարութիւն Չկազմուի»

Յաջորդը

Քոփիրքին. «Մոսկուայի Մէջ Յստակ Քաղաքական Կամք Կայ Ռուսիա-Հայաստան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Խնդիրները Լուծելու»

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?