Հըզպալլա Կը Շարունակէ Հայֆան Հրթիռակոծել
Հըզպալլան յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է իսրայէլեան բանակի օդային հսկողութեան միաւորը եւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ շարք մը բնակեցման վայրեր, իսկ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ ահաբեկած է Հըզպալլայի մարտական մէկ պատասխանատուն եւ անօդաչու թռչող սարքեր վնասազերծած: Իսրայէլեան օդուժը երէկ արեւմտեան Պեքայի մէջ թիրախաւորեց Մաշղարա գիւղը, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ Ստիքին, Զաութար, Քլէյլա, Այն Պաալ գիւղերը եւ Եաթեր, Ռաշքանանիէ եւ Ժըպշիթ գիւղերու մերձակայքը:...




















