Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Մայքըլ Սըքքար դիմած է Ազրպէյճանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վագիֆ Ճաֆարովին` կոչ ուղղելով անյապաղ ազատ արձակելու Բակօ Սահակեանը:
Սըքքար իր նամակին մէջ դեսպանատան տեղեկացուցած է Սահակեանի իբրեւ հովանաւոր հանդէս գալու իր մտադրութեան մասին եւ յորդորած ամսական թարմացումներ տրամադրել Արցախի նախկին նախագահի ֆիզիքական ու հոգեկան վիճակին վերաբերեալ:
«Պարոն Սահակեանը հովանաւորելու որոշումս պայմանաւորուած է հայ քաղաքական բանտարկեալներու փաստաբաններու, մասնաւորաբար` Ճարետ Կենսերի զեկուցումներով: Վերջինս ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողին յայտնած է խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերմունքի սարսափելի դէպքերու մասին», Ճաֆարովին ուղղուած նամակին մէջ գրած է Սըքքար:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Միքայէլ Քոլոքոսեան համայնքի խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է երեսփոխան Մայքըլ Սըքքարին Բակօ Սահակեանի քաղաքական հովանաւոր ըլլալու իր յանձնառութեան համար` ընդգծելով արդարութեան համար պայքարին մէջ նման քարոզչութեան կարեւորութիւնը:
Խորհրդարանի մէկ այլ անդամ Փոլ Ֆլեթչըր նոյն պահանջով հանդէս եկած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի վերաբերեալ:
Ան եւս նամակ գրած է Ազրպէյճանի դեսպանատան` կոչ ուղղելով անյապաղ ազատ արձակելու Դաւիթ Իշխանեանը:
Ֆլեթչըր Վագիֆ Ճաֆարովին ուղղուած իր նամակին մէջ կոչ ուղղած է կանոնաւոր կերպով տեղեկացնելու Իշխանեանի հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջական վիճակին վերաբերեալ:
«Հաճոյք ստացած եմ 2019 թուականին Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ անձամբ հանդիպելու պարոն Իշխանեանի հետ իմ տասնեակ խորհրդարանական գործընկերներուս հետ, եւ այդ պատճառով Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ անոր ձերբակալութեան եւ կալանաւորման պայմանները առանձնապէս մտահոգիչ են ինծի համար… Աշխարհը կը հետեւի Ազրպէյճանին. Աւստրալիան կը հետեւի Ազրպէյճանին», գրած է խորհրդարանականը:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Ֆլեթչըրին` բոլոր հայ պատանդներու ազատ արձակման ուղղուած իր նամակի եւ յանձնառութեան համար:


