ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ Դաշնակցային ժողովի ստորին պալատը` Ազգային խորհուրդը, ընդունած է պատմական բանաձեւ մը` երկրի կառավարութեան կոչ ուղղելով հրաւիրելու միջազգային խորհրդաժողով` նպաստելու եւ խթանելու Արցախէն բռնի տեղահանուած բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացումը:
Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ուղիղ բաց երկխօսութեան սկսելու արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ եւ կը վկայակոչէ միջազգային հանրութեան անհերքելի պատասխանատուութիւնը` իրենց պատմական հայրենիք տեղահանուածներու ապահով վերադարձի երաշխաւորման հարցին մէջ:
Կարեւոր է նկատել, որ բացի Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչները ուղղակիօրէն բանակցութիւններու հրաւիրելէ, բանաձեւի հիմնաւորման մէջ յստակ կը նշուի. 2023 թուականի սեպտեմբերին Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններէն ետք Լեռնային Ղարաբաղը դատարկուած է իր հայ բնակչութենէն` վկայակոչելով «փաստաթղթաւորուած ցեղային զտումները»:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղակի սպառնալիքներն ու ռազմական գործողութիւնները վախ ներշնչած են եւ ստիպած հայ բնակչութեան քանի մը օրուան ընթացքին լքելու հայրենիքը: Բացի ատկէ, կը վկայակոչուի նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի` 2023 թուականի նոյեմբերին ընդունուած որոշումը, որով Ազրպէյճանէն կը պահանջուէր դադրեցնել հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը` հաշուի առնելով եկեղեցիներու, գերեզմանատուներու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու աւերման փաստագրուած դէպքերը:
Այս փաստի առկայութիւնը ինքնին կը պահանջէ միջազգային երաշխիքներու անհրաժեշտութիւնը` հետագային պաշտպանելու տեղահանուած հայերու կեանքը:
ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, ողջունելով բանաձեւի ընդունումը, նշած է. «Սա Զուիցերիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ կարեւոր քայլ է, որ կ՛ընդգծէ Արցախի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքին աջակցող միջազգային իրաւական եւ քաղաքական աճող թափը: Այժմ Զուիցերիոյ Նահանգային խորհուրդը պէտք է օգտուի կարելիութենէն` վաւերացնելով բանաձեւը եւ հետագային ճնշում գործադրէ համապատասխան կեդրոններու վրայ` պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերու հիմնարար իրաւունքները` իրենց հայրենիքին վերականգնելու ապահով, արժանապատիւ կեանքն ու կեցութիւնը»: