ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ անդամներ Արամ Սոմունճեանի, Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2026-ին այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան հետ։
Պատուիրակութիւնը ընդունեցին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան նախագահ Ժերար Թիւֆէնքճեան, ինչպէս նաեւ անդամներ՝ Վազգէն Հատիտեան, Մայք Վայէճեան, Յակոբ Տանձիկեան, Սիլվա Լիպարիտեան, Ժան Օղասաբեան, Դալար Աթէշեան, Յակոբ Ճըղըլեան եւ գործադիր տնօրէն Արին Ղազարեան։
Ալպեր Պալապանեան շնորհաւորեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակը՝ նշելով անոր համասփիւռքեան դերակատարութիւնը, յատկապէս կրթական, սկաուտական, բարեսիրական մարզերուն մէջ իրականացուցած գործունէութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան միշտ զօրավիգ կանգնած ըլլալը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու լիբանանահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն եւ յատկապէս ընկերային, ապահովական եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ երիտասարդութեան կրած ճգնաժամի ծանր հետեւանքներուն շուրջ։
Ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին շարունակել համայնքային խնդիրներու ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններն ու գործակցութիւնը։


