Ըստ Պաքուի «Հայաստանի Մէջ Շուտով Պիտի Սկսի Նոր Սահմանադրութեան Որդեգրման Գործընթացը»
Թրքական «Հապեր Կլոպըլ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսաւ. «Մենք ազդակներ կը ստանանք, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ պիտի սկսի նոր սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը»: Ան աւելցուց, որ հաւանական է Հայաստանի մէջ հանրաքուէի կազմակերպումը: «Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ` Ազրպէյճանի հասցէին տեղ գտած պահանջներու ջնջումէն ետք, մենք խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրութեան որեւէ խոչընդոտ այլեւս պիտի...




















