Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Հորմուզի նեղուցը:
«Մօտ օրէն պիտի տեսնէք, թէ Իրանի վերաբերեալ ի՛նչ պիտի կատարուի», նշեց Թրամփ:
«Անցնող շաբաթներուն Հորմուզի նեղուցին ճամբով աւելի քան երբեւէ հսկայական ծաւալով քարիւղ դուրս եկաւ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ մէկ այլ յայտարարութեան մէջ նշեց. «Իրանը թերեւս հարուածենք, թերեւս համաձայնութիւն գոյացնենք, պէտք է որոշում տանք: Պատերազմը այս կամ այն ձեւով շատ շուտով պիտի աւարտի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի օգնական եւ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի աւագ տնօրէն դոկտ. Սեպասթիըն Կորքա իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան գոյացումը տակաւին կարելի է, եւ Թրամփի վարչակազմը այն կարծիքը ունի, թէ կրնայ ճակատումը շատ շուտով վճռել:
«Իրանի թղթածրարը շատ շուտով պիտի վճռուի», շեշտեց ան:
Ան մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ծրագիրներու մանրամասնութիւնները բացայայտել, սակայն շեշտեց, թէ Իրանի վերաբերեալ ամերիկեան վարչակազմի նպատակները չեն փոխուած:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աւելի ուշ ալ «Թայմ» պարբերաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Իրանի վիճակը չափազանց վատ է, անոնց տնտեսութիւնը քայքայուած է, եւ անոնք կ՛ուզեն գործարք կնքել, սակայն ես կ՛ուզեմ, որ իսկական գործարք մը ըլլայ»` նշելով, որ Իրանի վրայ նոր յարձակումներու շղթայազերծումը բացառուած չէ:
Անդրադառնալով զինադադար հաստատելու իրանեան առաջարկ մը մերժելուն` Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Այն, ինչ որ մէկ տարի առաջ մերժեցի, այսօր պիտի չընդունիմ: Իրանցիները ներկայացուցին Հորմուզի նեղուցի վերաբացման վերաբերեալ առաջարկ մը, որուն կարգ մը կէտերուն ծանօթացայ, եւ ոչ թէ բոլորին, սակայն պարզապէս բաւարար չէ»:
Ան ըսաւ, որ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք Իրանի վրայ յարձակումներուն վերսկսումը կարելի է` նշելով. «Հազիւ Իրանի հետ գործարք կնքենք, քարիւղի գիները պիտի նուազին նախկին գինին»:
«Սկիզբը ուզեցի, որ Իրանի պատերազմը կարճ ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Առաքելութիւնը մինչեւ վերջ պիտի շարունակեմ»:
«Իրանի պատերազմի զինամթերքը մէկ ամսուան մէջ Վենեզուելայի քարիւղէն շահածնէս նուազ է», նշեց Թրամփ:


