Երեք աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Քաթարցի միջնորդներուն այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական բեկում յառաջացնելու համար թափած ջանքերը չնչին յառաջընթաց արձանագրեցին, որովհետեւ երկու կողմերէն ոչ մէկը զիջում կատարելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց»:
«Այս անել կացութիւնը երկու կողմերուն մօտ կ՛ամրապնդէ այն համոզումը, թէ զինուորական հակամարտութեան վերականգնումը հետզհետէ աւելի հաւանական կը դառնայ: Ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք կրնայ Իրանի դէմ լայնածաւալ մարտական գործողութիւնները վերականգնել», նշեց ամերիկեան կայքը:
Աղբիւրներէն երկուքը «Աքսիոս»-ին նշած են. «Քաթարցի պաշտօնատարները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը, սակայն երկու կողմերուն նկատմամբ ալ հետզհետէ աճող հիասթափութիւն կը զգան»:
Լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երեքշաբթի գիշեր Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցած է քաթարցի միջնորդներու հետ եւ ստացած է եօթը օրերու ընթացքին վստահութեան կառուցման առաջարկուած ծրագիրին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու պատասխանը, «որ չորեքշաբթի օր Թեհրանի մէջ պիտի քննարկէ»:
Պաշտօնատարը նշած է. «Գլխաւոր տարակարծութիւնը կը վերաբերի քայլերու շարքի ծրագիրին, որուն նպատակը վստահութեան կառուցումն ու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յունիսին ստորագրած փոխըմբռնման յուշագիրի բարելաւուած տարբերակին վերադառնալն է»:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Թեհրան իր առաւելագոյն ջանքը պիտի թափէ Միացեալ Նահանգներու հետ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրը շօշափելի իրողութեան վերածելու համար` շեշտելով, որ իր երկիրը փոխըմբռնման յուշագիրի որեւէ յօդուածի մէջ իր սկզբունքներէն չէ հրաժարած:
Փեզեշքիան բարեկարգչական կուսակցութիւններէ գործիչներու, քաղաքական ու ընկերային գործիչներու հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, թէ Ուաշինկթընի հետ անուղղակի բանակցութիւններու արդիւնքները ներկայացնելը ճնշումներու ենթարկուիլ չի նշանակեր, այլ հասարակական կարծիքին առջեւ թափանցիկութեան ծիրին մէջ է:
Իրանի նախագահը շեշտեց, որ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրը պէտք է յաղթող-յաղթող ռազմավարութեան հիմամբ ըլլայ` նշելով, որ Թեհրան աշխատանք կը տանի Իրանի եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը, ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնելու:
«Արժանապատուութեան տարրերէն ոչ մէկ բան խաթարեցինք», աւելցուց ան:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ ստանձնած էին յանձնառութիւններ, զորս պէտք էր աստիճանաբար գործադրէին, եւ Իրան աշխատանք տարաւ պաշտպանելու իր ժողովուրդի իրաւունքները` «իմաստութեան, արժանապատուութեան եւ շահի» սկզբունքներուն համաձայն:
Փեզեշքիան փոխըմբռնման յուշագիրը որակեց առանցքային փաստաթուղթ եւ իրանեան զարգացումներու պատմութեան մէջ հպարտութեան աղբիւր` կոչ ուղղելով հանրութեան առջեւ յստակացնելու բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն ձեռքբերումները:


