Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքական զարգացումները, ելեկտրականութեան թղթածրարը եւ ընկերային ու տնտեսական հարցեր:
Երկու կողմերը քննարկեցին Սալամի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Նապաթիէ քաղաք անոր այցելութիւնն ու իրագործուելիք ծրագիրները:
Հանդիպումը կեդրոնացաւ անհրաժեշտութեանը վրայ գտնելու ելեկտրականութեան թղթածրարին, թէկուզ ՊՈԹ համակարգի ճամբով կամ լիբանանեան-միջազգային համաձայնութեան մը ճամբով արմատական լուծում մը, որ Լիբանանի մէջ եւ լիբանանցիներու կեանքին համար կենսական եղող այս թղթածրարին վերջնական կարգաւորման կը յանգի:
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ հետեւեցաւ ելեւմտական կացութեան` ընդունելով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուհէյտը:
Պըրրի նաեւ ընդունեց ճարտարագէտներու միութեան նախագահ Սալիմ Զահնին` ներկայութեամբ Ռապպահ Ժապերի:
Զահնի խորհրդարանի նախագահը դրաւ ճարտարագիտական ոլորտի կացութեան, միութեան ներկայ եւ ապագայ աշխատանքներու մթնոլորտին մէջ:


