Երէկ` 2 հոկտեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն կազմակերպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց իրականացուեցաւ:
Ցոյցին մանակիցները պահանջեցին չարտայանձնել Հայաստանի տարածք ներխուժած, երեխաներու ու անոնց մօր վրայ յարձակած ազրպէյճանցի զինուորականը, զայն ենթարկել պատասխանատուութեան, փոխանակել Պաքուի մէջ իբրեւ գերի պահուող մեր հայրենակիցներուն հետ:
Մասնակիցները բարձրացուցած էին «Հայ գերիների վերադարձը առաջնահերթութիւն», «Յաջորդը կարող է լինել ձեր ընտանիքը», «Պետութեան դերը կանխելն է, ոչ թէ արձանագրելը», «Սիւնիք-թուր ազրպէյճանցիների համար, հովանաւոր` ԱԱԾ» գրութիւններով պաստառներ:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տարօն Մանուկեան յայտարարեց, որ մեծ ամօթով այսօր այստեղ կանգնած են, քանի որ կանգնած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին դիմաց, որ պահանջեն` մեր սահմանը խախտած ազրպէյճանցիին, որ կրակած է հայ կնոջ վրայ, չարտահանձնել Ազրպէյճանին. «Յայտնուած ենք իրավիճակի մը մէջ, որ ազրպէյճանցի զինուորականը կրակ կը բանայ հայ մօր վրայ, եւ հաւանաբար արտայանձուի` իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ինչպէս տեսած ենք նախապէս: Մեր պահանջը հետեւեալն է` ան իրաւունք չունի յանձնուիլ թշնամիին, միակ նախապայմանը անոր` Ազրպէյճանին յանձնուելու, փոխանակումն է մեր ոեւէ հայ զինուորական գերիի հետ: Այլ պայման մեզի համար անընդունելի է»:
Անդրադառնալով Հիքմեթ Հաճիեւի յայտարարութիւններուն` ՀՅԴ ՀԵՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Սթելլա Յունանեան ըսաւ. «Խօսքս կ՛ուղղեմ Հաճիեւին. եթէ դուք հայ ժողովուրդի հետ խաղաղութիւն կնքելու քայլեր կ՛ուզէք ընել, ապա ազատ արձակեցէք հայ գերիները: Հայ երիտասարդութիւնը ատիկա պիտի ընկալէ խաղաղութիւն կնքելու լաւագոյն փաստացի ապացոյցը: Հակառակ պարագային ձեր բոլոր թեզերը պարզապէս կեղծ են»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գառնիկ Դանիէլեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով այն հարցին, որ հաւանաբար Սիւնիքի Շաքի գիւղին մէջ հայ կնոջ վրայ կրակած ազրպէյճանցի զինուորականը արտայանձնեն Ազրպէյճանին` ըսաւ. «Կ՛ուզեմ ձեզի յիշեցնել Սիւնիքի մէջ պահնորդական ծառայութիւն իրականացնող անձի սպանութեան գործը, երբ փառք ու պատուով, դափնիներով յանցագործը ճանապարհեցին Ազրպէյճան, եւ այնտեղ գրեթէ հերոսացուցին այդ անձը, ինչպէս որ կը հերոսացնէին Ռամիլ Սաֆարովը եւ իր նմանները. ասոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան վրայ: Իշխանութիւններու թոյլտուութեան պարագային է, որ նման բաներ կ՛ըլլան, եւ անհետեւանք ըլլալու պատճառով այս ամէն ինչը կը կրկնուի: Ցաւօք սրտի, այս երեւոյթները շարունակական պիտի ըլլան, որովհետեւ մեղաւորները չեն պատժուիր, Հայաստանն ալ այնպէս կը գործէ, կարծես որեւէ բան չէ կատարուած»:


