Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 1, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու վայրը նախ եւ առաջ պէտք է ընկալել ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընդհանուր շրջանակին մէջ: Այդուհանդերձ հակամարտող կողմերէն մէկուն տարածքին վրայ բանակցիլը որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ հանգուցալուծման երկկողմանի տրամադրութիւններու առումով:

Լրատուութիւնները սակայն այդ ուղղութեամբ չեն: Նոյնիսկ պաշտօնական յայտարարութիւնները` յատկապէս ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններու ձախողման, անոր հետեւելիք ծանր հետեւանքներուն, կամ ընդհանրապէս բանակցային գործընթացի առկախման:

Յայտարարութիւններն ու հրապարակումները սակայն ընդհանրապէս իրողական նոյն հարթութեան վրայ չեն: Յայտարարութիւնները յաճախ կանխազգուշացման, երբեմն նաեւ սպառնալիքի բնոյթ ունին եւ անպայման չեն միտիր հարազատ իրականութիւնը փոխանցելու եւ այս պարագային անպայման ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու վերադառնալու:

Մշուշոտ են նաեւ ենթադրեալ համաձայնութեան համար առաջադրուած թուականի թիրախները: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէր, որ ամերիկեան միջանկեալ ընտրութիւններու նախօրեակին Թրամփի հանրապետականները պէտք ունէին համաձայնութեան մը` կտրուկ նուազեցնելու համար վառելիքի գիները: Կայ տեղեկատուութիւն, որ Իրանի դէմ պատերազմը կ՛աւարտի անմիջապէս ընտրութիւններէն ետք: Այլ պաշտօնական աղբիւրներ կը մէջբերեն Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, թէ «շուտով ականատես կ՛ըլլայ աշխարհը` Իրանի հետ առնչուած մեծ իրադարձութեան մը»:

Այս յայտարարութիւնը շատ անորոշ է: Այդ մեծ իրադարձութիւնը ռազմական բնո՞յթ ունի, թէ՞ դիւանագիտական, պարզ չէ: Նոյնքան անորոշ է նաեւ շուտով» հասկացողութիւնը` նոյեմբերեան ընտրութիւններէն առա՞ջ, թէ՞ ետք:

Ռազմաքաղաքական այս մշուշին մէջ փորձել յառաջանալով, կեդրոնանանք պետական խօսափող նկատուող ամերիկեան «Աքսիոս»-ի հրապարակած լրատուութեան վրայ: Ամերիկացի պաշտօնատարի մը  վերագրելով իր աղբիւրը, լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ. «Գլխաւոր տարակարծութիւնը կը վերաբերի քայլերու շարքի ծրագիրին, որուն նպատակը վստահութեան կառուցումն ու Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յունիսին ստորագրած փոխըմբռնման յուշագիրի բարելաւուած տարբերակին վերադառնալն է»:

Եթէ ընդունինք աղբիւրին հաւաստիութիւնը, ապա քանի մը հետեւութիւն կարելի կ՛ըլլայ գրանցել: Երթեւեկող փաստաթուղթը Իսլամապատի միջնորդութեամբ կայացած նախկին համաձայնութիւնն է, որ լրամշակուած է: Յստակ չեն, թէ ուր կէտերն են, որոնք չեն գործադրուած, առկախուած կամ նոր վերապահումներ ստացած:

Ամերիկեան բացատրութիւնը չի բանար բովանդակային փակագիծերը, այլ պարզապէս անհամաձայնութիւնը կը կապէ կէտերու յաջորդականութեան, այլ խօսքով` փուլային հանգուցալուծման առաջնահերթութիւններուն:

Թեհրանի արձագանգը աւելի յստակ է: Իրան կառչած կը մնայ իսլամապատեան փաստաթուղթին: Հասկնալով հանդերձ ներքին սպառման թիրախայնութիւնը, Իրանի նախագահին բնորոշումը դիտարժան է: Փեզեշքիանի համաձայն,  փոխըմբռնման յուշագիրը կ՛որակուի առանցքային փաստաթուղթ եւ իրանեան զարգացումներու պատմութեան մէջ հպարտութեան աղբիւր: Իրանի նախագահը կոչ կ՛ուղղէ հանրութեան առջեւ յստակացնելու բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն ձեռքբերումները:

Փոխլրացնելով ամերիկեան եւ իրանեան արձագանգները կարելի է արձանագրել, որ կողմերը վերադարձած են փոխըմբռնման յուշագիրին եւ կը վիճին անոր կէտերու առաջնահերթութիւններուն շուրջ: Այս բոլորին մէջ սակայն, կը նկատուի, որ նախկին միջնորդը փոխարինուած է Քաթարով, որուն դերակատարութիւնը դարձեալ ստացած է յատուկ նշանակութիւն: Կէտերու առաջնահերթութիւններու փոփոխութեան կը զուգահեռուի նաեւ միջնորդներու փոփոխութիւնը: Յամենայն դէպս «շուտով սպասուող մեծ իրադարձութիւն»-ը պայման չէ, որ ռազմական բախումի տեսքով ըլլայ: Եթէ անշուշտ, խնդիրը, համաձայնուած կէտերու վերադասաւորումն է: Ենթադրաբար Հորմուզի շուրջ համաձայնութիւնը պիտի գրաւէ առաջին հորիզոնականները: Նոյեմբերէն առաջ վառելիքի գիները նուազեցնելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 1, 2026
Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.