Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ կանուխ առաւօտուն Նապաթիէի մէջ շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ հասաւ Նապաթիէ գաւառի Քֆարժոզ շրջանին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու համալիր` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի եւ շարք մը ապահովական ղեկավարներու:

Սալամ Նապաթիէ քաղաքին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Ո՜վ Նապաթիէի մեր ժողովուրդ, ո՜վ Հարաւի մեր ժողովուրդ, այս թանկարժէք շրջան իւրաքանչիւր այցելութիւնը իրեն հետ կը բերէ բազմաթիւ զգացումներ` ցաւ ձեր տառապածին համար եւ որ կը շարունակէք տառապիլ, գնահատանք ձեր կրածին ու կրել շարունակելնուդ համար, եւ պատասխանատուութեան զգացում ձեր ժողովուրդէն արժանի եղածնուդ նկատմամբ»:

«Ահաւասիկ մեր կառավարութեան կազմութենէն ի վեր այսօր երրորդ անգամ ըլլալով կը վերադառնամ: Այցելութիւններս պարզապէս պաշտօնական առիթներ չէին, այլ արտայայտութիւն յանձնառութեան, որ ուզեցի վերածել հետապնդման ու աշխատանքի», ըսաւ ան:

«Այսօր Նապաթիէ կը վերադառնամ ձեզի շեշտելու հաստատ բան մը` հարաւային Լիբանանի եւ Նապաթիէի մեր ժողովուրդին նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը չէ փոխուած ու պիտի չփոխուի», յայտնեց վարչապետը:

«Ձեր կարիքներն ու մտահոգութիւնները Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ հետս էին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, ամերիկացի պաշտօնատարներու եւ Միջազգային դրամատան նախագահին հետ հանդիպումներուս մէջ` ջանալով ապահովել անհրաժեշտ ներուժը` գործադրելու վերականգնման ու վերաշինութեան մեր ծրագիրը», ըսաւ ան:

«Այստեղ ենք յայտարարելու Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդին նախաձեռնած 23 նուազուրդները, որոնք Նապաթիէ գաւառը կը ներառեն եւ որոնք այլ ծրագիրներու կողքին կը վերաբերին խոչընդոտներու վերացման, ճամբաներու վերանորոգութեան, ապաստանարաններու կեդրոններու վերանորոգման, հիւանդատար մեքենաներու, բժշկական սարքերու, հեռահաղորդակցութեան եւ արբանեակային հաղորդակցութեան սարքերու ապահովման», յայտնեց վարչապետը:

«Խորհուրդը նաեւ աշխատանք կը տանի այս ամիս նախաձեռնելու յաւելեալ 12 նուազուրդներու, որոնք կը ներառեն հինգ հիւանդանոցներու վերանորոգութիւն, ներառեալ Նապաթիէի կառավարական հիւանդանոցը, ինչպէս նաեւ փրկարարական ու հրշէջ մեքենաներու ներածումը: Նաեւ աշխատանք կը տանի ելեւտրականութեան կայաններու եւ ջուրի մատակարարման ցանցերու վերանորոգման ծրագիրներու գործադրման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հարաւի խորհուրդը իր կարգին պիտի ձեռնարկէ քաղաքային պաշտպանութեան նոր կեդրոնատեղիի մը կառուցման, «որուն հիմնաքարը այսօր կը զետեղենք»:

«Այսօր պարտականութիւնս է նաեւ ձեզի հետ անկեղծ ըլլալ: Ես կը գիտակցիմ ճգնաժամի տարողութեան: Ես գիտեմ ձեր յոգնածութիւնը եւ կը հասկնամ տառապանքը անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց տուները, իրենց աշխատանքը կամ ապրուստի միջոցները, եւ անոնց, որոնք կը սպասեն իրենց տուներու վերանորոգման կամ իրենց քաղաքներ վերադառնալուն եւ իրենց կեանքը վերականգնելուն: Սակայն կարիքներու ծաւալը կը գերազանցէ Լիբանանի պետութեան կարելիութիւնները եւ այդ բեռը մինակ կրելու անոր կարողութիւնը», յայտնեց վարչապետը:

«Ես այստեղ չեմ ձեզի պատրանքներ վաճառելու կամ ձեզի խոստանալու այն, ինչ որ չեմ կրնար իրականացնել: Մեզի տակաւին զգալի ֆինանսաւորում պէտք է: Սակայն կ՛ուզեմ, որ վստահ ըլլաք, որ մենք կը ձգտինք եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ ապահովելու ամէն ինչ, որ կրնանք` հարաւային Լիբանանը վերակենդանացնելու համար: Ես կ՛ուզեմ, որ դուք իմանաք, որ ձեր առաջնահերթութիւնները կը մնան մեր առաջնահերթութիւնները` Իսրայէլի յարձակումի դադրեցումը, Իսրայէլի մեր հողերէն լիակատար հեռացումը, մարդոց իրենց տուներ անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը, անոնց կենսապահովման վերականգնումը եւ հարաւային Լիբանանի քաղաքներու, գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու վերածնունդը», ըսաւ Սալամ:

«Մեր իսկական երաշխիքը այն է, որ միաժամանակ շարունակենք զօրաշարժի ենթարկել բոլոր կարելիութիւններն ու աջակցութիւնը` Իսրայէլի լիակատար հեռացման եւ պետութիւնը վերականգնելու համար: Կարողունակ եւ արդիւնաւէտ պետութիւն, մէկ պետութիւն իր ամբողջ ժողովուրդին համար, մէկ բանակով եւ մէկ որոշումով, մասնաւորաբար պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը: Ասիկա այն ուղին է, որպէսզի մենք կրկին չյայտնուինք նոր պատերազմի, Լիբանանի վրայ յարձակումի նոր պատրուակներու կամ բռնագրաւման նոր ընդլայնման առջեւ», նշեց ան:

Վարչապետ Սալամ նաեւ Նապաթիէէն յայտարարեց. «Պատերազմը մեր ընտրանքը չէր, այլ` մեզի պարտադրուեցաւ»:

«Ըսել, որ մենք կրնանք շրջանային մեծ կարգաւորման սպասել, իմ կարծիքովս` Լիբանանի համար ընտրանք չէ: Որովհետեւ այդ կարգաւորումը կրնայ տեղի ունենալ կամ չունենալ, կամ` կրնայ տարիներով յետաձգուիլ, եւ եթէ տեղի ունենայ, ատիկա կրնայ ըլլալ մեր հաշուոյն: Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ շրջանին մէջ նոր պատերազմ բռնկի: Պիտի համաձայնի՞նք, որ Լիբանանն ու Հարաւը կրկին վճարեն ատոր գինը: Պիտի շարունակե՞նք սպասել` մեր ժողովուրդը տակաւին տեղահանուած, մեր հողը տակաւին բռնագրաւուած, մեր գերիները տակաւին գերութեան մէջ, վերակառուցումը տակաւին յետաձգուած, եւ մենք տակաւին կախեալ մնանք անկէ, թէ ուրիշներ ի՛նչ կ՛որոշեն մեր փոխարէն: Անշուշտ, ոչ մէկ բանական մարդ կրնայ ատիկա ընդունիլ», շեշտեց Սալամ:

«Եկէք բոլորս միաւորուինք մեր պետութեան դրօշին տակ: Անիկա կ՛ամրապնդուի մեր միասնութեամբ, եւ մենք անով կ՛ամրապնդուինք: Անիկա մեր առաջին ու վերջին ապաստանն է: Միայն ան կ՛երաշխաւորէ մեր անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ մեր երեխաներուն ապագան», աւելցուց վարչապետը:

Նախորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

RelatedPosts

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահը Կը Յայտարարէ. «Տակաւին Չենք Գիտեր, Թէ Ո՛վ ՖԻՆԻՒԼ-ը Պիտի Փոխարինէ»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.