Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրան հիւլէական զէնքին վերաբերեալ բազմաթիւ ծրագիրներէ հրաժարեցաւ, եւ անոր վերաբերեալ որոշում մը պիտի տամ»:
«Յաջողեցանք գիները նուազեցնել, քարիւղի գիները ներկայիս կը նուազին», ըսաւ ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Թեհրան դիւանագիտական լուծումներ գտնելու նկատմամբ նոյնքան լուրջ է, որքան ինքզինք պաշտպանելու նկատմամբ:
Ան նշեց, որ Հորմուզի նեղուցը եօթը օրէն ամբողջութեամբ պիտի վերաբացուի, եթէ իրանեան պայմանները ընդունուին, եւ թշնամական քայլերը ջնջուին:
Արաղչի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին ներկայացուց եօթը օրերու վրայ երկարող ծրագիր մը, որուն նպատակը տարակարծութիւնները կարգաւորելն ու Միացեալ Նահանգներու հետ ընթացող բախումներուն վերջ տալն է:
Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը ամբողջովին պատրաստ է դիւանագիտութեան ճամբով արդար լուծումի հասնելու:
Արաղչի շեշտեց, որ Իրան շատ աւելի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ որեւէ զինուորական յարձակում տեղի ունենայ` աւելցնելով, որ պատրաստ է որեւէ նոր յարձակումի «աւելի քանդիչ» պատասխան տալու:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Նիւ Եորքի մէջ միջազգային պատուիրակութիւններու իրանեան առաջարկները ընդունիլը ապացուցեց Իրանը քաղաքական գետնի վրայ մեկուսացնելու ամերիկեան-իսրայէլեան քաղաքականութեան ձախողութիւնը:
Արաղչի նշեց, որ Թեհրանի պատգամը յստակ է, եւ ան պատրաստ է դիւանագիտութեան ճամբով արդար լուծումի հասնելու` յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «իմաստութեամբ եւ տրամաբանութեամբ այս ուղիով կ՛ընթանան:
Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է, եթէ հարցերը զինուորական ընտրանքի ուղղութեամբ ընթանան:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց, որ իր երկրին Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ դիրքորոշումը յստակ է` շեշտելով, որ նեղուցը պիտի չբացուի, եթէ փոխըմբռնման յուշագիրին հիմամբ իրանեան եօթը պայմանները չկատարուին:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ապատի յայտնեց. «Մեր առաջարկներուն Միացեալ Նահանգներու պատասխանը կը սերտենք եւ բոլոր բեմագրութիւններուն մեր պատրաստութիւնները կը պահպանենք»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Իրան լսած է հարստացուած իւրանիոմը հանելու վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկները:
«Մենք կապի մէջ ենք Ռուսիոյ հետ եւ կը լսենք առաջարկը, սակայն պէտք է նշեմ, որ, վերջին հաշուով, մենք պէտք է որոշումներ կայացնենք` հիմնուելով ազգային շահերու վրայ», նշեց ան:
Պաղայի նաեւ ընդգծեց, որ Իրան պիտի գործէ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ համակարգուած` իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերող հարցերուն մէջ` «անկախ անկէ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշած է, որ իրանեան փորձագիտական շրջանակներուն մէջ լուրջ քննարկումներ կ՛ընթանան Հիւլէական զէնքի չտարածման մասին պայմանագիրէն դուրս գալու կարելիութեան վերաբերեալ:


