Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Զինադադարի Հսկողութեան  Յանձնախումբի Նոր Նախագահը`  Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Յանձնախումբի  Աշխատանքը Կեանքի Կոչելու Եւ Իսրայէլի  Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Ընդունելով Զինադադարի Հսկողութեան Յանձնախումբի Նոր Նախագահը` Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Յանձնախումբի Աշխատանքը Կեանքի Կոչելու Եւ Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Զինադադարի հսկողութեան հնգանդամ յանձնախումբի նախագահ, ամերիկացի զօրավար Ճասփըր Ճեֆըրզ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունին ներկայացուց յանձնախումբի նոր նախագահ, ամերիկացի զօրավար Մայքըլ Լինին: Հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն: Նախագահ Աուն շեշտեց. «Անհրաժեշտ է հսկողութեան յանձնախումբի աշխատանքը կեանքի կոչել եւ շարունակել Իսրայէլի վրայ ճնշումը, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները, հեռանայ իր բռնագրաւած հինգ բլուրներէն եւ լիբանանցի գերիները վերադարձնէ»:...

ՀՅԴ-ն Եւ «Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն Իրանի Ժողովուրդին

ՀՅԴ-ն Եւ «Հայաստան» Խմբակցութիւնը Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն Իրանի Ժողովուրդին

Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ բացուած է Սուգի մատեան` 26 ապրիլին Շահիտ Ռաժայի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու յիշատակին: Երէկ առաւօտեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը այցելած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանատուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնած...

Դամասկոսի Գիւղական Շրջանի Սահնայայի Էշրեֆիէ Շրջանին Մէջ Բախումներ

Երէկ արշալոյսին Դամասկոսի գիւղական շրջանի Սահնայայի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ բախումներ վերսկսան: Կը հաղորդուի, որ բախումներու ընթացքին արձանագրուած են զոհեր: Համացանցի վրայ տարածուեցան տեսերիզներ, որոնց մէջ շրջանին մէջ թեթեւ եւ միջին զէնքերով բախումներ կ՛երեւին: Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց. «Ապօրինի խմբաւորումներու քաղաքայիններու եւ ապահովական ուժերու թիրախաւորման հետեւանքով Էշրեֆիէի մէջ արձանագրուած են 11 զոհեր եւ «շարք մը վիրաւորներ»: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը...

Նախագահ Աուն. «Ամերիկայի Շահերէն Կը Բխի,  Որ Լիբանան Ապահով Մնայ,  Եւ Պէտք Է Անոր Օգնէ, Որ Այդպէս Մնայ»

Նախագահ Աուն. «Ամերիկայի Շահերէն Կը Բխի, Որ Լիբանան Ապահով Մնայ, Եւ Պէտք Է Անոր Օգնէ, Որ Այդպէս Մնայ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութեան հիմնարկի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը այն ամէնէն կարեւոր նպատակներէն է, որուն ուղղութեամբ կ՛աշխատի կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ: Աուն ըսաւ, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանի կացութիւնը իր մնայուն ուշադրութեան առարկան է, եւ բանակը այդտեղ կը գտնուի ամէն տեսակի մաքսանենգումը արգիլելու եւ երկու պետութիւններուն միջեւ երթեւեկի ազատութիւնը պահպանելու համար: Նախագահը...

Սալամ. «Իսրայէլի Ամբողջութեամբ Չհեռանալը  Կը Սպառնայ Երկրի Կայունութեան»

Սալամ. «Իսրայէլի Ամբողջութեամբ Չհեռանալը Կը Սպառնայ Երկրի Կայունութեան»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խմբագիրներու սենտիքայէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ «Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումը եւ իսրայէլեան միւս յարձակումները թշնամական արարքներու դադրեցման դասաւորումներուն խախտումներ են»` աւելցնելով. «Այդ յարձակումներու դադրեցման համար պէտք է հսկողութեան մեքանիզմը կեանքի կոչել»: «Լիբանան կ՛ուզէ վերջ տալ այդ բոլոր խախտումներուն, ինչպէս նաեւ վերջ տալ հինգ բլուրներուն եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին», նշեց Սալամ: «Եթէ իսրայէլ...

Թիֆլիսի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ռազմափորձերուն Թուրքիոյ  Եւ Ազրպէյճանի Կողքին Կը Մասնակցի Նաեւ Հայաստանը

Թիֆլիսի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ռազմափորձերուն Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Կողքին Կը Մասնակցի Նաեւ Հայաստանը

Երկուշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ ընթացք առած են ՕԹԱՆ-ի բազմազգ ռազմափորձերը, որոնց կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն սպաներ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Վրաստանի պետական պատկերասփիւռը` վկայակոչելով երկիրի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: Աղբիւրին համաձայն, ռազմափորձերուն կը մասնակցին 17 երկիրներէ զինուորներ, ներառեալ Հայաստանէն, Ազրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Թունուզէն եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ: «Ռազմափորձին նպատակն է պատրաստել վրացական կողմի ղեկավարութեամբ զօրամասի...

Վենս. «Ուքրանիան Պիտի Չկարենայ Իր Տարածքը  Վերադարձնել, Եթէ Պատերազմը Յաւելեալ Քանի Մը Տարի Տեւէ»

Վենս. «Ուքրանիան Պիտի Չկարենայ Իր Տարածքը Վերադարձնել, Եթէ Պատերազմը Յաւելեալ Քանի Մը Տարի Տեւէ»

Ուքրանիան պիտի չկարենայ իր տարածքը վերադարձնել, եթէ պատերազմը յաւելեալ քանի մը տարի տեւէ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշած է, որ երկարատեւ պատերազմը կրնայ յանգեցնել ժողովրդագրական փլուզման, հիւլէական հարուածի եւ Ուքրանիոյ համար անդառնալի կորուստներու: Վենս նաեւ ըսած է, որ Սպիտակ տունը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Ուքրանիոյ...

Ժարամանայի Մէջ Վտանգաւոր Զարգացում

Ժարամանայի Մէջ Վտանգաւոր Զարգացում

Ժարամանայի մէջ տիւրզիներու կրօնական հեղինակութիւնը դատապարտեց «անոնց (իշխանութիւններուն) պատկանող ապահովական մարմիններու անդամներու եւ զինեալներու միջեւ համայնքային բնոյթի լարուածութեան պատճառով բախումներու ընթացքին անոնցմէ չորս զինեալներու սպանութենէն ետք, Դամասկոսի մօտ գտնուող քաղաքին վրայ անարդարանալի զինեալ յարձակումը»: Տիւրզի համայնքի կրօնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք եւ կը քննադատենք Ժարամանա քաղաքին վրայ անարդարանալի զինեալ յարձակումը, որուն ընթացքին տարբեր տեսակի զէնքեր...

Խմբագրական.  Հարուածները Չշեղել Թիրախէն

Խմբագրական. Հարուածները Չշեղել Թիրախէն

Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ, տեղւոյն ազրպէյճանական դեսպանութեան կազմակերպած «գիտաժողով»-ը փոթորկեց հայկական աշխարհը: Պէտք է արձանագրել, որ ընտրուած թէ՛ նիւթով եւ թէ՛ վայրով Պաքուի համապատասխան իշխանութիւնները նպատակաուղղուած թիրախաւորումներ կատարած էին: Այս թիրախները կարելի է  ըսել խփուած էին Պաքուի կողմէ, մանաւանդ որ անոնք լրիւ կը տեղաւորուէին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող մշակութային ցեղասպանութեան ընդհանուր ծրագիրին մէջ: Արցախի մշակութային ցեղասպանութիւնը երեք հիմնական ուղղութիւն կ՛ընդգրկէ: Առաջինը...

Նախագահ Աուն. «Զէնքը Լիբանանեան Պետութեան  Մենաշնորհը Դարձնելը Որդեգրուած Որոշում Է,  Եւ Պատերազմի Հռետորաբանութեան Վերադառնալը Արտօնուած Չէ»

Նախագահ Աուն. «Զէնքը Լիբանանեան Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելը Որդեգրուած Որոշում Է, Եւ Պատերազմի Հռետորաբանութեան Վերադառնալը Արտօնուած Չէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Ֆրանսայի ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի հինգ բլուրներէն իսրայէլեան հեռացումը լիբանանեան բանակի մինչեւ սահման տեղակայման ամբողջացումը արագացնելու անհրաժեշտութիւն է»: «Լիբանանեան բանակը տեղակայուած է հիւսիսարեւելեան սահմաններուն վրայ եւ իր պարտաւորութիւնները ամբողջական կերպով կը կատարէ: Ան նաեւ ստանձնած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, մաքսանենգման արգիլումն ու ներքին ապահովութեան պահպանումը», նշեց նախագահ Աուն` շեշտելով....

Փեզեշքիան. «Իրանը Աշխուժօրէն Միջանցք  Կը Կառուցէ Նախիջեւանի Հետ Ազրպէյճանի Կապի Համար,  Որպէսզի Օգնէ Պաքուի Հետ Երեւանի  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Փեզեշքիան. «Իրանը Աշխուժօրէն Միջանցք Կը Կառուցէ Նախիջեւանի Հետ Ազրպէյճանի Կապի Համար, Որպէսզի Օգնէ Պաքուի Հետ Երեւանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ կապերու զարգացումը մեծ նշանակութիւն ունի: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին «ԱԶԹիՎի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան: «Մենք երկու կողմէն ալ հարազատներ ենք: Փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն կապերու ամրապնդման: Այդ պատճառով մենք պէտք է ճամբաներ բանանք փոխադարձ ուղեւորութիւնները դիւրացնելու համար: Մենք կրնանք իրարու օգնել եւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար ստեղծել հանգիստ...

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Հարցերը Լաւ Կ՛ընթանան, Եւ Մօտ Օրէն Համաձայնութիւն Պիտի Գոյանայ, Առանց Ռումբերու Օգտագործման Կարիք Ըլլալու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Իրանի հետ հարցերը լաւ կ՛ընթանան` նշելով, որ մօտ օրէն համաձայնութիւն պիտի գոյանայ: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Աքսիոս» իր կարգին հաղորդեց, որ Թրամփ ըսած է, թէ Իրանի հետ լաւ յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ գործարք պիտի կնքուի առանց ռումբերու օգտագործման կարիք ըլլալու: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Թրամփ յայտնած է, որ Ռուսիոյ...

Վատիկան. «Նոր Պապի Ընտրութեան Կարտինալներու  Փակ Ժողովը Պիտի Սկսի 7 Մայիսին»

Վատիկան. «Նոր Պապի Ընտրութեան Կարտինալներու Փակ Ժողովը Պիտի Սկսի 7 Մայիսին»

Վատիկան երէկ յայտարարեց, որ նոր պապի ընտրութեան կարտինալներու փակ ժողովը պիտի սկսի 7 մայիսին: Կարտինալները պէտք է ոչ աւելի քան 80 տարեկան ըլլան պապի ընտրութեան քուէարկելու համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 252 կարտինալներէն միայն 135-ը իրաւասու են քուէարկելու: Նոր պապը կ՛ընտրուի քուէարկելու իրաւասու կարտինալներու երկու երրորդին քուէներով: Նախքան այդ, «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը հաղորդեց, որ Վատիկանի Սիքսթին մատուռը այցելուներու դիմաց փակուած...

Բագրատունի. «Կը Շարունակենք Մեր Պայքարը,  Որ Յանուն Աշխարհի Վրայ Մարդուն Գոյութեան Է  Եւ Յանուն Արդարութեան Իրականացման»

Բագրատունի. «Կը Շարունակենք Մեր Պայքարը, Որ Յանուն Աշխարհի Վրայ Մարդուն Գոյութեան Է Եւ Յանուն Արդարութեան Իրականացման»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 23 ապրիլին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ընթացքին «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարա՞ր է, յայտնեց. «Ճանաչումը բաւարար չէ: Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչումը կը կատարենք 6 մայիսի նահատակներուն յուշարձանին առջեւ: Մենք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ կէսօրէ ետք Պէյրութի Հարաւային արուարձանի Հատաս շրջանին մէջ բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է առնուազն 300 մեթր հեռանան շրջանին մէջ գտնուող պահեստանոցէ մը: Ատրահիի զգուշացումէն ետք, իսրայէլեան օդուժը երեք անգամ նշեալ պահեստանոցին վրայ գործեց զգուշացման յարձակումներ, որոնցմէ ետք բուռն կերպով հարուածեց Ատրահիի նշած պահեստանոցը: Նիւթական մեծ վնասներ պատճառած յարձակումէն ետք, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց...

Միջազգային Ղեկավարներ, Ազնուականներ  Ու 400.000 Սգաւորներ Մասնակցեցան  Ֆրանչիսկոս Պապի Յուղարկաւորութեան

Միջազգային Ղեկավարներ, Ազնուականներ Ու 400.000 Սգաւորներ Մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապի Յուղարկաւորութեան

Տասնեակներով ղեկավարներ եւ ազնուականներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Բրիտանիոյ գահաժառանգ Ուիլիըմ իշխանը, Արամ Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսները, ինչպէս նաեւ Հռոմի փողոցներուն մէջ եւ ինքնին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած 400.000 սգաւորներ մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս պապի...

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին Մէջ  Թրամփ-Զելենսքի Հանդիպում

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին Մէջ Թրամփ-Զելենսքի Հանդիպում

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Վատիկանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է Ռուսիոյ հետ հաւանական զինադադարը, որ պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու: «Մենք շատ բան քննարկեցինք դէմ առ դէմ: Յոյսով ենք հասնիլ յուսալի եւ երկարատեւ խաղաղութեան, որ պիտի կանխարգիլէ այլ պատերազմի մը բռնկումը», «Էքս»-ի վրայ գրեց Զելենսքի: Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախապէս չծրագրուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Ֆրանսիս Պապի Յուղարկաւորութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակցեցաւ Ֆրանսիս Պապի Յուղարկաւորութեան

Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին մէջ, յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին։ Յուղարկաւորութեան մասնակցելու նպատակով Վատիկան ժամանած էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, երկիրներու նախագահներ, վարչապետեր, նախարարներ եւ բոլոր կրօններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Ի շարս հոգեւոր պետերու, Սուրբ Պատարագին եւ յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Անոր կողքին ներկայ էին նաեւ Վատիկանի մէջ...

Բագրատունի. «Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան  Ոգեկոչման Առիթով Կը Յիշենք Պապը»

Բագրատունի. «Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Առիթով Կը Յիշենք Պապը»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին կը յիշենք պապը... ան, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նահատակներուն նուիրուած պատարագի ընթացքին յանդգնեցաւ ամբողջ աշխարհի առջեւ Հայոց «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործել»:  

Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց  Իր Ուխտը` Շարունակելու  Պահանջատիրութեան Երթը

Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Իր Ուխտը` Շարունակելու Պահանջատիրութեան Երթը

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կոչին անսալով, 23 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, լիբանանահայութիւնը համախմբուեցաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ վերահաստատելու իր կամքը` հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին ու աննկուն շարունակելու պահանջատիրական երթը: Նախքան ձեռնարկը քաղաքական 3 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին տակ` ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն կողմէ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի...

Page 101 of 795 1 … 100 101 102 … 795

Արխիւներ