Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Բարդ Իրավիճակի Հանգուցալուծման Առաջին Քայլը Հրապարակային Մեղադրանքներու Ու Արտայայտութիւններու Կասեցումն Է» «Պէտք Է Յարգել Մեր Սրբավայրերը՝ Երկիւղած Մօտեցումով» ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

June 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսպէ՛ս ըսաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն այցելած եւ իր հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատած հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Նորին Սրբութիւնը փոխանցած է, որ ներկայ կացութիւնը, ներքին թէ արտաքին, ահաւոր վտանգներու դիմաց կրնայ դնել Հայաստանը եւ զայն առաջնորդել անդառնալի իրավիճակներու: Անհրաժեշտ է, որ մեր գերագոյն ճիգը թափենք՝ առաջքը առնելու նման վտանգալից պայմաններու յառաջացման: Եկեղեցին, իր կարգին, կոչուած է իրեն առնչուած հարցերը քննել եւ համապատասխան լուծումներ որոնել, ինչպէս պետութիւնը, իր կարգին, իրեն հետ աղերս ունեցող հարցերուն պէտք է մօտենայ համապատասխան կերպով՝ հեռու մնալով առաւել բարդութիւններ ու բեւեռացումներ ստեղծող քայլերէ: Հարկ է յարգել պետութեան օրէնքները, միաժամանակ՝ եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, եւ իր հարցերը ներքին ճամբով քննելու իրաւունքը: Անհրաժեշտ է մանաւանդ հեռու մնալ այնպիսի լեզուի ու ոճի գործածութենէ եւ մօտեցումներէ, որոնք չեն համապատասխաներ մեր հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն ու արժեչափերուն: Հետեւաբար, ՆԵՐԿԱՅ ԲԱՐԴ ԻՐԱՎԻՃԱԿԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Նաեւ ցաւով իմացանք պետական իաւապահ մարմիններու ոյժերուն Սուրբ Էջմիածին մուտքի եւ հոն ստեղծուած անընդունելի կացութեան մասին: Մենք կը դատապարտենք նման քայլեր: Անհրաժեշտ է յարգել մեր սրբավայրերը՝ երկիւղած մօտեցումով: Նաեւ կոչ կ՚ուղղենք պետական պատկան մարմիններուն, ձերբակալութիւններու արշաւը դադրեցնելու եւ հանդարտամտութեամբ մօտենալու հակաօրինական նկատուող կացութիւններու ու պարագաներու:

Ներկայ բարդ կացութենէն դուրս գալու եւ, որպէս առաջին քայլ, հրապարակային յայտարարութիւնները դադրեցնելու գծով Վեհափառ Հայրապետը իր խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ կուսակցութիւններու ու կազմակերպութիւններու, բնականաբար նաեւ Հայաստանի իշխանութեան հետ, որպէսզի կարելի դառնայ յառաջիկայի նոր բարդութիւններու առաջքը առնել եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ հարցերու լուծման ճամբաներ որոնել՝ փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ:

 

Նախորդը

Դիւանագիտական Սայթաքումներ Եւ «Բռնազբօսիկ Միամտութիւն»

Յաջորդը

‎Յայտարարութիւն ‎

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.