Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Կը Բողոքէ Եքաթերինպուրկի Մէջ Ազրպէյճանցիներու Զանգուածային Ձերբակալութիւններու Դէմ

Յունիս 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատար Փիոթր Վոլոքովիխ: Անոր պաշտօնական բողոք յանձնուած է Եքաթերինպուրկի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու առիթով:

Ուրբաթ օր Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը քաղաքի տարբեր հասցէներու մէջ կատարած էր յատուկ գործողութիւն, որուն ընթացքին երկու ազրպէյճանցի սպաննուած էր եւ քանի մը հատը ձերբակալուած:

Անոնք կը կասկածուին 2001 թուականին տեղի ունեցած սպանութեան հետ առնչութիւն ունենալու մէջ:

«Ռուսական կողմին վճռական բողոք արտայայտուած է 27 յունիս 2025-ին տեղի ունեցած ներխուժումներու առիթով, որոնց ընթացքին Ռուսիոյ անվտանգութեան ուժերու կողմէ այն բնակարաններուն մէջ, ուր կ՛ապրէին մեր հայրենակիցները, երկու մարդ դաժանօրէն սպաննուած է, մէկ քանին վիրաւորուած են, եւս 9-ն ձերբակալուած են», կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

ԱՓԱ, յղում կատարելով Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ հետ պետական եւ սեփական խողովակներով համաձայնեցուած ձեռնարկները չեղեալ կը նկատուին:

«Հաշուի առնելով Եքաթերինպուրկի մարզին մէջ Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններու կողմէ ազրպէյճանցիներու դիտաւորեալ սպանութիւնները, ինչպէս նաեւ բռնի գործողութիւնները` հիմնուած անոնց ազգային պատկանելիութեան վրայ, եւ այն փաստը, որ նման դէպքերը վերջերս դարձած են համակարգուած, Ազրպէյճանի մէջ նախատեսուած ռուսական մշակութային ձեռնարկները, ներառեալ համերգները, փառատօները, ներկայացումները, ցուցահանդէսները եւ այն, չեղեալ կը յայտարարուին», յայտարարած է նախարարութիւնը:

Պաքու չի յստակացներ, թէ այս արգելքը մինչեւ ե՛րբ պիտի գործէ:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Քննադատած Է Նեթանիահուի Դէմ Քրէական Հետապնդումը

Յաջորդը

Կրոսի. «Իրան Հիւլէական Ճարտարագիտութեան Մէջ Յառաջադէմ Պետութիւն Մըն Է, Եւ Կարելի Չէ Այդ Իրողութիւնը Զինուորական Գործողութիւններով Կամ Առանց Անոնց Ջնջել»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?